ԵՐԿՐՈՐԴ ՓՈՒԼԸ ՍԿՍԱՒ

Արցախի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ փուլը։ Անխուսափելի թեկնածուներն են Արայիկ Յարութիւնեան եւ Մասիս Մայիլեան, որոնք քուէարկութեան առաջին փուլին առաւելագոյն ձայն ստացած երկու թեկնածուները հանդիսացած էին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առաւօտ, տեղական ժամով 08.00-ին Արցախի մէջ սկսաւ քուէարկութիւնը։ Բացուեցան 282 ընտրական տեղամասերը, որոնց մէկը կը գտնուի Երեւանի մէջ՝ Արցախի մշտական ներկայացուցչութեան շէնքի երդիքին տակ։ Ընտրատեղամաս մըն ալ բացուած է Շուշիի քրէակատարողական հիմնարկին մէջ։ Ընտրութիւններուն համար ութ ընտրական յանձնաժողով կը գործէ՝ մին մայրաքաղաք Ստեփանակերտի, իսկ միւսները Արցախի եօթ շրջաններուն մէջ։

Նախագահական ընտրութեան առաջին փուլին 49.26 տոկոս քուէի արժանացած էր «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը երկար ժամանակ պաշտօնավարած էր՝ որպէս վարչապետ եւ պետական նախարար։ Իսկ Մասիս Մայիլեան, որ առաջին փուլին 26.4 տոկոս ձայն հաւաքած էր, Արցախի արտաքին գործոց նախարարն է։ Այս վերջինը ընկերային ցանցերու միջոցաւ կոչ ուղղած է Արցախի ժողովուրդին, որպէսզի չմասնակցին այսօրուան քուէարկութեան՝ հաշուի առնելով քորոնաժահրի տարածման վտանգը։ Շաբաթ մը առաջ Արցախի մէջ արձանագրուած էր քորոնաժահրի առաջին դէպքը եւ ներկայիս վարակեալներու թիւը հասած է վեցի։ Համավարակի հետեւանքով Արցախի մէջ արտակարգ իրավիճակ յայտարարուած է։ Նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլն ալ տեղի կ՚ունենայ այս իրավիճակին մէջ։ 14 օր առաջ տեղի ունեցած ընտրութեան առաջին փուլին ընտրուած էր նաեւ Արցախի նոր խորհրդարանը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2020