ՄԻՇՏ ԹԻՒՐԻՄԱՑՈՒԹԻՒՆ
Քորոնաժահրի համավարակի մթնոլորտին մէջ նոր ու հետաքրքրական կացութիւն մը յառաջացած է Թուրքիա-Հայաստան անհաղորդ յարաբերութիւններուն մէջ։ Վերջերս Թուրքիայէն՝ Վրաստանի վրայով Հայաստան վերադարձան շուրջ 100 անձեր, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ էին։ Անոնք Հայաստանի կառավարութեան կողմէ յատկացուած միջոցներով վերադարձան իրենց երկիրը։ Զուգահեռաբար՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներով շրջանառութեան մէջ մտան զանազան լուրեր, ըստ որոնց Հայաստան դեղօրայքի օժանդակութիւն խնդրած է Թուրքիայէն։ Մինչ Անգարայի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքեր յայտարարութիւններ ըրին այս մասին, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի միջեւ տեղի ունեցած վերջին հեռախօսազրոյցի ժամանակ ալ անդրադարձ կատարուեցաւ այս նիւթին։ Երէկ Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ պարզաբանումով մը հանդէս եկաւ այս կապակցութեամբ։ Այսպէս, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան պատասխանեց թրքական կողմէն հնչած յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց քորոնաժահրի դէմ պայքարի շրջանակներէն ներս Երեւան օգնութիւն խնդրած է Անգարայէն եւ վերջինս պատրաստ է տրամադրել այդ օգնութիւնը։ Բանբերը այդ բոլորը մեկնաբանեց ըստ հետեւեալի.
«Մենք արդէն իսկ նշած ենք, որ Հայաստանի կողմէ շարունակական ջանքեր կը գործադրուին այսօր դժուար կացութեան մէջ յայտնուած մեր քաղաքացիները հայրենիք վերադարձնելու ուղղութեամբ՝ յատկապէս այն երկիրներէն, ուր լայն տարածում ստացած է քորոնաժահրի համավարակը։ Այս համատեսքով պէտք է նշեմ, որ արդէն իսկ ուրբաթ օրը Հայաստան տեղափոխ-ւած են Թուրքիոյ մէջ գտնուող եւ վերադառնալու փափաք յայտնած մեր 73 քաղաքացիներ։ Այս հարցին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական օղակները համագործակցած են թրքական եւ վրացական համապատասխան մարմիններու հետ։ Թրքական կողմի հետ համագործակցութիւնը սահմանափակուած է միայն այս շրջանակով եւ Հայաստան չէ դիմած այս շրջանակէ դուրս որեւէ այլ աջակցութեան խնդրանքով։
«Հարկաւոր է նշել, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շարունակուող ցամաքային շրջափակման, դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններու ներքեւ՝ երկու երկիրներու համագործակցութեան հնարաւորութիւնները էականօրէն սահմանափակ են ու կը պահանջեն իրական բարի կամք եւ վստահութեան ստեղծում։ Ցաւօք սրտի, թրքական կողմէն քորոնաժահրի դէմ պայքարի համատեսքին մէջ հնչած որոշ յայտարարութիւնները չեն նպաստեր համագործակցութեան ապաքաղաքականացուած եւ մարդասիրական միջավայրի ձեւաւորման»։
Բաց աստի, Թուրքիա անհանգստացած է նաեւ վերջերս Չինաստանէն Հայաստան ուղարկուած օժանդակութեան արկղերուն վրայ Արարատի պատկերին տեղ գտած ըլլալուն բերումով։ Անգարա դիւանագիտական ճանապարհով իր անհանգստութիւնը յանձնած է Փեքինի նկատառման։ Աննա Նաղդալեան երէկուան իր յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձ կատարած է նաեւ այս հարցին։ Իր խօսքով՝ ափսոսանքի պատճառ է երրորդ երկրի մը կողմէ Հայաստանին տրամադրուած աջակցութեան, ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ ազգային խորհրդանշաններու դէմ անարգալից վերաբերմունքը եւ անտեղի քաղաքականացումը։
Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալընի մակարդակով զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն փոխանցուած էին տեղեկութիւններ, ըստ որոնց Հայաստան օժանդակութիւն ակնկալած է Թուրքիայէն։