ԳՈՎԵԼԻ ԻՐԵՐՕԳՆՈՒԹԻՒՆ

Պերլինի մէջ, Գերմանիա, բարձրակարգ ճաշարաններէն մին անվճար սնունդ կը մատակարարէ բժիշկներուն։ Այսպէս, Պերլինի մէջ բարձր վարկանիշ ունեցող ճաշարաններէն մէկը, որ փակ է յաճախորդներու համար, այս օրերուն կ՚աշխատի բժիշկներու համար՝ անվճար սնունդ մատակարարելով անոնց: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Deutsche Welle»ն: Ճաշարանին հիմնադիրը՝ Մաքս Շտորըն Գերմանիոյ ամենափնտռուած խոհարարներէն մէկն է:

Քորոնաժահրի համավարակի մեկուսացման արդէն առաջին իսկ օրերուն Մաքսը իր խումբով սկսած է պատրաստել ճաշատեսակներ՝ քաղաքի հիւանդանոցներու բուժանձնակազմերուն համար: Վերջիններս ճաշերու համար ոչինչ կը վճարեն:

«Անընդհատ սեւեռուիլ հեռախօսին եւ ամէն 15 վայրկեանը անգամ մը թարմացնել տեղեկատուութիւնը, այդ մէկը ինծի յարմար չէ։ Ես սովոր եմ աշխատելու եւ ընելու այն ինչ, որ ինծի համար ամենահաճելին է։ Մենք տեղեկացանք, որ հիւանդանոցներու աշխատակիցները նոյնիսկ ժամանակ չունին տաք սնունդի հարցով զբաղելու համար: Ես անմիջապէս մեր առաքիչներէն հետաքրքուեցայ, թէ կրնա՞ն որոշ քանակութեամբ սնունդ նուիրաբերել, որպէսզի մենք բժիշկներու համար ուտեստներ պատրաստենք: Ի պատասխան մենք բաւական բարձր որակի միս ստացանք», նշած է խոհարարը: Մաքս Շտորընի՝ սննդամթերքի նուիրատուութեան առաջարկին արաձագանգած են այլ ընկերութիւններ եւս:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2020