ՉԵՔԻՃԵԱՆ. «ԶԻՆՈՒԻԼ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ»

Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեան ներկայ մեկուսացման օրերուն իր առօրեային կապակցութեամբ զրուցած է «Հայաստանի Հանրապետութիւն» թերթի աշխատակից Լիանա Սարգսեանի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, նախկին պոլսահայ մըն է Յովհաննէս Չեքիճեան, որ մեկուսացման այս օրերուն խորհուրդ կու տայ՝ զինուիլ համբերութեամբ ու ժամանակը անիմաստ չվատնել։

Այս օրերուն, երբ ամբողջ աշխարհ քորոնաժահրի համավարակի պատճառով մեկուսացման մէջ է, մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեան կ՚աշխատի, կը բանայ արխիւները, հին, վաղուց մոռցուած էջերը կը թերթատէ։ «Ես Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբին մէջ կ՚աշխատիմ արդէն 59 տարիէ ի վեր։ Այդ տարուայ արխիւները բացի ու կը զբաղիմ անոնցմով։ Կարգի կը դնեմ զանոնք։ Ահռելի աշխատանք մըն է։ Արխիւներուն մէջ գտայ վաղուց մոռցուած էջեր։ Շատ բաներ ի յայտ եկան, մէկը տեղ մըն էր, իսկ միւսը՝ ուրիշ տեղ մը։ Կը հաւաքեմ։ Շատ ժամանակ կը կորսնցնեմ զանոնք տան մէջ փնտռելու ատեն։ Ամէն օր մօտաւորապէս երկու ժամ կու գամ ու զանոնք ի մի կը բերեմ։ Այս պահուն ալ աշխատանքի մէջ եմ, գործ կ՚ընեմ, ե՞րբ պիտի աւարտեմ, դեռ չեմ գիտեր», կը պատմէ Յովհաննէս Չեքիճեան։

Մաէսթրոյի մեկնաբանութեամբ՝ քորոնաժահրի համավարակը այնպիսի աղէտ մըն է, որմէ ոչ միայն մեր կեանքը, այլ աշխարհը վտանգուած է։ «Այսպիսի աղէտ չեմ տեսած։ Երբ, օրինակ, կը համեմատեմ Հայաստանի տեսած աղէտներու՝ երկրաշարժի, պատերազմի հետ, կը հասկնամ, որ այս պատերազմ է, ուրիշ պատերազմ՝ բնութեան ու մարդկութեան միջեւ։ Սակայն այս դէպքին մարդկութիւնը կը պաշտպանուի։ Մարդ կը ծնի, կը պայքարի բնութեան դէմ, քաջ գիտակցելով, որ բնութիւնը պիտի յաղթէ իրեն։ Սակայն ամէն օր չենք կրնար յիշել այս մասին։ Վտանգը շատ մեծ է, համբերութեամբ պիտի տանինք, ուրիշ ճար չունինք», կ՚ըսէ ան։

Համաքաղաքացիներուն մաէսթրոն կոչ կ՚ընէ՝ զինուիլ համբերատարութեամբ, պէտք չէ շատ համարձակ ըլլալ, այլ պէտք է համբերատար ըլլլալ։ «Դուրս մի՛ ելլէք, ես դուրս չեմ ելլեր։ Մեկուսացման վիճակը աւարտի, առաջին բանը, որ պիտի ընեմ, երգչախումբի հետ փորձն է, զիրար շատ կարօտցանք։ Մեր մօտ տարբեր մթնոլորտ կայ։ Բազմաթիւ հեռաձայններ կը ստանամ, հաճելի խօսքեր կը լսեմ, կ՚ըսեն՝ կարօտցանք աշխատանքը։ Ես ալ իմ երգչախումբը կարօտցայ», կ՚ըսէ Չեքիճեան։

«Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի այս տարուայ ծրագրերը բազմաթիւ էին։ Ապրիլի 13-ին ալ ձեռնարկ մը ունէինք։ Պաստառները շատ խնամքով դրուած էին։ Դժբախտաբար, շաբաթը ուրբաթէն առաջ եկաւ։ Հիմա տեսնենք՝ ինչպէս կը կազմակերպուինք։ Ծրագրերը շատ, շատ են», յաւելեց մաէսթրոն։ Չեքիճեան խորհուրդ կու տայ՝ ինչ որ չէք հասցուցած ընել՝ կարդալ, գրել, շարժապատկեր դիտել, նոր բան սորվիլ, ժամանակն է զբաղիլ անոնցմով։ «Այլապէս ժամանակը չ՚անցնիր, տխուր կ՚ըլլայ այդպէս։ Երբ ես, օրինակ, կը զբաղիմ արխիւներով, կը մոռնամ ժամանակի մասին։ Իսկ անգործ մնացողը ի՞նչ պիտի ընէ, դժուար է», կ՚ըսէ մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2020