ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Բարեկամ» բառը տառացիօրէն մեկնելով բարեկամութեան բարձրագոյն եւ իսկական նշանակութեան հասնիլ կարելի չէ։ Տառացիօրէն, «բարեկամ» կը նշանակէ մէկը, որ բարի կը կամենայ, կամ, բարիք կ՚ընէ։ Եւ այս իմաստով, տարակոյս չկայ, որ մէկը երբ չարիք կը կամենայ, «բարեկամ» չի կրնար համարուիլ։ Բայց դրական կողմէն, ոեւէ մէկը, որ բարիք կ՚ընէ, անպատճառ բարեկա՞մը կ՚ըլլայ անոր, որուն բարիք կ՚ընէ։ Ո՛չ։ Դիւրին է «բարիք»ը բարեկամութեան հետ շփոթել. բայց մէկը միւսին հետ կենսական աղերս չունի՛։
«Բարեկամութիւն»ը հաւատքի խնդիր է, ո՛չ թէ ապացոյցի։ Անպատճառ ապացուցանելո՞ւ է Աստուած, որ Աստուած «իրականութիւն» դառնայ։ Իրականութիւնը ապացոյցէն գերազա՛նց է։ Աստուծոյ իրականութիւնը, ապացուցանելի կամ ոչ, ապացոյցէ կախեալ չէ։ Նո՛յնպէս եւ բարեկամութիւնը։
Դարուս ոգի՞ն է արդեօք որ ամէն սրբութիւն հասարակ տեղիքցուցած է՝ աժանցուցած, եւ առեւտրականացուցած։ Եւ բարեկամութիւնն ալ սրբութիւններու կարգին է։ Բայց բարեկամութիւնը պարպած, ցամքեցուցած են մարդիկ իր հոգեւոր ամենաթանկ պարունակութենէն եւ տեղը լեցուցած են նիւթականը, անցաւորը, շահախնդրականը։ Բարեկամութեան անուան եւ պատեանին ներքեւ պարտկած են պարունակութիւն մը, որ ի՛նչ որ ալ է. «բարեկամութիւն» չէ՛…։
Բարեկամութիւնը, արդարեւ, գործին մէջ չէ, մարդո՛ւն մէջ է։ Մարդ «բարեկամ» է իր նկարագրովը, իր հոգիին անվերլուծելի շաղուածքովը, իր սիրոյն մշտահոս եւ անսպառ ակերովը. իր ներքին կապերովը, հաղորդակցութիւնովը։
Աղքատին ողորմողը, բարիք ընողը աղքատին բարեկամը չէ անհրաժեշտաբար։
Բժիշկ մը կրնայ ձրիաբար դարմանել հիւանդ մը առանց անոր բարեկամը ըլլալու։
Կան մարդիկ որոնց բարեկամութիւնը ընկերային կամ առեւտրական բնազդներու վրայ հիմնուած է։ Անոնք «բարեկամ» են մէկտեղ ուտել խմելու, զուարճանալու համար. այն պահուն որ զիրար մէկտեղ բերելու այդ պայմանները չեն գոհանար՝ «բարեկամութիւն»ն ալ առտուան ցօղին պէս կը շոգիանայ։
Կամ, անշուշտ կան շահախնդրութենէ ծնած կարծեցեալ բարեկամութիւններ, որոնք աւազի վրայ հիմնուած են, որովհետեւ շահը երբ դադրի, անմիջապէս, այդ պահուն իսկ «բարեկամութիւն»ն ալ կը փլչի, կը կորսուի։
Քաղաքականութեան մէջ բարեկամութիւնները ընդհանրապէս այսպէս են. ակնկալութեան մը, շահո՛ւ մը խնդիր։ Քանի մը կտոր արծաթի համար նկարագիրներ յաճախ խաչը կը հանուին։ Նիւթապաշտ եւ անձնասէր դարու մը յատուկ ամենէն դժխեմ ողբերգութիւններէն մէկն ալ այս է։
Շահ կամ բարիք բարեկամութեան մէջ տեղ չի կրնար ունենալ։ Բարեկամ կ՚ընդունուի այն անձը՝ որմէ ո՛չ թէ որեւէ շահ կ՚ակնկալուի, հապա՝ որուն նկարագրին կարելի է վստահիլ, որուն հոգին սիրելու միակ շահը կրնայ սեպել մարդ։ Վստահութիւն եւ սէր՝ բարեկամութեամբ շահուած անգին շահեր են։ Թէ բարեկամը ի՛նչ կրնայ ընել իրեն համար. ատիկա չի զբաղեցներ այն՝ որ ճշմարիտ եւ անկե՛ղծ բարեկամ է. սէրէ զատ ոչինչ կը հետաքրքրէ զինք։ Բարեկամը ի՛նչ կրնայ ընել իրեն համար, ատիկա ի՛ր գիտնալիքն է. անոր «ըրածը կամ չըրածը» բարեկամութեանը հիմը չի կազմեր. հիմը անոր «եղած»ն է՝ անոր ներքին էութիւնը, անոր սէրը, որ ա՜յնքան խոր եւ առատ է, ա՜յնքան բացայայտ որ ապացոյց չի պահանջեր։
Բարեկամութիւնը ո՛չ ակնկալութեան եւ ո՛չ ալ պահանջքի խնդիր է։ Մարդ իր կողմէ անսալու է իր սիրոյն թելադրանքին առանց հարց յարուցանելու իր մտքին մէջ, թէ բարեկամը ի՛նք ի՛նչու չի թելադրուիր այս կամ այն ընելու իրեն համար։
Բարեկամութիւնը՝ երկուստեք ճշմարիտ բարեկամութիւն է, երբ մին կամ միւսը, եթէ ընելիք մը ունի, կը մտահոգուի ի՛ր ընելիքովը եւ ո՛չ թէ դիմացինին ընելիքովը։ Բարեկամ մը թող ի՛ր բարեկամութիւնը ընէ. բայց չակնկալէ, կամ չթելադրէ դիմացինին, որ բարեկամութիւն ընէ որեւէ կերպով։
Ուրեմն կը հետեւի թէ՝ ճշմարիտ եւ անկեղծ բարեկամութիւնը կը մերժէ փոխադարձութիւնը։ Մէկէ մը բարիք սպասել բարեկամութեան բոլորովին ներհա՛կ է։ Մարդ կրնայ բարիք ընել մէկու մը, բայց բարեկամ չըլլալ, եւ կամ մէկը բարիք ընելուն համար «բարեկամ» չի սեպուիր, բայց բարեկամը կրնայ բարիք ընել։ Այս պատճառով ալ բարեկամութիւնը կը մերժէ փոխադարձութիւնը։
Եթէ բարեկամութիւնը շահաւոր է, շահը բարեկամի ա՛նձն է, բարեկամին ի՛նքը պէտք է ըլլայ եւ ոչ՝ ըրածը կամ տուածը։
Մարդ մարդու ըրածին կամ տուածին համար երախտիք կրնայ ունենալ, բայց «բարեկամ» չզգալ, բարեկամ չըլլալ։
Բայց «բարի Սամարացի»ն «բարեկամ» չանուանե՞ց Յիսուս։
Այո՛. փաստը «ըրա՞ծ»ն էր սակայն. ո՛չ, ըրածը «հետեւանք»ն էր իր նկարագրին, իր հոգւոյն շաղախին, որ «ըրած»էն խոր էր եւ նախընթա՛ց։
Սապէս ըսենք. եթէ «բարի Սամարացի»ն այդ օրը պատահմամբ Երիքովի ճամբուն վրայ գտնուած չըլլար, տարբե՞ր անձ մը, տարբե՞ր «նկարագիր» մը եղած պիտի ըլլար։ Անտարակոյս ո՛չ։ Մարդը ի՛նք բարի էր. իր նկարագրին էութեամբը «բարեկամ» էր. բարեկամութիւն գործելու առիթը կամ պատրուակը ունենար կամ ո՛չ. ան «բարեկամ» ըլլալուն համար բարիք գործեց եւ ո՛չ թէ բարիք գործելուն համար «բարեկամ» կոչուեցաւ։
Մարդ պէտք չէ՛ իր բարեկամները աժանցնէ եթէ իրապէս «բարեկամ» են անոնք։ Պէտք չէ զանոնք դատէ մարդ. չկշռէ, չբաղդատէ եւ չգնահատէ իրենց «ըրած»ովը կամ «չըրած»ովը. այլ՝ «եղա՛ծ»ովը։
Աշխարհ մը ամբողջ, աշխարհ մը գործ մէկ բարեկամ չի ստեղծեր, եթէ բարեկամը զուրկ է բարեկամաշէն հոգեւոր էական յատկութիւններէ։
Աստուծոյ նկատմամբ ալ ա՛յսպէս ըլլալու է մարդուս դիրքը։
Աստուծոյ բարեկամութիւնը Իր «ըրած»էն կամ «չըրած»էն կախում չունի. Աստուծոյ սէրը կաշառք չէ մարդուս։ Աստուած կրնայ մարդս հիւանդացնել եւ մեռցնել իսկ. ատիկա Անոր նկարագրին էութիւնը չի փոխեր, Ան միշտ «բարեկամ» է եւ միշտ «բարեկամ» կը մնայ։
Մարդիկ կը հաւատան, թէ Աստուած կը սիրէ զիրենք անկախաբար այն բոլոր երեւոյթներէն, որոնք ըստ իրենց մարդկային տրամաբանութեան, Անոր սիրոյն հերքումը թուին յաւէտ քան հաստատումը։
Բայց մարդուս հաւատքը կը շտկէ դատողութեանը սխալը. հաւատքը աւելի՛ վստահելի է քան մարդուս դատողութիւնը՝ աւելի՛ խորաթափանց, խորազնին, նուազ մարդկային, առաւել աստուածայի՛ն։ Հաւատքը, որովհետեւ վստահութիւն կ՚ենթադրէ, վստահութիւն կը ներշնչէ…։
Ուստի մարդկային բարեկամութիւնն ալ այս «աստուածային» հիման վրայ պէտք է դրուի, հաստատուի եւ մնայ անսասան, կրկնելով կրկնենք.- հաւա՛տքի վրայ՝ մարդու մը նկարագրի եւ հոգւոյն հարազատ էութեան։
Ասկէ դուրս, ասկէ տարբեր կշիռով եւ չափանիշով բարեկամութիւն, բարեկամութեան պատրանք եւ ստուեր է բայց ո՛չ իրականութիւն։
Երանի՜ անոնց որ այս իմաստով բարեկամներ են. թէեւ հազուագիւտ բայց կան տակաւին այդ տեսակ բարեկամներ եւ չմոռնանք, որ աւելի՛ թանկագին է այն՝ որ հազուագիւտ է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 6, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024