ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ
ՈՂՋՈՅՆ
Հարցում. Ողջոյնին հանդէսը ինչո՞վ կը սկսի:
Պատասխան. Սարկաւագին այս քարոզովը.
Եւ եւս հաւատով եւ սրբութեամբ կացցուք յաղօթս առաջի Սրբոյ Սեղանոյս Աստուծոյ ահիւ: Մի՛ խղճիւ եւ գայթակղութեամբ, մի՛ նենգութեամբ, խորամանկութեամբ, մի՛ պատրանօք եւ խաբէութեամբ, մի՛ երկմտութեամբ եւ մի՛ թերահաւատութեամբ: Այլ ուղիղ վարուք, պարզ մտօք, միամիտ սրտիւ, կատարեալ հաւատով, լցեալ սիրով, լի եւ առաւելեալ ամենայն գործովք բարութեան, կացցուք յաղօթս առաջի Սրբոյ Սեղանոյս Աստուծոյ, եւ գտցուք զողորմութեան զշնորհս յաւուր յայտնութեան եւ ի միւսանգամ գալստեան Տեառն մերոյ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի, կեցուսցէ եւ ողորմեսցի:
Դարձեալ հաւատքով ու սուրբ սիրով առ Աստուած աղօթքի կանգնինք Սուրբ Սեղանին առջեւ, երկիւղած միտքով, ո՛չ ծանր խղճմտանքով եւ չար օրինակ տալով կամ առնելով, ո՛չ կեղծաւորութեամբ եւ խորամանկութեամբ, ո՛չ ստութեամբ եւ ո՛չ մարդ խաբելու ջանքով, ո՛չ երկբայութեամբ. հապա, արդար վարքով, շիտակ միտքով, ուղիղ սիրտով, կատարեալ հաւատքով, եղբայրասիրութեամբ լեցուած, եւ ամէն տեսակ բարի գործերով ու առաքինութեամբ զարդարուած աղօթքի կանգնինք Աստուծոյ Սուրբ Սեղանին առջեւ, որպէսզի ողորմութեան եւ շնորհներու արժանի ըլլանք մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի յայտնութեան եւ միւսանգամ գալստեան օրը. Ան փրկէ՛ մեզ ու ողորմէ՛ մեզի:
Հ. Ի՞նչ աղօթք կ՚ընէ քահանան այս ընթացքին:
Պ. Սարկաւագին ձեռքէն ընդունած ընծաներուն վրայ, ծածուկ կերպով հետեւեալ աղօթքը կ՚ընէ.
Տէր Աստուած զօրութեանց եւ Արարիչ ամենայն լինելութեանց: Որ յանէութենէ զբնաւս ի ցուցակութիւն ածեալ գոյացուցեր: Որ եւ զմերս զհողեղէն բնութիւնս պատուեալ մարդասիրապէս, այսպիսի ահաւոր եւ անպատում խորհրդոյ կարգեցեր սպասաւորս:
Դու Տէր, որում պատարագեմք զպատարագիսս, ընկա՛լ առ ի մէնջ զառաջադրութիւնս զայս, եւ աւարտեա՛ զսա ի խորհրդականութիւն մարմնոյ եւ արեան Միածնի Քո, դեղ թողութեան մեղաց պարգեւեա՛ ճաշակողացս զհացս զայս եւ զբաժակս:
Տէր Աստուած զօրութեանց եւ բոլոր արարածներուն Ստեղծող, Դուն, որ ամէն բան ոչինչէն դուրս բերելով ստեղծեցիր, եւ մեր հողեղէն բնութեամբ Քու մարդասիրութեամբդ պատիւ ընելով՝ սպասաւոր եւ պաշտօնեայ դրիր այսպիսի ահաւոր ու անպատմելի խորհուրդներու. Քեզի կը մատուցենք այս Պատարագն ու այս ընծաները. ուստի, Դուն ընդունէ՛ մեր ձեռքէն այս առաջադրութիւնը, Քու Միածին Որդիիդ մարմինին եւ արեան խորհուրդը ասոր վրայ կատարէ, եւ այս հացն ու բաժակը ճաշակողներուս մեղքերուն թողութեան դեղ պարգեւէ:
Ապա խաղաղութիւն, կամ որ նոյնն է, ողջոյն կու տայ ժողովուրդին:
Հ. Ի՞նչ կերպով կը հրամայէ սարկաւագը, որ հաւատացեալները իրարու ողջոյն տան:
Պ. Այս խօսքով.
Ողջոյն տո՛ւք միմեանց ի համբոյր սրբութեան, եւ որք ոչ էք կարողք հաղորդիլ աստուածային խորհրդոյս, առ դրունս ելէ՛ք եւ աղօթեցէք:
Ողջոյն (բարեւ) տուէք իրարու Սուրբ համբոյրով, եւ ձեզմէ ով որ արժանի չէ մասնակից ըլլալու աստուածային այս Խորհուրդին՝ թող դո՛ւրս ելլէ ու այնտեղ կանգնի աղօթքի:
Ապա, նախ ինք Սեղանը ու քահանային ձեռքը կը համբուրէ ու կ՚երթայ դպրապետին, կամ եթէ վարդապետ մը կամ եպիսկոպոս մը կայ՝ անոր կու տայ ողջոյնը, իսկ անոնք՝ ժողովուրդին, ու իրարու կը հաղորդեն զայն, համբոյրի ձեւով ծռելով իրարու ուսերուն, եւ ըսելով. «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ», իսկ ողջոյնը ընդունողները կը պատասխանեն, թէ՝ «օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի»:
Հ. Դպիրները այս ընթացքին ի՞նչ կ՚երգեն:
Պ. Այս ոտանաւոր երգը.
Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ. որ Էնն Աստուած աստ բազմեցաւ. խաղաղութեան ձայն հնչեցաւ, Սուրբ ողջունի հրաման տուաւ. Եկեղեցիս մի անձն եղեւ, համբոյրս յօդ լրման տուաւ. թշնամութիւնն հեռացաւ, սէրն յընդհանուրս սփռեցաւ: Արդ, պաշտօնեայք բարձեալ զձայն՝ տո՛ւք զօրհնութիւն ի մի բերան. միասնական Աստուածութեանն, որում սրովբէքն են սրբաբան:
Քրիստոս մեր մէջ յայտնուեցաւ. Աստուած, որ Էն՝ այստեղ բազմեցաւ. խաղաղութեան աւետիս մը լսուեցաւ, այս Սուրբ ողջոյնին հրաման տրուեցաւ. Եկեղեցն մէ՛կ հոգի եղաւ, այս համբոյրը ընդհանուրի համար կապ մը տրուեցաւ. թշնամութիւնը հեռացաւ, սէրը ամէն տեղ տարածուեցաւ: Արդ, ո՜վ պաշտօնեաներ, բոլորդ միաբերան՝ օրհնութիւն տուէք միասնական Աստուածութեան, Որուն սերովբէները՝ Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ երգով կը փառաբանեն:
ՍՐԲԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ
Հ. Ի՞նչ արարողութիւն կը սկսի ողջոյնէն ետք:
Պ. Սրբագործութեան արարողութիւնը:
Հ. Ի՞նչ կերպով կը սկսի սրբագործութեան արարողութիւնը:
Պ. Նախ սարկաւագը ժողովուրդին կը քարոզէ, որ ահով ու դողութեամբ կանգնին, ուշադրութեամբ նային Սուրբ Պատարագի կատարումին.
Ահիւ կացցուց, երկիւղիւ կացցուք, բարւոք կացցուք, եւ նայեցարուք զգուշութեամբ:
Ահով կանգնինք, վախով [երկիւղածութեամբ] կանգնինք, աղէկ կանգնինք, եւ զգուշութեամբ նայինք:
Ժողովուրդը կը պատասխանէ, թէ՝ «մեր ուշադրութիւնը Քեզի ուղղուած է, Տէր Աստուած.- Առ Քեզ Աստուած»:
Սարկաւագը դարձեալ կ՚ըսէ. «Պատարագ Քրիստոս մատչի Գառն Աստուծոյ», այսինքն՝ գիտցէք, որ Քրիստոս՝ Աստուծոյ Գառնուկը կը պատարագուի հիմա՝ Սեղանին վրայ. ժողովուրդն ալ ցնծութեամբ իր հաւատքն ու յոյսը կը յայտնէ, ըսելով. «Ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն եւ պատարագ օրհնութեան», այսինքն՝ կը հաւատանք, որ այս օրհնեալ Պատարագին զօրութեամբը՝ Աստուծոյ ողորմութիւնն ու խաղաղութիւնը կ՚ընդունինք:
Հ. Ի՞նչ օրհնութեամբ քահանան ժողովուրդին խօսքերուն կը պատասխանէ:
Պ. «Շնորհք, սէր, եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, եղիցի ընդ ձեզ ընդ ամենեսեանդ», այսինքն՝ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին ձեզ բոլորդ զարդարեն ամենայն շնորհօք ու սիրով, եւ քաւելով ձեր մեղքերը՝ սրբացնեն ձեզ:
Հ. Ի՞նչ կը նշանակէ սարկաւագին քարոզելը, թէ «զդրունս, զդրունս, ամենայն իմաստութեամբ եւ զգուշութեամբ»:
Պ. Որովհետեւ Պատարագին այս հատուածը բո՛ւն Խորհուրդին կատարումի մասն է, եւ միայն բարեպաշտ հաւատացեալները ներկայ պիտի գտնուին անոր,- սարկաւագը կը թելադրէ, որ եկեղեցւոյ դռները զգուշութեամբ փակ պահուին, որպէսզի անարժանները եւ արդէն իսկ դուրս եղողները՝ ներս չմտնեն:
Իսկ ներսը եղողներու ալ կը քարոզէ, որ իրենց միտքը սուրբ երկիւղով առ Աստուած բարձրացնեն. «Ի վեր ընծայեցուցէք զմիտս ձեր՝ աստուածային երկիւղիւ»:
Հ. Ի՞նչ պատասխան կու տայ ժողովուրդը:
Պ. «Ունիմք առ Քեզ, Տէր ամենակալ», այսինքն՝ մեր միտքն ու խելքը արդէն դէպի Քեզի բարձրացած է, Տէր ամենակալ:
Հ. Ինչպէ՞ս կը վերջացնէ սարկաւագը իր քարոզը:
Պ. Հետեւեալ խօսքով. «Եւ գոհացարուք զՏեառնէ բոլորով սրտիւ», այսինքն՝ ամբողջ սիրտով փառք տուէք Աստուծոյ, ժողովուրդն ալ կ՚ըսէ. «Արժան եւ իրաւ», այսինքն՝ իրապէս արժան է, որ ամբողջ սիրտով փառք եւ գոհութիւն տանք Աստուծոյ, մեզի ըրած այսքան եւ այսպիսի ողորմութեան համար:
Հ. Ի՞նչ ծածուկ աղօթք կը կատարէ քահանան այս ընթացքին:
Պ. Հետեւեալ աղօթքը.
Արժան է ստուգապէս եւ իրաւ՝ ամենայորդոր փութով միշտ երկիրպագանելով փառաւորել զՔեզ, Հայր ամենակալ, որ Քոյին անզննելի եւ արարչակից Բանիւդ զանիծիցն բարձեր զկրճիմն: Որ ժողովուրդ ինքեան առեալ զեկեղեցի՝ սեպհականեաց զհաւատացեալս ի Քեզ: Եւ զննելի բնութեամբ ըստ ի կուսէն տնտեսութեան հաճեցաւ բնակիլ ի մեզ: Եւ նորագործ աստուածապէս ճարտարապետեալ՝ զերկիրս երկին արար: Վասն զի որում ոչն հանդուրժէին առաջի կալ զուարթնոցն ջոկք՝ զարհուրեալք ի փայլակնացայտ եւ յանմատոյց լուսոյ Աստուածութեանդ, եղեալ այդպիսիդ մարդ՝ յաղագս մերոյ փրկութեան, շնորհեաց մեզ ընդ երկնայինսն պարել զհոգեղէն պարս: -Եւ ընդ սերովբէսն եւ ընդ քերովբէսն, միաձայն սրբասացութեամբ յօրինել նուագս, եւ համարձակապէս գոչելով ընդ նոսին աղաղակել եւ ասել [Ներկայիս, «Եւ ընդ սերովբէսն... բաժինէն սկսեալ, պատարագիչ քահանայն բարձրաձայն՝ ի լուր ժողովուրդին կ՚արտասանէ» (Ծնթ. Վեր.)]:
Ստոյգ եւ իրապէս արժան է ամենայորդոր ջանքով ու ջերմեռանդութեամբ միշտ երկիրպագանելով փառք տալ Քեզի, ո՜վ Հայր ամենակալ, որ Քու անտեսանելի եւ արարչակից Բանով անէծքին արգելքը մեր վրայէն վերցուցիր, իսկ Ան Սուրբ Եկեղեցին Իրեն սեփական ժողովուրդ ընելով՝ Քու հաւատացեալներդ որոշեց, եւ աչքի տակ ինկող (մարդկային) բնութեամբ, որ տնօրինաբար առաւ Սուրբ Կոյսէն՝ հաճեցաւ մեր մէջ բնակիլ, եւ աստուածային ճարտարապետութեամբ ու հրաշագործ զօրութեամբ երկիրը երկինք ըրաւ: Որովհետեւ, Ան՝ որուն առջեւը հրեշտակներուն գունդերը չէին կրնար դիմանալ՝ զարհուրելով Աստուածութեանդ փայլակնացայտ եւ անմատչելի լոյսէն, մարդ եղաւ՝ մեզ փրկելու համար, եւ այս շնորհքը ըրաւ մեզի, որ երկնային զուարթուներուն հետ մէկտեղ հոգեւորական պար բռնենք: -Եւ սերովբէներուն ու քերովբէներուն հետ միաբան ու մէկ ձայնով Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ երգելով եղանակել, եւ անոնց հետ միասին համարձակ ըսել.
Հ. Դպիրները այս ընթացքին ի՞նչ կ՚երգեն:
Պ. Քահանային յիշատակած հրեշտակային երգը, ըստ Եսայի մարգարէի տեսիլքին.
Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ Տէր զօրութեանց, լի են երկինք եւ երկիր փառօք Քո. օրհնութիւն ի բարձունս, օրհնեալ որ եկիր եւ գալոցդ ես անուամբ Տեառն. ովսաննա ի բարձունս:
Այս սքանչելի երգին երկրորդ մասը Եկեղեցին աւելցուցած է՝ եբրայեցի ծերերուն եւ տղաներուն փառաբանութենէն առնելով:
Հ. Ի՞նչ կը նշանակէ Ովսաննա:
Պ. Եբրայերէն բառ է, որ կը նշանակէ՝ փրկէ՛ մեզ, կամ կեցո՛ մեզ. մեր մէջ յաճախ թարգմանուած է՝ կեցո՛ Տէր խօսքով. սակայն, հրեաներուն սովորութիւնն էր, որ այս խօսքը փառաբանութեան տեղ ալ կը գործածէին, ինչպէս որ կ՚ըսենք՝ փառք Աստուծոյ կամ փառք ի բարձունս:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 10
Վաղարշապատ