ՀԱՅ ՊԱՏՄԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐԸ. ՎԱՐԴԳԷՍ ՍՈՒՐԷՆԵԱՆՑ

Իրապէս հպարտանալու իրաւունք ունինք հայերս... Չնայած յաճախ ինքնաքննադատօրէն կ՚ըսենք, թէ շատ կը պարծենանք, կամ իւրաքանչիւր տաղանդաւոր անձի ետին հայու արիւն կամ հայութեան հետ կապ մը կը փնտռենք, սակայն իրողութիւնն այն է, որ՝ այո՛, հազարաւոր տաղանդաւոր անհատներ զտարիւն կամ կիսով չափ հայ եղած են (եւ տակաւին որքան անյայտ մնացած են): Իսկ արդեօք հպարտանալու առիթ չէ՞ որ քանակապէս այսքան նուազ ազգէ մը, տարբեր երկիրներու մէջ, բազո՜ւմ հանճարներ ու տաղանդաւոր անձեր ծնած են եւ դեռ կը ծնին. ո՛չ միայն մէկ ասպարէզի մէջ, մէկ ուղղութեամբ, այլ տարաբնոյթ բնագաւառներու, ասպարէզներու մէջ, յաճախ՝ բազմատաղանդ:

Եթէ փորձենք թուել անոնց անունները, նախ բազմաթիւ էջեր պիտի լեցուին, նաեւ շեղած պիտի ըլլանք մեր այսօրուան բուն նիւթէն:

Այսօր պիտի խօսինք հայազգի բազմատաղանդ հանճարներէն մէկուն՝ հռչակաւոր նկարիչի մը մասին, որ հայ պատմանկարչութեան հիմնադիր-հայրն է, որ խորապէս գիտակցելով իր ազգին, իր ժողովուրդին ցաւը, եւ որ պատմական անցքերն ու իրողութիւնները կտաւներու վերածելով՝ պատմութիւնը սերունդներուն փոխանցելու միտքը յղացաւ:

Գեղանկարիչ մը, որու վրձնած՝ գոյներու եւ ձեւի կատարեալ նրբութեամբ հրամցուած կտաւները պարզապէս կը գերեն գեղեցիկը գնահատող դիտողները: Եզակի արուեստագէտներէն մին, որ հայ կերպարուեստի դարաւոր մշակոյթը համաշխարհային արուեստի մակարդակին հասցուց, նաեւ զգալիօրէն նպաստեց գծանկարչութեան եւ գրքարուեստի զարգացումին:

Վարդգէս Սուրէնեանց - նկարիչ ու ՀԱՅ մը, որ իր կտաւներուն մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուց հայոց պատմութեան կարեւոր անցքերը (իր ժամանակակից նշանաւոր նկարիչներէն ո՛չ ոք «պատմական նկարներ» ստեղծած է), բուն կերպարներուն հետ վարպետօրէն միահիւսելով նաեւ հայ մանրանկաչութեան գեղեցիկ զարդեր, ճարտարապետութեան ժանեկազարդ քանդակներ եւ որմնանկարներ, ազգային տարազներ՝ մէկ կտաւի վրայ միաժամանակ ներկայացնելով հայկական արուեստի քանի մը ճիւղերու բարձրակարգ եւ նրբակերտ տարրերը:

Ինքնայատուկ նկարիչ Վարդգէս Սուրէնեանց ծնած է 27 փետրուար (հին տոմարով՝ 10 մարտ), 1860-ին՝ Յակոբ Քահանայ Սուրէնեանցի յարկին տակ, Վրաստանի Սամցխէ-Ջաւախք նահանգի Ախալցխա շրջանին մէջ:

Տակաւին պզտիկ տարիքէն ան նկարել սկսաւ: Օր մը պզտիկը, իր քահանայ հօրը եւ ընտանիքին բարեկամի մը հետ Պախչէսարայ այցելեց: Ճանապարհին ան՝ հրապուրուելով խանական պալատի եւ շատրուանի գեղեցկութեամբ, քանի մը մատիտէ գծանկարներ ըրաւ, որոնք չվրիպեցան ընտանիքի բարեկամին աչքէն: Վերջինս՝ անմիջապէս նկատելով ապագայ մեծ տաղանդին սաղմերը փոքրիկին մէջ, գովեց զայն ու ներկեր նուիրեց անոր: Այս դէպքը Վարդգէսին դէպի նկարչութեան աշխարհ առաջնորդելու առիթը հանդիսացաւ:

Իսկ ընտանեկան այդ բարեկամը ոչ այլ ոք էր, քան հանրաճանաչ, տաղանդաւոր ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքին: Յետագային Սուրէնեանցը Պախչէսարայ պատկերող իր ստեղծագործութիւնները նուիրեց Այվազովսքիին:

1868 թուականին ընտանիքը տեղափոխուեցաւ Սիմֆերոփոլ, ապա Մոսկուա: Հայրը կարգուած էր իբրեւ տեղական թեմի աւագ քահանայ եւ կրօնի պատմութեան ուսուցիչ՝ Լազարեան ճեմարանին մէջ, ուր եւ Վարդգէսը նախնական կրթութիւնը ստացաւ: Այնուհետեւ ուսումը շարունակեց Մոսկուայի մեծ հեղինակութիւն վայելող՝ Գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ Ճարտարապետութեան ուսումնարանի ճարտարապետութեան բաժինէն ներս, ապա՝ Միւնիխի Գեղարուեստի կայսերական ակադեմիայի ճարտարապետութեան եւ վերջապէս՝ գեղանկարչութեան բաժիններու մէջ:

Սուրէնեանցը, գիտարշաւի մը մաս կազմելով, այցելեց Պարսկաստան՝ Թաւրիզ, Թեհրան, Մազանդարեան, Շիրազ եւ Սպահան քաղաքներ ու այդ տպաւորութիւններու ներքոյ արեւելեան թեմաներով կտաւներ ստեղծեց՝ «Հարեմին մէջ», «Ֆիրտուսին իր «Շահ-Նամէ» պոէմը կը կարդայ շահ Մահմուտ Ղազնեւիին», «Սալոմէ» եւ այլն: Ան ճամբորդեց նաեւ Իտալիա (Ս. Ղազար կղզիին վրայ, Մխիթարեաններու մատենադարանին մէջ ուսումնասիրեց հայ գրչարուեստը եւ մանրանկարչութիւնը), Ֆրանսա եւ Սպանիա, որոնց տպաւորութիւններու ներքոյ ստեղծեց գեղարուեստական հոյակապ գործեր: Այցելեց նաեւ Անի (այդ շրջանին ստեղծած անոր կտաւներու վայրն անյայտ է), Սեւան եւ Հայաստանի այլ վայրեր, ծանօթացաւ պատմական յուշարձաններուն, Էջմիածնի մատենադարանին մէջ՝ հայկական նկարազարդ ձեռագիրներուն:

Սուրէնեանց գեղանկարչութիւն եւ արուեստի պատմութիւն դասաւանդեց Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ, ուր Մայր Տաճարի որմնանկարներն ու մանրանկարները ընդօրինակեց: 

Ակադեմական բարձր կրթութիւն ստացած, հայկական եւ համաշխարհային մշակոյթներուն խորութեամբ տիրապետող նկարիչը՝ ժամանակի նշանաւոր մտաւորականներէն էր, որ բնաւ չկորսնցուց իր ստեղծագործութեան ազգային նկարագիրը եւ իր իւրայատկութեամբ ու տաղանդով հարստացուց հայ կերպարուեստը: Ան ստեղծեց իր ժամանակի հայ ազգային գեղարուեստական-գաղափարական մտածելակերպը արտացոլող կտաւներ, 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը տեղի ունեցած հայկական կոտորածները պատկերող գործերու շարք, դիմանկարներ եւ բնանկարներ: Նաեւ ստեղծեց հայկական առաջին պատմական բնանկարը՝ «Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին»:

Սուրէնեանց մուտք գործեց կերպարուեստի գրեթէ բոլոր ոլորտները։ Ան նաեւ գիրքեր նկարազարդող, քանդակագործ, ճարտարապետ, արուեստներու հմուտ տեսաբան, լաւագոյն գծապատկերներ ընողն ու բեմանկարիչն էր՝ արեւելահայ կերպարուեստի մէջ, ըլլալով նաեւ՝ լեզուաբան, յօդուածագիր, թարգմանիչ, հասարակական գործիչ։ Հայկական թերթերու եւ ամսագրերու մէջ հրապարակած յօդուածաշարքերով Սուրէնեանց հանդէս եկաւ նաեւ իբրեւ պատմաբան եւ ազգագրագէտ: 1883 թուականին, Թիֆլիզի «Մեղու Հայաստանի» թերթին մէջ հրապարակեց առաջին տեսական յօդուածը՝ «Քանի մը խօսք հայկական ճարտարապետութեան մասին»: Ան նկարազարդեց բազմաթիւ գիրքեր՝ հայկական ժողովրդական հեքիաթներ, ռուս եւ արեւմտաեւրոպական կարգ մը գրողներու ստեղծագործութիւնները։ Սեն Փեթերսպուրկի Մարինեան եւ Մոսկուայի գեղարուեստական թատրոններուն մէջ ձեւաւորեց բազմաթիւ թատրերգութիւններու բեմադրութիւններ:

1892-1917 թուականներուն, նկարիչը մասնակից եղաւ Մոսկուայի, Սեն Փեթերսպուրկի, Թիֆլիզի (ուր Անդրկովկասի Արդիւնաբերական ցուցահանդէսին ոսկեայ մետայլի արժանացաւ) եւ Պաքուի հասարակական ու մշակութային կեանքին, նաեւ տարբեր վայրերու մէջ՝ նկարիչներու մոսկովեան, Լէոնարտօ տա Վինչիի, Փերետվիժնիքներու ընկերութեան 22-րդ, «Քուինճի» ընկերութիւններու ցուցահանդէսներուն՝ երբեմն նոյն տարուան մէջ քանի մը ցուցահանդէսներու մասնակցելով: (Բազմաթիւ են անոր գործերու յետմահու կազմակերպուած ցուցահանդէսները): Սուրէնեանցի «Սալոմէ» կտաւը ցուցադրուեցաւ Միւնիխի Գեղարուեստի ակադեմիայի 100-ամեակին նուիրուած եւ Վենետիկի Գեղարուեստի համաշխարհային երկամեայ ցուցահանդէսներուն:

Ան մտերիմ էր Նիկողայոս Ադոնցի, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի, Ա. Ծատուրեանի, Պետրոս Ադամեանի (որուն քանի մը անգամ մատիտանկարեց), ինչպէս նաեւ ռուս նշանաւոր նկարիչներ Իլիա Ռեպինի, Ա. Կոլովի, քանդակագործ Ա. Մետվեւի եւ ուրիշներու հետ:

Սուրէնեանցը ծանօթ էր նաեւ Անթոն Փաւլովիչ Չեխովին. վերջինս անգամ մը դիմեց նկարիչին. «Յարգելի՛ Վարդգէս Ակոփովիչ, համոզուած եմ, որ միայն Դուք պէտք է պատկերազարդէք (իմ) «Ճայը» ներկայացումը: Ինծի համար շատ կարեւոր է»: Ճակատագրական առաջարկ մը, երբ Սուրէնեանցի ձեւաւորումը փրկեց առաջին անգամ ձախողած բեմադրութիւնը եւ երկու հանճարներու համատեղ աշխատանքը իրապէս մեծ յաջողութիւն բերաւ ներկայացումին: Չեխով բարձր գնահատեց հայ նկարիչին գործը, իսկ Սուրէնեանց քանի մը կտաւ նուիրեց ռուս հռչակաւոր գրողին:

1905-1915 թուականներուն՝ Սուրէնեանց կ՚ապրէր Սեն Փեթերսպուրկ, բայց ցնցուած հայոց Մեծ եղեռնի լուրերէն՝ գնաց նախ Թիֆլիզ, ապա Էջմիածին, ուր ստեղծեց հայ գաղթականներու բազմաթիւ դիմանկարներ եւ մասնակցեցաւ բարեգործական նպատակներով կազմակերպուած նուիրաբերութիւններուն:

1915-ին, Սուրէնեանցի, Ա. Քալանթարեանի, Ն. Ադոնցի, Տ. Տէր-Վարդանեանի նախաձեռնութեամբ Փեթերսպուրկի մէջ հիմնուեցաւ Գեղեցիկ արուեստներու հայկական ընկերութիւնը, իսկ 1916-ին, Թիֆլիզի մէջ՝ իր, Ե. Թադէոսեանի, Մարտիրոս Սարեանի եւ Փանոս Թէրլէմէզեանի հետ՝ Հայ արուեստագէտներու միութիւնը: 1916 թուականին՝ Մոսկուայի մէջ լոյս տեսաւ «Հայաստանի պոէզիան» (ռուսերէն) ժողովածոն՝ Վ. Պրիւսովի խմբագրութեամբ, Սուրէնեանցի եւ Մարտիրոս Սարեանի նկարազարդումներով:

Յետագային նկարիչը գնաց Խրիմի Ինքնավար Հանրապետութեան Եալթա քաղաքը՝ հայկական եկեղեցին որմնանկարներով նկարազարդելու նպատակով: Մասամբ նկարազարդեց եկեղեցւոյ պատերը, խորանը, գմբէթը, բայց ծանր հիւանդութեան պատճառով կէս մնաց գործը եւ ան դէպի յաւերժութիւն մեկնեցաւ 6 ապրիլ 1921 թուականին, 61 տարեկան հասակին մէջ: Անոր գերեզմանը կը գտնուի Եալթայի հայկական եկեղեցւոյ բակը: 2009 թուականին Սուրէնեանցի Ախալցխայի տան պատին տեղադրուեցաւ անոր խորաքանդակը (քանդակագործ՝ Լեւոն Գրիգորեան):

Տասը լեզուներու տիրապետող, լայնախոհ մտքի տէր, իմացութեան գիտական խորութիւն ունեցող, բնածին բազմատաղանդ եւ բազմակողմանի զարգացած Սուրէնեանց ուսումնասիրեց տարբեր ազգերու գրականութիւնն ու արուեստը. ան պարսկերէնով կ՚արտասանէր Հաֆէզ եւ Օմար Խայեամ, թարգմանութիւններ կ՚ընէր անգլերէն գեղարուեստական գրակութեան հանճարներ Ուիլիըմ Շէյքսփիրէն (շատ գործերու շարքին նաեւ «Ռիչըրտ Երկրորդ», զոր ղրկեց դերասան Պետրոս Ադամեանին), Կէօթէի, Հայնէի բանաստեղծութիւններէն, Օսքար Ուայլտի եւ այլ հեղինակներու գործերէն, հանդէս կու գար իտալերէն զեկոյցներով, գերմաներէնով գիրքերու յառաջաբաններ կը գրէր, ծաղրանկարներով հանդէս կու գար «Թռչող Թերթիկներ» երգիծական թերթին մէջ:

Օտար երկրի մէջ հաստատուած ըլլալը, տարբեր ժողովուրդներու, անոնց պատմութիւններու եւ մշակոյթներու հետ շփուիլը իր անդրադարձը ունեցաւ նկարիչի ստեղծագործութիւններու վրայ, սակայն ան՝ իր ամբողջ էութեամբ հարազատ ու կապուած մնաց հայ մշակոյթին, իր հայրենիքին, իր ազգի պատմութեան՝ «Արուեստը ազգութիւն չի գիտեր, բայց իւրաքանչիւր ազգ իր արուեստը ունի» սկզբունքով, եւ խորապէս մտահոգուած ըլլալով անոր հոգերով: «Աշխարհի ամէն կողմը ցրուած են զօրեղ նկարիչներ, որոնցմէ ամէն մէկը իր գտնուած երկրին մէջ անուն հանած եւ հռչակուած է հայրենիքէն դուրս. զոր օրինակ՝ Շահին, որ Փարիզ կը գտնուի, Մախոխեան՝ Պերլին եւ շատ ուրիշներ: Եւ ամէն անգամ, երբ իրարու կը պատահէինք, միշտ լուրջ կերպով կը ցաւակցէինք որ այդ կերպ անջատուած ենք իրարմէ եւ չենք կազմեր ամփոփ ընկերութիւն մը: Այդ գանգատը ես անձամբ հանգուցեալ Յովհաննէս աղա Այվազովսքիէն եւս լսած եմ», գրած է նկարիչը:

Սուրէնեանցի հօրը քահանայ ըլլալը, անշուշտ, իր մեծ ազդեցութիւնը ունեցած է նկարիչի կողմէն կրօնական թեմաներով բազմաթիւ կտաւներ ստեղծելու ուղղութեամբ. «Անիի աղջկանց վանքի աւերակները», «Տիրամայրը Մանկան հետ» (2 տարբերակներ), «Թափօրի ելքը Էջմիածնի Մայր Տաճարէն», «Անի. Կանանց ելքը եկեղեցիէն», «Հռիփսիմէի վանքը», «Երկրպագութիւն» եւ այլն: Ան նոր մօտեցումներով ստեղծեց Տիրամօր եւ Յիսուս Քրիստոսի իրապաշտական կերպարները: Սրբապատկերներ, որոնք նոր խօսք էին հայ հոգեւոր միջավայրի համար: Անոր «Աստուածամայրը գահին վրայ» նկարը կը գտնուի Էջմիածինի Մայր Տաճարին մէջ:

«Խրիմեան Հայրիկ Կաթողիկոսի դիմանկարը»: Յայտնի է, որ Մկրտիչ Խրիմեան Կաթողիկոս ջանասիրաբար կը պաշտպանէր հայ ժողովուրդի իրաւունքներն ու շահերը, նիւթապէս կ՚օգնէր 1895 թուականին փախստական դարձած հայերուն։ 1909 թուականին ան քաջաբար կը պայքարէր կայսր Նիքոլայ Բ.-ի՝ հայկական եկեղեցիի եւ դպրոցական միջոցներու բռնագրաւման հրամանագիրին դէմ: Սուրէնեանց պատկերած է այն պահը, երբ Խրիմեան Հայրիկ գորգին կը նետէ նամակը՝ իբրեւ կայսեր հրամանագիրին չհնազանդելու ապացոյց մը:

Հայ գեղանկարչութեան մէջ Վարդգէս Սուրէնեանց՝ Մեծ եղեռնը պատկերող առաջին արուեստագէտը եղաւ: Ան բազում կտաւներ ստեղծեց այդ նիւթով, ատոնց մէջ ներկայացնելով հայ ժողովուրդի հերոսական անցեալը, տխուր ներկան, անոր ընդվզումը, տառապանքն ու հաւատը՝ պայծառ ապագայի նկատմամբ։ Հայ ժողովուրդի ողբերգական դրուագներէն մէկը կը ներկայացնէ «Ոտնահարուած սրբութիւն» (1895) կտաւը։ «Ջարդէն յետոյ» (1897)՝ 1894-1896 թուականներու հայերու կոտորածէն դրուագ մը, խորապէս յուզող, հոգեբանական լարուածութիւն եւ սարսուռ յառաջացնող կտաւ մը: Այս երկու կտաւները, կարծէք, աշխարհին ուղղուած նկարիչին ճիչն ու բողոքն է, նաեւ հազարաւոր անմեղ զոհերու ցասումը՝ ընդդէմ անարդարութեան:

Այս եւ նմանատիպ այլ աշխատանքներու մէջ ցայտուն կերպով դրսեւորուած է Սուրէնեանց հանճարը. գաղափարականի, գեղանկարչականի, հոգեբանականի եւ պատմական դրուագի համատեղումն ու կատարեալ ներդաշնակումը՝ մէկ ստեղծագործութեան մէջ:

Նկարիչը յաճախ անդրադարձաւ նաեւ հնադարեան պատմական իրադարձութիւններուն, առասպելներուն, հին հայկական ժողովրդական լեգենդներուն։

Մեծ է այդ նիւթերով ստեղծած կտաւներու շարքը, սակայն անդրադառնանք անոնցէ երկու ամենայայտնիներուն:

Օտարերկրեայ զաւթիչներու դէմ բողոքի փայլուն դրսեւորում մըն է «Շամիրամը Արա Գեղեցիկի դիակի մօտ» (1899թ.) գործը, ուր պատկերուած է այն պահը, երբ Շամիրամ նստած իր սիրելիին քով՝ յուսահատութեան եւ շփոթութեան ծանր միտքերու մէջ խորասուզուած է: Սուրէնեանցի հերոսուհին իր մէջ կը խտացնէ չարի, իշխողի, նուաճողի եւ դաժանի յատկանիշները, ոչ մէկ արգելքի առջեւ կանգ առնող՝ իր սիրոյն համար պայքարող կնոջ տեսակը: Բայց ան միաժամանակ գեղեցիկ, հպարտ, վիրաւորուած եւ դժբախտ կնոջ խորհրդանիշ մըն է։

«Զապէլ թագուհին կը վերադառնայ իր գահին» (1909թ.) կտաւին մէջ, ի տարբերութիւն նենգամիտ Շամիրամի, նկարիչը ստեղծած է գեղադէմ եւ նուրբ, բարի կնոջ մը կերպարը, որ նաեւ իր հայրենիքի ու ժողովուրդի համար մարտնչող, համարձակ թագուհի մըն է: Կիլիկիոյ Զապէլ թագուհին, որ չորս տարեկանին ժառանգած էր հօրը՝ Լեւոն Բ. Մեծագործի գահը, իր տոհմին՝ Ռուբինեաններու վերջին ներկայացուցիչն էր: Իսկ իր ծնած զաւակներն արդէն նոր՝ Հեթումեան տոհմի ներկայացուցիչներ էին: Ան սիրուած եւ մեծ անուն շահած էր իր վարած քաղաքական ու հասարակական աշխոյժ գործունէութեան շնորհիւ: Մահացած է 37 տարեկանին:

Վարդգէս Սուրէնեանցի այս երկու բարձրարժէք կտաւները կը ցուցադրուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ:

ՎԱՐԴԳԷՍ ՍՈՒՐԷՆԵԱՆՑԻ ՄԱՍԻՆ

Ի. ՌԵՊԻՆ - ...Իր իւրայատկութեամբ զիս զարմացուց պ. Սուրէնեանցի նկարը, այն ծնունդ առնող նոր դպրոցի մը վառ տիպար է... Թիֆլիզի համար... կարելի չէ գտնել տեղական դպրոցի աւելի լաւ հիմնադիր, քան Սուրէնեանցն է:

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆ - ...Վարդգէս Սուրէնեանցի արուեստը հայ ժողովրդական հոգեւոր կուլտուրայի գոհարներէն է: ...Հազուագիւտ բարոյական արժանիքներով օժտուած էր Սուրէնեանցը նաեւ որպէս մարդ, որպէս քաղաքացի եւ որպէս հասարակական գործիչ: ...Բարձր կուլտուրայով կատարուած անոր լաւագոյն գործերու մէջ ուժեղ կը տրոփէ Հայաստանի սիրտը, որու համար Վարդգէս Սուրէնեանցը կ՚ապրի այնքան, որքան կ՚ապրի հայ ժողովուրդը:

Վ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ - Երաժշտութեան մէջ՝ Կոմիտաս, գրականութեան մէջ Թումանեան ունեցող ժողովուրդը կերպարուեստի մէջ Վարդգէս Սուրէնեանց ունեցաւ - ժամանակով Կոմիտասի եւ Թումանեանի տարեկիցը, գործով՝ նոյն ժողովրդանուէր միսիայի երախտաւոր մշակը:

Հ. ԻԳԻԹԵԱՆ - ...Սուրէնեանցի ստեղծագործութիւնները... զուսպ, լուռ ռէքուիէմ է, ռէքուիէմ ժողովուրդի, որ շատ դառնութիւն ու տառապանքներ կրած, բայց ծունկի չէ եկած, անձնատուր չէ եղած: Ռէքուիէմ, որու ուժը ոչ թէ զանգերու ղօղանջներու մէջ է, այլ անբարբառ խոր վիշտով առլեցուն մեղեդիի մէջ, սակայն այդ լուռ բողոքն աւելի ուժեղ է բոլոր բառերէն: Կը բողոքէ հողը, կը բողոքէ հնամենի կուլտուրան, կը բողոքեն մեռեալները:

ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2020