ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐՔԵՒ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը երէկ յարաբերաբար դրական տուեալներու արձագանգ հանդիսացաւ Թուրքիոյ պարագային։

BBC-ի թրքական ծառայութեան հաղորդումներով, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Հանս Քլուկէ երէկ Ժընեւի մէջ առցանց մամլոյ ասուլիս մը սարքեց։ Այս առթիւ ասուլիսի մասնակիցներէն Քեթրին Սմոլուուտ յայտնեց, որ Թուրքիոյ պարագային վերապահ լաւատեսութեան մը մէջ կը գտնուին։ Ան Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Դէպքերու կառավարման խմբակին մաս կը կազմէ։ Սմոլուուտ դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ մէջ վարակումներու վերաբերեալ թիւերը սկսած են հաւասարակշռուիլ։

Իր կարգին, Քլուկէն ալ ընդգծեց, որ համաճարակէն վերջ պէտք է աստիճանական բնականոնացման մը պատրաստուիլ եւ արագ ճանապարհ մը գոյութիւն չունի այս բանին համար։

Ըստ միջազգային վիճակագրական տուեալներուն, աշխարհի վրայ վարակեալներու թիւը գերազանցած է 2.6 միլիոնի սահմանը։ Ցարդ քորոնաժահրը խլած է աւելի քան 183 հազար կեանք։

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2020