ԱՆՄԱՐ ԿՐԱԿԸ…

Եւ դարձեա՛լ… Այսօր դարձեա՛լ Ապրիլի 24-ն է։ Հայու հոգիին, հայու էութեան, հայու յիշողութեան մէջ քանդակուած Ապրիլի 24-ն է այսօր։ Երկրագունդի հնամենի ժողովուրդներէն մին այսօր վերստին անմար կրակի մը առջեւ է՝ աշխարհասփիւռ իր զաւակներով։ Ապրիլի 24-ը… Հայու սուգի օրը, հայու յոյսի օրը եւ ի վերջոյ հայու խաղաղութեան ձգտումներու վառ արտայայտութեան օրը։ Ապրիլի 24-ը օրացոյցի սովորական օրերէն մին չէ հայուն համար։

Այսօր ամբողջ աշխարհի մէջ հայութիւնը կը նշէ Մեծ Եղեռնի 105-րդ տարելիցը եւ կը դիմէ իր սրբադասեալ նահատակներու բարեխօսութեան՝ խոնարհումով, խոկումով ու խնկարկութեամբ։ Քորոնաժահրի համաճարակը եւ անոր պարտադրած սահմանափակումները պատճառ դարձած են, որ այս տարի ոգեկոչումները կատարուին առանց ժողովրդական մասնակցութեան, առանց հրապարակային ձեռնարկներու։ Յամենայնդէպս, սա արգելք մը չէ հերթական անգամ հաղորդ դառնալու համար Ապրիլի 24-ի խորհուրդին։ Մէ՛կ է, հայ մարդը այսօր դարձեալ երկիւղած աղօթքով կը խոնարհի իր նահատակներու անթառամ յիշատակին առջեւ՝ ծաղիկներ ի ձեռին, խունկ ծխելով, բի՜ւր յարգանքով տոգորուած եւ ապագայի նկատմամբ յոյսով ու խաղաղութեան անփոփոխ մաղթանքով։ Հայութիւնը այսօր հերթական անգամ կ՚անդրադառնայ բարեկամութեան ու համակեցութեան անգնահատելի արժէքին՝ մանաւանդ, որ այս տարուան Ապրիլի 24-ը կը նշուի համաճարակով պայմանաւորուած մեկուսացումով։ Ապրիլի 24-ի պատգամը կը բիւրեղանայ թարմ ու վաղեմութեամբ հնչող զոհերու աղաղակով եւ անոնց անանց յիշատակին առջեւ մերօրեայ սերունդներու երկիւղած լռութեան, խոնարհումին ու խաղաղութեան աղօթքին ընդմէջէն։ Հայոց Սուրբ Նահատակներու նուիրագործուած յիշատակը այսօր կը վերակենդանանայ՝ ցոյց տալով ամբողջ ազգի մը, աշխարհացրիւ ժողովուրդի մը ապագայի ճանապարհը՝ ինքնութիւն պահելու յամառ պայքարի եւ ինքնավստահ, լուսաւոր ապագայ մը կերտելու տեսլականին ուղղութեամբ։

Ի՜նչ փոյթ, որ ոգեկոչումները տեղի կ՚ունենան առանց ժողովրդական մասնակցութեան։ Համայն հայութեան, ամբողջ աշխարհի հայեացքը այսօր դարձեալ ուղղուած է դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը։ Հայոց քաղաքամայր Երեւանի մէջ, 1915-էն 105 տարի անց դարձեալ կը ցոլանայ հայ ժողովուրդի վերապրելու կամքը։ Յուշարձանի ծաղիկներու կոյտը այս տարի կը բարձրանայ բոլորի միահիւսուած աղօթքներով եւ միաձուլուած յարգանքով։ Այս առաւօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական աւագանին եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը բարձրացան Ծիծեռնակաբերդ, ուր իրենց խոնարհումը բերին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին առջեւ։ Նոյնպէս այս առաւօտ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բոլոր տաճարներէն ներս մատուցուեցաւ դռնփակ Ս. Պատարագ, որու աւարտին տեղի ունեցաւ Հայոց Սուրբ Նահատակներու բարեխօսութեան կարգ։ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, այսօր կէսօրին Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներու զանգակները հնչեցին՝ զոհերու ոգեկոչման համար։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կոչ ուղղած է, որպէսզի համաճարակի առկայ դժուարին պայմաններուն ներքեւ հայ ժողովուրդի զաւակները հոգեւոր դասուն աղօթակից ըլլան իրենց տուներուն մէջ ու միաբան ու միասիրտ հայցեն Սուրբ Նահատակներու բարեխօսութիւնը առ Աստուած՝ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի առողջ ու անվտանգ կեանքի եւ Հայաստանի խաղաղութեան ու բարօրութեան համար։

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ապրիլի 24-ի առթիւ Հայաստանի պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերը հրապարակեցին պատգամներ։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս առթիւ ըսաւ. «Մենք կը յիշենք մեր զոհերը մշտապէս եւ ամէնուր՝ աշխարհի վրայ ո՛ւր որ ալ ըլլանք, կ՚աղօթենք անոնց համար մեր հոգիին եւ մտքին մէջ անուն առ անուն։ Յիշողութիւնն ու կորուստի ցաւը՝ միահիւսուած ապրելով խախտելու եւ արդարութեան յաղթանակի հասնելու մեր կամքին հետ, արդէն մեզի կ՚ուղեկցին 105 տարիէ ի վեր»։

Արմէն Սարգսեան մատնանշեց, որ հայ ժողովուրդը տակաւին կը սպասէ արդարութեան հաստատման։ «Մենք չենք կրնար մոռնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ չենք կրնար հաշտուիլ անոր հետեւանքներուն հետ։ Բացի ցաւագին յիշատակէն, այսօր պէտք է խօսիլ այդ տարիներուն մեր ժողովուրդի ցուցաբերած ոգիի տոկունութեան եւ հերոսութեան մասին նոյնպէս։ Ցեղասպանութիւնը նաեւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման ու մաքառումի պատմութիւնն է, մարդկային ոգիի ու կամքի պայքարի պատմութիւն։ Սա պայքար էր կեանքի համար։ Պայքար ինքնութեան պահպանման համար, պայքար ազգի յիշողութիւնը չկորսնցնելու եւ սերունդներուն փոխանցելու իրաւունքի եւ հնարաւորութեան համար։ Ցեղասպանութիւնը նաեւ մարդկային ամենօրեայ հերոսութեան պատմութիւն է, երբ ապրիլն ու գոյատեւելը արդէն իսկ պայքար էր։ Մենք մաքառած ենք, տոկացած ու հերոսացած։

«Մենք կարողացանք յաղթել մահուան, մենք վերապրեցանք եւ վերածնանք։ Այս օրուայ անկախ Հայաստանի գոյութիւնը, ազատ Արցախը, ինչպէս նաեւ կազմակերպուած ու յաջողակ սփիւռքը կ՚ապացուցանեն այս բանը եւ նոր հնարաւորութիւն են մեզի համար», նշած է Արմէն Սարգսեան։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԷՆ ՊԱՏԳԱՄ

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ այսօր կէսօրուան ժամերուն Գումգաբուէն խօսք ուղղեց մեր համայնքին։ Այս առաւօտ Պատրիարքարանի ընկերային ցանցերու պաշտօնական հաշիւներէն տեսասփռուեցաւ Ս. Պատարագ՝ Ապրիլի 24-ին առթիւ։ Նկատի ունենալով փողոց դուրս գալու համաճարակով պայմանաւորուած արգելքը՝ սփռուեցաւ նախապէս մատուցուած եւ տեսագրուած Ս. Պատարագը, որու աւարտին Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ թրքահայութեան ուղղեալ Ապրիլի 24-ի առթիւ պատգամով։

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2020