ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ
Պատմութեան ընթացքին բոլոր փիլիսոփաներ դեգերեցին իրենց իմացական ոլորտներուն մէջ, երեւան բերելու «ճշմարտութիւն»ը։ Եւ այսօր ալ համայն մարդկութիւնը կը շարունակէ որոնել «ճշմարտութիւն»ը։
Արդարեւ, ճշմարտութեան որոնումը լոկ իմաստասիրական զբաղում մը չէ, քանի որ ան կը հետաքրքրէ համայն մարդկութիւնը՝ որքան որ շատեր անտարբեր գտնուին անոր հանդէպ եւ անիմաստ նկատեն ճշմարտութեան որոնումը, եւ նախընտրեն ապրիլ կեանք մը՝ աննպատակ եւ անիմաստ։
Մինչդեռ «ճշմարտութիւն»ը կեա՛նքն իսկ է։
Այս իմաստով Յիսուսի հոգիէն կը բխէին յաւիտենական ճշմարտութիւնները եւ զանոնք կ՚արտայայտէր պարզ բառերով՝ առանց իմաստասիրելու՝ առանց փիլիսոփայելու։ Յիսուսի գլխաւոր յատկութիւնը այն էր որ «կ՚ապրէր իր քարոզա՛ծը» եւ «կ՚ընէր իր ըսա՛ծը»։ Ամէն խօսք, Ան կը վերածէր գործնականի։ Այս պատճառով ահաւասիկ, Յիսուս եղաւ մեծագոյն ուսուցիչը, անտարակոյս ուսումնասիրողը իր դատումներուն՝ որ եզրակացութեան պիտի յանգէր ուղղակի՛ Իր անձին մէջ։ Յիսուս ո՛չ միայն մեծ ուսուցիչ մը, ուսումնասիրող մը, այլեւ ամենակարող բժիշկը հանդիսացաւ։ Բժիշկներ տարի՜ներ կը վատնեն, ուսանելու եւ փորձառութիւն եւ մասնագիտութիւն ձեռք ձգելու համար՝ որ մեծապէս գնահատելի են։ Մինչդեռ Յիսուս ձեռքի մէկ հպումով կամ խօսքի մէջ արտայայտութեամբ կը բուժէր ամենէն ծանր ախտաւորը եւ յարութիւն կու տար մեռելներուն իսկ։ Այս կէտին երկու պարագաներ կը ներկայանան մեր առջեւ։ Ֆիզիքական ոյժ եւ հոգեկան ո՛յժ։ Ի հարկէ Աստուծոյ Միածինը օժտուած էր աստուածային կարողութեամբ եւ մարմին առած, մարդացած ըլլալով՝ այդ զօրութիւնը եւ կարողութիւնը փոխանցուած էր նաեւ այս վերջնոյն։ Հետեւաբար, Ան միանգամայն «վարդապետ»՝ ուսուցիչ, եւ «բժշկապետ» էր…։
Անյիշատակ դարերէ ի վեր մարդկային տառապանքներէն, նեղութիւններէն մին եղած է հիւանդութիւնը՝ ախտաւորութի՛ւնը։ Արդարեւ, բնութեան մէջ գոյութիւն ունեցող որեւէ ապրող, որեւէ մարմին ենթակայ է ախտաւորութեան հարուածին։ Ուստի, հիւանդութիւնը «բնական երեւոյթ» մը՝ պատահար մըն է՝ որ կը տառապեցնէ, նեղութեան կ՚ենթարկէ բոլոր գործարանաւոր մարմինները։
Յիսուս իր հանրային գործունէութեան սկիզբը երբ իր բնակավայրը՝ Նազարէթ քաղաքը վերադարձաւ, շաբաթ օր տաճար գնաց, ըստ իր ընկալեալ սովորութեան, եւ օրուան գիրքը իրեն տուին որ կարդայ։ Ան բացաւ Եսայի մարգարէին գիրքը եւ այսպէս կարդաց. «Տիրոջ Հոգին իմ վրաս է, ատոր համար իսկ օծեց զիս եւ ղրկեց՝ աղքատներուն աւետարանելու (այսինքն՝ սրտաբեկ հոգիները բժշկելու), գերիներուն ազատութիւն եւ կոյրերուն տեսութիւն քարոզելու, հարստահարուածները ազատ արձակելու եւ Տիրոջ շնորհաբեր տարին հռչակելու» (ՂՈՒԿ. Դ 18-19)։
Գիրքը գոցելէն ետք Ան ըսաւ. «Այս գրութիւնը՝ զոր ձեր ականջներով լսեցիք՝ այսօր կատարուեցաւ» (ՂՈՒԿ. Դ 21)։
Ունկնդիրներէն ոմանք հիացան, ուրիշներ զարմացան եւ ոմանք ալ զայրացան։ Բոլորը իրարու հարց կու տային թէ՝ «Ասիկա Յովսէփի որդին չէ՞» (ՂՈՒԿ. Դ 23)։ Չէ՞ որ Յովսէփ աղքատ ատաղձագործ մըն էր եւ որուն քով կ՚աշխատէր Յիսուս եւ ամէնուն ծանօթ էր։ Մարդիկ չէին կրնար հաւատալ, թէ ի՛նչպէս այդ խոնարհ եւ համեստ գործաւորը կրնար յանդգնիլ այսպիսի աստուածային շնորհներ իւրացնել եւ կարողութիւններու տիրանալ։
Յիսուս կռահեց անոնց մտածումները եւ ըսաւ անոնց. «Անշուշտ ինծի պիտի ուղղէք այս առածը.- բժիշկ, դուն քեզ բժշկէ. ի՛նչ որ ըրիր Կափառնաումի մէջ, ինչպէս լսեցինք, հո՛ս քու հայրենիքիդ մէջ ալ ըրէ»։ Եւ աւելցուց. «Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, չկայ մարգարէ մը, որ իր հայրենիքին մէջ ընդունելի ըլլայ» (ՂՈՒԿ. Դ 23-24)։
Ո՛չ ոք պէտք է ստորագնահատուի իր խոնարհ ծագումին համար։ Գրեթէ բոլոր մեծ մարդիկ յառաջ եկած են խոնարհ եւ համեստ ծագումէն։ Քանի որ անոնք գիտցած են իրենց վիճակը եւ գիտակցած են իրենց խոնարհութեան եւ ջանացած են բարձրանալու տքնութեամբ։ Ոեւէ մարդ ալ պէտք չէ երբեք մեղադրուի իր ծնողներուն գործած մեղքով, եթէ ան չէ ժառանգած զայն։
Աւետարանական սկզբունքով ամէն մարդ անխտիր հաւասա՛ր է իր նմանին որպէս հոգի եւ պատասխանատո՛ւ է ի՛ր գործած մեղքին։ Կեանքի փորձառութեամբ տեսնուած է, որ Յիսուսին գործածած առածը մինչեւ այսօր կը պահէ իր իմաստը ու ուժգնութիւնը…։
Յիսուս իր անձը յայտնեց իր հայրենակիցներուն Եսայիի գրութեամբ, բայց անոնք չհաւատացին անոր։
«Բժիշկ, դուն քեզ բժշկէ» բացատրութիւնը փոխադարձուեցաւ եւ Աւետարանի միջոցաւ ուղղուեցաւ ամէն մէկ ընթերցողի կամ ունկնդրի։ Աստուածային բժիշկը պէտք չունէր բժշկուելու, որովհետեւ Ան կատարեալ է եւ ամենակարո՛ղ։ Ուստի բժշկուելու պէտք ունեցողները ո՛չ միայն հիւանդներն են այլ եւ «կարծեցեա՛լ» բժիշկները…։
Արդարեւ, երկու տեսակ ախտաւորութիւն գոյութիւն ունի. ֆիզիքական եւ հոգեկան։
Մարմնական-ֆիզիքական բոլոր թերութիւններու, տկարութիւններու եւ հիւանդութիւններու համար մարդիկ կը դիմեն բժիշկներու՝ մասնագէտներու։ Իրենց ցաւը, նեղութիւնը պէտք է պատմեն բժիշկներու, որպէսզի անոնք կարենան դարման գտնել իրենց ցաւերուն, նեղութիւններուն։ Բայց եթէ փոխանակ դարման խնդրելու «բժշկութիւն սորվեցնել» փորձեն եւ ջանան բժիշկներու, այն ատեն կը ձախողին։
Իսկ հոգեկան ախտերու համար - թէեւ հոգեբոյժներու եւ հոգեբաններու - բայց պէտք է դիմեն Աստուծոյ։ Որովհետեւ բժիշկները, ինչպէս առածը կ՚ըսէ.- Բժիշկը՝ երկրի վրայ Աստուծոյ ձե՛ռքն է։ Եւ բժիշկը, այս տեսակէտով, Աստուծոյ կամքը կատարող, Աստուծոյ Նախախնամութիւնը եւ հոգածութիւնը գործադրող «գործակատար» մըն է…։
Արդարեւ, հոգեկան ախտերու դարմանումի բոլոր բալասանները կը գտնուին Աւետարանին մէջ։ Այն անձը որ կը խորհի, թէ ինք քաջառողջ է հոգիով, չարաչար կը սխալի։ Ուստի աշխարհի վրայ բազմաթիւ մարդիկ կրնան գտնուիլ որ կատարելապէս առողջ ըլլան մարմնով, բայց հազուադէպ է որ գտնուի կատարելապէս առողջ հոգիով։ Մարմնական հիւանդութիւնը ինք՝ ենթական կը զգայ զանազան ախտանշաններով, զոր օրինակ՝ ցաւով, մարմնի ջերմութեան զգալի բարձրացումով, բաբախումներով, տրոփիւններով, եւ այլն։ Բայց հոգեկան հիւանդութիւնը կրնայ ծածուկ մնալ, որեւէ ախտանշան ցոյց չտալ եւ չյայտնուիլ։
Այս իսկ պատճառով, պէտք է ամէն հաւատացեալ «հոգեւոր բժիշկ» ըլլայ եւ ուրիշները բժշկելէ առաջ ի՛ր անձը բժշկէ Աւետարանի ցուցմունքով։
Ուրիշին վրայ թերութիւն եւ տկարութիւն տեսնել շատ դիւրին է։ Էականը բայց մարդուն իր անձին թերութիւնները եւ տկարութիւնները տեսնելու կարողութիւն ունենալու եւ ապա ուրիշները քննադատելու մէջն է։ Իր իսկ թերութիւնները տեսնել ազնուութիւն է, վեհանձնութիւն կը պահանջէ։
Յիսուսի խօսքերը ունկնդրողներ եթէ իրենք զիրենք բժշկած ըլլային, անոր սրբութիւնը լոկ պիտի կարենային տեսնել եւ պիտի չզարմանային եւ հարց պիտի չտային թէ՝ «Ո՞վ է աս». «Սա մեր ճանչցած ատաղձագործը չէ՞…»։
Արդարեւ, մարդկային կեանքի մէջ նախանձը մեծ դեր կը կատարէ։ Մեծութեան եւ հպարտութեան ձգտողներ չեն սիրեր ուրիշներուն գեղեցիկ խօսքերը եւ փառաւորուիլը։ Մինչդեռ իրապէս խոնարհները եւ սրտով մաքուրները չեն ձգտիր մեծութեան, բայց իրենց արդար եւ մաքուր գործերը կը մեծցնեն զիրենք։
Աննախանձ հոգին լաւ խօսքերու եւ գործերու առջեւ ո՛չ միայն կը հիանայ անոնց, այլ եւ կը գնահատէ զանոնք։ Ապա անկեղծ ինքնաքննութեամբ կը կատարէ իր ներքին ախտաճանաչումը եւ կը ձեռնարկէ «ինքնաբժշկութեան»։ Եւ այս է ահաւասիկ ազնիւ եւ առաքինի մարդը…։
- Օգտուեցանք.- Բաբգէն Աւ. Քհնյ. Մագսուտեանի «Յիսուս Քրիստոսի առակները», 1991, Նիւ Եորք, հատորէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 11, 2020, Իսթանպուլ