Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՔՈՐՈՆԱՅԷՆ ՎԵՐՋ…

Ներկայ պայմաններով համաշխարհային օրակարգի առաջնակարգ խնդիրն է քորոնաժահրը եւ բոլոր հարթակներու վրայ կան անոր վերաբերեալ տուեալներ կամ տեղեկութիւններ։ Մարդկութիւնը կ՚առաջնորդուի մշակուած նոր կանոններով, որոնցմով կը կազմակերպուի առօրեան։ Փորձագիտութեան սրընթաց վերելքին ընթացքին ի յայտ եկած այս աղէտը խլեց ու տակաւին կը շարունակէ խլել հազարաւոր մարդոց կեանքեր։ 

Սա, անշուշտ, վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին յայտնուած միակ վտանգաւոր համաճարակը չէ, որ պատուհասած է մարդկութիւնը։ Եղած է էպոլա-ն, սարս-ը, ԷՅԾ-ը… Այդ համաճարակներէն իւրաքանչիւրը աւելի մեծ վտանգ կը ներկայացնէին, սակայն անոնց տարածման թափը քորոնաժահրի նման արագ չէր եւ հնարաւոր եղած էր զանոնք կանխել բուժման ու կանխարգիլման բաւական արդիւնաւէտ միջոցներով եւ զուգահեռաբար բազմաթիւ երկիրներ կարճ ժամանակի ընթացքին վերահսկողութեան տակ առին նշեալ հիւանդութիւնները։

Պատմութեան վաղ ժամանակներէն աշխարհ դէմ յանդիման եկած է շարք մը խոչընդոտներով։ Եղած են բազմաթիւ համաճարակներ, որոնց իւրաքանչիւրը կրնայ համարուիլ նաեւ փորձառութեան պատմութիւններ, սակայն այժմ մարդկութիւնը պատրաստ չէ աննախադէպ հիւանդութեան մը դիմակայելու եւ իր հետ բերած երեւոյթներուն անմիջապէս վարժուելու։ 

Քորոնաժահրով պայմանաւորուած այս շրջանին բովանդակ աշխարհ մատնուած է խուճապի, սարսափի եւ անորոշութեան։ Կ՚ըսուի, թէ ամէն ինչ պիտի փոխուի համավարակէն վերջ։ Անշուշտ, համաճարակին յաջորդելիք ժամանակաշրջանը այժմէն կանխատեսել դժուար է, սակայն կարելի է ըսել, որ քորոնաժահրը իր հետ բերած է նոր երեւոյթներ եւ շատեր արդէն սկսած են ապրիլ անոնց հետ։

Քորոնաժահրի համաճարակի ստեղծած համաշխարհային իրավիճակը ունի հետեւանքներ առողջապահական, տնտեսական, քաղաքական եւ այլ բնագաւառներու մէջ։ Համաճարակի ստեղծած թոհուբոհը թէեւ համաշխարհային, համամարդկային բնոյթ ունի, սակայն իւրաքանչիւր անհատ ակամայ կը մտահոգուի իր ապրած երկրի ճակատագրով, որովհետեւ այդ երկրի ճակատագիրը անպայման կ՚ազդէ իր սեփական կեանքին ու ապագային։

Բաց աստի, քորոնաժահրի համաճարակը դարձած է հետազօտական լրջագոյն խոչընդոտ մը։ Անորոշութիւնը կը տիրէ ամէնուրեք։ Հիւանդութեան առաջին իսկ օրէն մարդիկ սկսան որոնել համաճարակէ փրկուելու, աշխատելու, զարգանալու եւ նոր աշխարհ մը կառուցելու արդիւնաւէտ ձեւեր, սակայն ոչ ոք գիտէ, թէ այս իրավիճակը որքան պիտի շարունակուի։ 

Մարդիկ շփոթած՝ կը փորձեն վերլուծել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ապրիլ այս նոր իրավիճակին հետ։ Պատահական չէ, որ այս նոր իրողութեան ըմբռնումը ժամանակ կը պահանջէ, սակայն կան նաեւ մարդիկ, որոնք կը շարունակեն ապրիլ այնպէս, ինչպէս կարծէք այս վտանգը զիրենք կը շրջանցէ. իրենց այնպէս կը թուի, թէ անոնք զերծ են այս պատուհասէն։ Սա յստակ իրողութիւն է, թէ համաճարակը կը շրջանցէ անոնք, որոնք կը գիտակցին աշխարհի նոր իրողութիւնները եւ համապատասխանաբար կը փոխեն իրենց կենցաղը, ապրելակերպը։

Այսօր՝ աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է հասարակական համերաշխութիւնը, հոգատարութիւնը, իրերօգնութիւնը ու մանաւանդ օրինապահութիւնը։ Չմոռնանք, որ համաճարակի անվերահսկելիութիւնը կախում ունի նոյնիսկ չնչին շփումներէ։ Համաճարակի տարածումը հակակշռի տակ պահելը եւ զայն լիովին ճնշելը մեր ձեռքն է։ Ամէն բան վերջ մը ունի անկասկած, հետեւաբար, այս «փորձանք»ն ալ վերջ մը պիտի ունենայ։

Մենք բոլորս ճամբորդներ ենք նաւու մը մէջ, ինչ որ մեր կամքէն անկախ, յանկարծակի յայտնուած է փոթորկայոյզ ծովերու մէջ։ Եւ միայն համագործակցելով ու ճիշդ ուղղութեամբ «թիավարելով», ի վերջոյ կը հասնինք մեր ակնկալած անվտանգ նաւահանգիստը՝ անդորրութեան, խաղաղութեան…

Համբերատար ըլլանք եւ հնազանդինք բոլոր նախազգուշական միջոցներուն՝ փայլուն ու առողջ ապագայի համար։

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2020