ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Ֆրանսիզ Ուիլըրտ կ՚ըսէ, թէ՝ երկու ձեռքերու պէս են դրամագլուխը եւ աշխատանքը. եթէ մէկը պակսի, միւսն ալ չի կրնար կատարել իր դերը ընդհանրապէս, եւ եթէ մէկզմէկու հետ կռուին, զիրար կը չէզոքացնեն եւ կը վնասեն, իսկ եթէ իրարու օգնեն, մեծ գործեր կրնան արդիւնաւորել։ Աշխատանքի եւ դրամագլուխի այս երկու ձեռքը եթէ միանան եւ ներդաշնակօրէն գործեն, կրնան ընկերական կեանքը բարւոքել, եւ մարդիկ հասցնել լաւագոյն վիճակներու, իսկ եթէ կռուողի դիրք բռնեն մէկզմէկու դէմ, կրնան խանգարել եւ քայքայել ամբողջ ընկերային կազմը։ Եւ նոյն ատեն դրամագլուխի ձախ ձեռքը, առաջին անգամ պիտի ջախջախուի աշխատանքի աջ ձեռքին ահարկու հարուածներուն տակ։
Արդարեւ, Ֆրանսիզ Ուիլըրտ կը խօսի աշխատանքի եւ դրամագլուխի կարեւորութեան վրայ, եւ անոնք հաւասար ուժեր կը նկատէ կեանքի մէջ յաջողութիւն ձեռք ձգելու համար։
Իսկ իր խօսքերուն վերջաւորութեան կը խոստովանի սա ճշմարտութիւնը՝ թէ աշխատանքը միշտ աւելի՛ կարեւոր է եւ անհրաժեշտ։
Արդարեւ, սա սկզբունքն է, որ կը ներկայացնէ ան. հաւասարներու մէջ միշտ կայ առաջնակարգ մը, եւ հաւասարներու մէջ այդ առաջնակարգը միշտ կը հանդիսանայ որպէս անհրաժեշտ տարր, ազդու եւ ամբողջացնող արժէ՛ք։
Կեանքի մէջ ալ մարդիկ շատ մը արժէքներու կարեւորութեան կ՚անդրադառնան, անոնք կը նկատեն անհրաժեշտ կեանքի գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։ Բայց միշտ կա՛յ «առաջնակարգ» մը, որքան ալ «հաւասար» նկատուին անոնք։
«Primus inter pares», այսինքն «հաւասարներու մէջ» միշտ կա՛յ եւ պիտի ըլլայ «առաջին» մը, առաջնակարգ մը։ Բայց մարդէ մարդ կը տարբերի այս «առաջնակարգ»ը։ Ըստ երեւոյթի յարաբերական արժէք մը կ՚երեւի այդ «առաջնակարգ» արժէքը, մինչդեռ անիկա միշտ բացարձակ արժէք մըն է՝ անայլայլելի եւ մշտնջենաւո՛ր։
Եւ ըստ Ֆրանսիզ Ուիլըրտի, դրամագլուխի եւ աշխատանքի հաւասար արժէքներուն մէջ «աշխատանք»ն է այդ առաջնակարգը։
Արդարեւ, եթէ աշխատանք չըլլայ, դրամագլուխը ինքնին ո՛չ մէկ բանի կրնայ ծառայել, դրամագլուխը որպէսզի բարգաւաճի, արդիւնաբեր ըլլայ, անպայման պէտք ունի աշխատանքի։ Ուստի դրամագլուխը եթէ գոյութիւն չունենայ, աշխատանքով կարելի է զայն ձեռք բերել, եւ այս իսկ պատճառով աշխատանքը հաւասարներու միջեւ առաջինն է՝ առաջնակա՛րգն է։
Աշխատանքին մէջ անձը կը գործածէ եւ կը կատարելագործէ մաս մը այն կարողութիւններուն, որոնք դրոշմուած են իր բնութեան մէջ։ Աշխատանքը իր առաջնահերթ արժէքը կը քաղէ նոյն ինքն մարդէն, որ անոր հեղինակը եւ հասցէատէրն է։ Եւ ուրեմն աշխատանքը մարդո՛ւն համար է եւ ո՛չ թէ մարդը աշխատանքին համար։
Ամէն մարդ պէտք է կարենայ իր աշխատանքէն քաղել իր եւ իրեններուն ապրուստը հոգալու միջոցները եւ սպասարկել մարդկային հասարակութեան։
Ուստի, իւրաքանչիւր մարդ ունի իւրայատուկ ձիրք մը, կարողութիւն մը. ամէն մարդ իր ձիրքերը օրինաւորապէս գործածելու կոչուած է իր նպաստը բերելու համար ընդհանուրին բարիքին եւ բարգաւաճումին, ինչպէս նաեւ իր ջանքերուն արդար պտուղները քաղելու համար։ Ան զգոյշ եւ բծախնդիր պիտի ըլլայ վարուելու ըստ կարգ ու կանոնի, որ սահմանուած է օրինաւոր իշխանութիւններուն կողմէ հասարակաց բարիքին համար։
Աշխատանքին «մուտք»ը պէտք է մատչելի ըլլայ ամէնուն՝ առանց անարդար խտրականութեան։
Աստուծոյ եւ մարդուն ընտանութեան նշանը այն է, որ Աստուած զինք պարտէզին մէջ կը բնակեցնէ (ԾՆՆԴ. Բ 8), ուր պիտի ապրի «հողը մշակելու եւ զայն պահպանելու համար» (ԾՆՆԴ. Բ 15)։ Այս ալ կը նշանակէ, որ մարդ ստեղծուած է աշխատանքի եւ իրերօգնութեան կոչումով՝ հասարակաց բարիքին եւ օգտին նպաստելու համար։ Մարդ պէտք է աշխատի թէ՛ իրեն եւ թէ՛ հասարակութեան բարիքին համար։
Բայց յատկապէս պէտք է նշել, թէ աշխատանքը երբեք «պատիժ» մը չէ (ԾՆՆԴ. Գ 17-19), այլ մարդուն՝ այր-մարդուն եւ կին-մարդուն Աստուծոյ հետ «գործակցութիւն»ն է, տեսանելի արարչութիւնը եւ արարչագործութեան ծրագիրը կատարելագործելու համար։ Սկզբնական արդարութեան այս ամբողջ ներդաշնակութիւնը, որ նախատեսուած էր մարդուն համար Աստուծոյ ծրագրով, կորսուեցաւ մեր նախահայրերուն անհնազանդութեան առաջին մեղքով։
Եւ սակայն Աստուած Իր ամենաողորմածութեամբ՝ մեղաւոր մարդը երբեք չլքեց։ Մեղքին պատճառած նեղութիւնները. «երկունքին ցաւերը», «ճակատիդ քրտինքով» աշխատանքը՝ մեղքին չարիքը սահմանափակող դարմաններ կը հանդիսանան։
Մարդ երբ խնամք կը տանի իր ընտանիքին կրթութեան կամ երբ իր աշխատանքը խղճով կը կատարէ, այն ատեն կը մասնակցի «ուրիշ»ին եւ «ընկերութան», այսինքն հասարակաց բարիքին եւ օգտին։ Ուստի մարդիկ պարտին որքան կարելի է գործօն մասնակցութիւն բերել «հանրային կեանք»ին՝ իրենց արդար եւ խղճամիտ աշխատանքով։
«Մարդկային աշխատանք»ը անմիջականօրէն արտադրուած է այն անձերէն, որոնք ըստ Աստուծոյ պատկերին եւ Անոր նմանութեամբ ստեղծուած եւ կոչուած են շարունակելու իրարու հետ եւ իրարու համար արարչութեան գործը, տիրելու երկրին։
Աշխատանքը ուրեմն «պարտականութի՛ւն» մըն է. «Եթէ մէկը չ՚ուզեր աշխատիլ. թող նաեւ չուտէ» (Բ ԹԵՍ. Գ 10)։
Աշխատանքը կը պատուէ Արարչին տուած պարգեւները եւ Անկէ ստացուած տաղանդները։ Ան կրնայ ըլլալ նաեւ փրկչագործական։
Աշխատանքին տաժանքը կրելով Նազարէթի արհեստաւոր եւ Գողգոթայի Խաչեալ Յիսուսի հետ մարդը «կը գործակցի» կերպով մը Աստուծոյ Որդիին հետ, Անոր փրկչագործութեան։ Մարդ Քրիստոսի կ՚աշակերտի ամէն օր Խաչը կրելով, այն գործին մէջ՝ զոր կատարելու կոչուած է։ Աշխատանքը կրնայ ըլլալ միջոց մը սրբացումի եւ երկրաւոր իրականութիւններուն Քրիստոսի Հոգիով կենսագործումի։
Աշխատանքին մէջ, անձը կը գործածէ եւ կը կատարելագործէ մաս մը այն կարողութիւններուն՝ որոնք դրոշմուած են իր բնութեան մէջ։
Աշխատանքը իր առաջնահերթ արժէքը կը քաղէ նոյն ինքն մա՛րդէն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 7, 2020, Իսթանպուլ