ԱՆԲՆԱԿԱՆ ԿԵՆՑԱՂ
«Անբնական կենցաղ» կը նշանակէ՝ Աստուծոյ հաստատած բնութեան օրէնքներուն հակառակ շարժիլ, անզգոյշ եւ անզուսպ ըլլալ, չափազանցութիւններով տարուիլ եւ անտարբեր գտնուիլ անոնց առթելիք վտանգներուն հանդէպ։ Զոր օրինակ՝ բնութիւնը կը պահանջէ, որ մարդիկ չափաւորութեամբ ուտեն, խմեն, աշխատին, քնանան, պտըտին, վազեն, եւ այլն։ Բնութիւնը կը պահանջէ նաեւ զուսպ ըլլալ, չափաւորել կիրքերը, զգոյշ ըլլալ կեանքի հաւանական ամէն անակնկալ վտանգներու հանդէպ։ Այս կը նշանակէ նաեւ, նոյն ատեն՝ արեւը, հովը, անձրեւը, տաքը, ցուրտը վայելելով հանդերձ՝ անոնց դէմ պաշտպանուին հարկ եղած պարագաներուն, որպէսզի չխանգարուի իրենց առողջութիւնը։
Արդարեւ, ո՛վ որ անզգոյշ գտնուի իր առողջութեան նկատմամբ՝ թշնամի կը դառնայ իր մարմինին, եւ ո՛վ որ իր մարմինը չի հոգար, չի խնամեր եւ պատճառ կ՚ըլլայ անոր տկարանալուն, վնասուելուն՝ հիւանդանալուն, ինքնաբերաբար կը մեղանչէ Աստուծոյ չէմ, որովհետեւ ամէն մարմին կը պատկանի Աստուծոյ (ԵՐԵՄ. ԼԲ 27), եւ կոչուած է տաճար դառնալու Ամենասուրբ Երրորդութեամբ։
Ուստի ոեւէ անձ պարտաւոր է իր մարմինը մաքուր, առողջ պահելու եւ Աստուծոյ նուիրելու (Ա ԿՈՐՆ. Զ 19-20)։
Ծնողներ Աստուծոյ առջեւ պարտաւոր եւ պատասխանատու են հոգ տանելու, խնամելու իրենց անչափահաս զաւակներու մարմնական առողջութեան եւ բարոյական դաստիարակութեան համար։
Եւ ներկայ իրավիճակին ո՜րքան կարեւոր է նկատի ունենալ առողջութեան պահպանման օրէնքներուն հպատակիլ եւ հնազանդիլ՝ ո՛չ միայն անձնական ապահովութեան համար, այլ նաեւ հասարակական, հաւաքական ապահովութեան համար…։
Մարմնի թշնամի եւ կործանարար մոլութիւններ են եօթը մահացու մեղքերը՝ որոնք կը ծուարին մարդու ներսիդին եւ կը կրծեն զայն, եւ կը վտանգեն մարդկային մարմնական եւ հոգեւոր կեանքը։
Այս իմաստով՝ «հպարտութիւն»ը կը կործանէ մարդը (ԱՌԱԿ. ԻԹ 23), «նախանձ»ը ոսկորներու փտութիւն է (ԱՌԱԿ. ԺԴ 30), «բարկութիւն»ը մարդուն վնաս կը պատճառէ (ԱՌԱԿ. ԺԹ 19), կը ցնցէ մարմինը եւ կը տկարացնէ ջիղերը, «ծուլութիւն»ը իրեն ենթակայ եղողը կ՚աղքատացնէ եւ կը մեռցնէ (ԱՌԱԿ. Ի 13, ԻԱ 25), «ագահութիւն»ը իրեն անձնատուր եղողները կը մեռցնէ (ԱՌԱԿ. Ա 19), «որկրամոլութիւն»ը, որուն ծիրին մէջ կ՚իյնան նաեւ արբեցութիւնը, ծխամոլութինը եւ թմրեցուցիչ գործածելու մոլութիւնը, բազմաթիւ հիւանդութիւններու, ախտերու դուռ կը բանայ։ Ամենէն քաղցրահամ եւ օգտակար ուտելիքը՝ մեղրն անգամ եթէ մէկը անյագօրէն ճաշակէ, զայն կը փոխէ եւ իր մարմինին առողջութեան վնաս կը պատճառէ, վնաս կը բերէ (ԱՌԱԿ. ԻԵ 16, 27)։ Իսկ խմիչքները եւ ծխախոտի մոլութիւնները, թմրեցուցիչ գործածելու մոլութիւնը մարդուս մարմինը կը գլորեն այլազան մարմնական եւ հոգեկան հիւանդութիւններու վիհին մէջ, «բղջախոհութիւ»ը՝ անբարոյ արարքները եւ ցանկասիրութիւնը կ՚ապականեն մարմինը, միտքը եւ հոգին, եւ մարդը կը մղէ դէպի անբարոյութիւն (ՄԱՏԹ. ԺԵ 19)։
Եւ այս եօթը մոլութիւնները մարդուն մէջ յառաջ կը բերեն անձնասիրութիւն, ցանկութիւն, ինքնակեդրոնութիւն, փառասիրութիւն, անտեղի եւ անիմաստ դժգոհութիւն, մտահոգութիւն, մելամղձոտութիւն, ջղային խանգարում եւ սրտի խռովութիւն։
Յիսուս Քրիստոս կրնայ ազատել եւ փրկել միայն մարդը այս մոլութիւններէն եւ անոնց ախտերէն։ Անշուշտ գիտութիւնը, հոգեբուժութիւնը կը նպաստեն եւ կ՚օգնեն այս մոլութիւններուն եւ հիւանդութիւններուն բժշկութեան։ Բայց աղօթքը, Յիսուս Քրիստոսի դիմել բժշկութեան համար ամենէն ապահով ճամբան է, քանի որ բժիշկն ալ «Աստուծոյ ձե՛ռքն է աշխարհի վրայ»։
Երբ հիւանդը հաւատքով դիմէ Քրիստոսի եւ խոստովանի իր մեղքերը, եւ նաեւ Աստուծոյ արդար ծառաները ջերմեռանդօրէն աղօթեն իրենց բոլոր սրտով իրեն համար, Քրիստոսի խաղաղութիւնը կ՚իջնէ խոստովանողին վրայ, կը փրկուի հոգեկան ախտերէն եւ Տիրոջ շնորհքովը բժշկութիւն կը գտնէ. (ՅԱԿ. Ե 14-16)։ Յիսուս Քրիստոս զԻնք սիրողներուն, հաւատացողներուն եւ վստահողներուն, իրեն դիմողներուն կ՚այցելէ, անոնց ներսիդին կը բնակի (ՅՈՎՀ. ԺԴ 23) եւ իր բնակարանը՝ տաճարը կը մաքրէ մահացու մեղքերէն եւ մոլութիւններէն, եւ կը զարդարէ զայն առաքինութիւններով։ Եւ հպարտութիւնը կը փոխակերպէ «խոնարհութեան», նախանձը՝ «մարդասիրութեան», բարկութիւնը՝ «հեզութեան», ծուլութիւնը՝ «աշխատասիրութեան», ագահութիւնը՝ «ողորմածութեան», որկրամոլութիւնը՝ «ժուժկալութեան», եւ բղջախոհութիւնը՝ «ողջախոհութեան»։ Այս առաքինութիւնները հոգեպէս եւ մարմնապէս կը բժշկեն հիւանդութիւնները…։
Մարմինին վրայ կ՚ազդեն նաեւ լաւ կամ վատ տրամադրութիւնները։ Եւ այս իսկ պատճառով, առողջութեան հետ համընթաց է մարդուս ներքին խաղաղութիւնը։ Արդարեւ, լաւ եւ ուրախ տրամադրութիւնը մարմինը առո՛ղջ կը պահէ, իսկ վատ տրամադրութիւնը կը հիւծէ, կը մաշեցնէ զայն։ Այս մասին Սողոմոն իմաստուն կ՚ըսէ. «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է. բայց կոտրած սիրտը ոսկորները կը չորցնէ» (ԱՌԱԿ. ԺԷ 22)։ Ուրեմն շատ կարեւոր է մարդուս հոգեվիճակը, տրամադրութիւնը՝ որ ուղղակի՛ կամ անուղղակի կերպով ազդեցութիւն կը գործէ մարմինին վրայ։
Ուրախ տրամադրութիւնը ներքին խաղաղութիւն կը պատճառէ եւ կ՚օգնէ մարմնական հիւանդութիւններուն բժշկութեան։ Սողոմոն իմաստունի վերոյիշեալ խօսքը ա՛յն «ուրախութեան» մասին է, որ յառաջ կու գայ հոգեկան խաղաղութենէն, որ Աստ-ւած կը շնորհէ (ՅՈՎՀ. ԺԴ 27, ԺԶ 33) եւ ոեւէ մէկը չի կրնար անոր առթած երջանկութիւնը խլել ենթականերէն (ՅՈՎՀ. ԺԶ 22)։
Ուստի ի սրտէ գոհանալու է Աստուծմէ փնտռելու է Անոր Օրէնքները եւ իր ուշքը անոնց վրայ կեդրոնացնելով՝ ձգտելու է կատարել զանոնք (ՍԱՂՄ. Ա 1-3), որովհետեւ «Տիրոջ կանոնները շիտակ են, սիրտը կ՚ուրախացնեն. Տիրոջ պատուիրանները պայծառ են, աչքերուն լոյս կու տան» (ՍԱՂՄ. ԺԸ (ԺԹ) 8)։
«Ամէն ատեն ամէ՛ն բանի համար գոհութիւն տուէք Աստուծոյ եւ Հօրը՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով» (ԵՓԵՍ. Ե 20), «Ամէն ատեն բարիք ընելու ետեւէ եղէ՛ք թէ՛ իրարու եւ թէ՛ ամէնուն։ Ամէն ատեն ուրախ եղէք։ Անդադար աղօթք ըրէք։ Ամէն բանի մէջ գոհութիւն տուէ՛ք» (Ա ԹԵՍ. Ե 15-18), կ՚ըսէ Պօղոս Աառաքեալ իր նամակներուն մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 26, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024