ԻՐԱՆ ՏԻԵԶԵՐՔ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԲԱՆԵԱԿԸ

Իրան վերջին օրերուն արձակեց ռազմական նշանակութիւնով առաջին արբանեակը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Իրանի զինուորական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ իրականացուած է առաջին ռազմական արբանեակի թռիչքը դէպի տիեզերք։

«Յեղափոխութեան պահապաններ»ու հրամանատար Հիւսէյին Սելամի այս առթիւ հանդէս եկաւ ամփոփ յայտարարութիւնով մը։ «Այս կարեւոր յաջողութենէն վերջ մենք ցատկ կատարեցինք ռազմավարական հետախուզութեան եւ տեղեկատուական կարողութիւններու ոլորտը», ըսաւ ան։

Ծանօթ է, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրը միջազգային բեմահարթակի վրայ կը ստեղծէ լուրջ խնդիրներ եւ այս պայմաններուն ներքեւ ան ներկայիս ոստում մը կատարած է դէպի տիեզերք։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2020