ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՇԵՇՏԸ ԿԸ ԴՆԷ ԵՐԿՐԻ ԿԵԱՆՔԸ ՓԱԿՈՒՂԻԻ ՉՄԱՏՆԵԼՈՒ ՎՐԱՅ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկրի քաղաքացիներուն յորդորեց սորվիլ քորոնաժահրի պայմաններուն ներքեւ ապրիլ բնականոն կեանքով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան Դիմագիրքի իր էջին վրայ նախընթաց օր հանդէս եկաւ ուղիղ եթերով, որու ընթացքին շեշտեց, թէ քորոնաժահրի համաճարակը կրնայ երկար շարունակուիլ։
«Հիմա ո՛վ կրնայ ըսել՝ այս արտակարգ դրութիւնը ինչքա՞ն կրնայ տեւել։ Մեր հաշուարկները ցոյց կու տան, որ մինչեւ միւս տարուան մարտը մենք այս քորոնաժահրի տագնապին մէջ պիտի ըլլանք։ Բոլորդ արդէն պատրաստուեցէք, որ մինչեւ յաջորդ մարտը քորոնաժահրը պիտի ըլլայ։ Եթէ մենք չսորվինք քորոնաժահրի պայմաններուն մէջ ապրիլ բնականոն կեանքով, ապա փակուղիի մէջ կը յայտնուինք», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ քայլ առ քայլ պէտք է վերադառնալ բնականոն կեանքով ապրելու։ Վարչապետը տեղեկացուց նաեւ, որ Հայաստանի պարետատունը յառաջիկայ տասն օրուան ընթացքին պիտի ձեռնարկէ սահմանափակումներու նուազեցման, եթէ արտառոց իրադարձութիւն մը չըլլայ։ Այսպէս, տնտեսական գործունէութեան բոլոր ոլորտները պիտի բացուին, բայց իւրաքանչիւր ոլորտի պարագային Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը անվտանգութեան կանոններու պահպանման տրամաբանութիւն մը պիտի սահմանէ։ Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, միայն կրթութեան բնագաւառը սահմանափակուած պիտի ըլլայ եւ հեռավար եղանակով ուսուցումը պիտի շարունակուի։