ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիա քորոնաժահրի համաճարակին մէջ գագաթնակէտի շրջանին կը գտնուի, միեւնոյն ժամանակ, համաճարակի ծաւալման թափին մէջ անկումի միտում մը կը նկատուի, սակայն սա պէտք է ըլլայ մշտական։

Երէկ, Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 43 հազար 498 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 2 հազար 936 նոր վարակեալ։ Նոյնպէս երէկ համաճարակի հետեւանքով 89 հոգի մահացաւ եւ Թուրքիոյ մէջ ընդհանուր զոհերու թիւը հասաւ 3 հազար 81-ի։ Առողջացած հիւանդներու թիւն ալ երէկուան դրութեամբ կը կազմէ 5 հազար 231։ Խտացեալ խնամքի ենթակայ հիւանդներու պարագային մահացութեան համեմատութիւնը 58 տոկոսէն իջած է 10 տոկոսի։ Արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ հիւանդներու պարագային ալ մահացութեան համեմատութիւնը 74 առ հարիւրէն իջած է 14 առ հարիւրի։ Ըստ Ֆահրետտին Քոճայի, հիւանդանոցներէ ներս մահճակալներու զբաղուածութեան համեմատութիւնն ալ 60 տոկոսի մակարդակէն իջած է 30 տոկոսի։ Այս բոլորը յուսադրիչ տուեալներ են եւ անոնց լոյսին տակ Ֆահրետտին Քոճա մատնանշեց, որ Թուրքիա Եւրոպայի բոլոր երկիրներու շարքին ամենանուազ մահացութեան համեմատութիւնը ունի։ «Աշխարհի մէջ բժշկութեան ծանօթ դեղերու օգտագործման ձեւերը փոխելով շատ տարբեր արդիւնքներ ունեցանք։ Սա թրքական բժշկութեան յաջողութիւնն է», ըսաւ նախարարը։

Միւս կողմէ, միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, աշխարհի վրայ քորոնաժահրով վարակուածներու շարքին առողջացածներու թիւը գերազանցած է 1 միլիոնի սահմանը։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2020