ՅՈՒԶՈՒՄՆԱՌԻԹ ԿՈՐՈՒՍՏ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Նիւ Ճըրզիի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ազգային բարերարուհի Արտեմիս Նազարեան։ Ան կողակիցն էր նոյնպէս յայտնի բարերար Նազար Նազարեանի։ Երկար տասնամեակներ Նազար եւ Արտեմիս Նազարեան ամոլը սփիւռքահայ իրականութեան բերած էր անփոխարինելի նպաստ մը՝ մղիչ ուժ մը հանդիսանալով ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Նազարեանները անմիջականօրէն կապուած էին Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ)։
Արտեմիս Նազարեանի կորուստը յուզումնառիթ է։ ՀԲԸՄ-ն ալ կը սգայ իր երախտաշատ բարերարուհիին մահը։ Սա թէեւ անժամանակ կորուստ մը չէ, սակայն Նազարեան ամոլի նկատմամբ երախտագիտական զգացումներով ու հանգուցեալին նկատմամբ համակրանքով պայմանաւորուած յուզումը մեծ է։ Դժբախտաբար, քորոնաժահրի համաճարակի պարտադրած մթնոլորտին մէջ նորոգ հանգուցեալ Արտեմիս Նազարեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է ընտանեկան նեղ շրջանակի մը մէջ։ Իր մարմինը ամփոփուած է նոյնպէս Նիւ Ճըրզիի մէջ։ Համաճարակէ վերջ կը նախատեսուին Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն մը եւ հոգեճաշ մը՝ ի յիշատակ Արտեմիս Նազարեանի։
ՀԲԸՄ-ի աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիւ Ճըրզիի մէջ, քորոնաժահրի պատճառած առողջական բարդութիւններու եւ կարճատեւ հիւանդութեան իբր հետեւանք, կեանքին հրաժեշտ տուաւ Արտեմիս Նազարեան, որ հայաշխարհին ծանօթ էր իբր բարեսրտութեամբ, ջերմ հոգածութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ փայլող ազնուականութեան տիպար:
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան այս առթիւ շեշտեց. «Կարելի չէ պարզ խօսքերով արտայայտել այն խոր վիշտը եւ յուզումը, որ Արտեմիսի մեկնումը կը պատճառէ բոլոր անոնց, որոնք անձնական թէ ընդհանրական բազմաթիւ ջերմ յուշերով կապուած էին իրեն: Միշտ իր ամուսնոյն, մեծ բարերար եւ Կեդրոնական վարչական ժողովի նախկին անդամ Նազար Նազարեանի կողքին, անոր առատաձեռնութեան բարիքները վայելած են շատ շատեր, զանազան համայնքներու, սերունդներու, աշխահամասերու եւ Հայաստանի մէջ»։
Արտեմիս Նազարեան, ծնեալ Թոփճեան, ծնած էր 1932-ին Հալէպ, Սուրիա։ Նախախնամութեամբ որոշուած իր կեանքի յետագայ ուղին, իր լայնասրտութիւնը, ազնիւ բնաւորութիւնը եւ նախաձեռնութեան ոգին, զինք պիտի դարձնէին իր անմիջական համայնքին մէջ թէ աշխարհի տարածքին, հազարաւորներու վրայ իր յատուկ դրոշմով ճանչցուած անձնաւորութիւն մը: Ան իր ներդրումը ունեցաւ անթիւ յանձնախումբերու, եկեղեցասէր տիկնանց խմբակցութիններու, իր բնակավայր Էնկըլվուտի Կանանց ակումբի, որոնց շարքին նաեւ այլ ընկերային եւ մշակութային ձեռնարկներու մէջ: Իր պատմելու բնատուր հակումին անսպառ նիւթ կը հայթայթէին մարդասիրական նպատակներէ մղուած իր բազմաթիւ եւ յաճախակի ճամբորդութիւններն ու արկածախնդրութիւները:
Հօրենական ընտանիքը Ամերիկա տեղափոխուած էին, երբ ինք տակաւին երեխայ էր: Մեծցած եւ կազմաւորուած էր Ուոթըրթաունի մէջ, Մասաչուսեց եւ աւարտած Պոսթընի համալսարանը որպէս գերազանց ուսանող, հաշուագիտութեան ճիւղին մէջ: Ամուսնացած էր ապագայ մեծ բարերար Նազար Նազարեանի հետ։ Ան որդին էր Լիբանանի հանրածանօթ բարերարներէն Լեւոն Նազարեանի։ Նազար Նազարեան մասնագիտացած էր իբր դեղագործ, միացած էր ընտանիքի Պէյրութի մէջ հիմնուած հիւսուածեղէնի միջազգային ընկերութեան: Սոյն ընկերութեան Ամերիկայի մէջ ծաւալած գործարարական փայլուն յաջողութիւնը առիթ ընձեռած էր Նազարեան ամոլին, որպէսզի անոնք յառաջ տանին Նազարեան ազնուական գերդաստանի ընկերային ծառայութեան փայլուն աւանդութիւնը, զիրենք դարձնելով բարեգործութեան հզօր եւ ազդեցիկ գործօն մը, որուն բարերար ազդեցութիւնը իր դրսեւորումը պիտի գտնէր հայկական համայնքային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, Հայ Եկեղեցիէն եւ ՀԲԸՄ-ի վարժարաններէն մինչեւ ընկերային կեդրոններ, արուեստի գործունէութիւններ, առողջապահական յառաջադէմ կառոյցներ եւ մարդասիրական օգնութեան նախաձեռնութիւններ աշխարհի տարածքին:
Ըլլալով կրթութեան կենսական դերին խորապէս հաւատացող եւ արուեստները հովանաւորող անձնաւորութիւն մը՝ Արտեմիս Նազարեան լայն աջակցութիւն բերած էր ՀԲԸՄ-ի ուսանողներու տրամադրուած բարձրագոյն ուսման կրթաթոշակներուն, աշխարհի տարածքին: Իր այս տեսլականին մէկ այլ դրսեւորումն էր ՀԲԸՄ-ի Լոս Անճելըսի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի նախամանկապարտէզի բաժինին կառուցումը:
Հայ Եկեղեցին նոյնպէս իր կեանքի բաղկացուցիչ մէկ մասը կը կազմէր: Իր անվերապահ նուիրումը եւ անխախտ հաւատարմութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Կաթողիկոսութեան, ան կը վերագրէր իր Սիւլահեան մօրենական ընտանեկան ճիւղին, որմէ բազմաթիւ կրօնաւորներ սերած էին: Ընտանիքի այլ անդամներ գործօն եղած էին քաղաքական կեանքի մէջ, ուրկէ յառաաջացած էր իր հետաքրքրութիւնն ու աշխոյժ մասնակցութիւնը՝ հայ կեանքէն ներս զանազան ընկերային եւ համայնքային գործունէութիւններու:
Նիւ Եորքէն Էջմիածին, Պէյրութէն Լոս Անճելըս, Պուէնոս Այրէսէն Հալէպ, անպայման կարելի է գտնել յուշատախտակ մը, անուանակոչուած շէնք մը կամ յուշանկար մը, որ կը ներկայացնէ Արտեմիսի գոհունակ մասնակցութիւնը կեդրոնի մը, դպրոցի մը կամ առողջապահական ծառայութեան կեդրոնի մը բացման արարողութեան, կամ զինք գնահատելու համար կազմակերպուած ձեռնարկի մը լուսանկարը, ուր ան կը տեսնուի շրջապատուած հայկական տարբեր կառոյցներու հոգեւոր կամ քաղաքական առաջնորդներով ու պաշտօնական անձնաւորութիւններով:
Պերճ Սեդրակեան իր ակնարկութեան մէջ նաեւ ընդգծեց. «ՀԲԸՄ-ի եւ Էջմիածինի նկատմամբ շեշտուած հետաքրքրութեան առընթեր, Արտեմիսի էութիւնը կը կազմէին ամուսնոյն՝ Նազարի եւ իրենց զաւակներուն հանդէպ անոր բուռն ու անսակարկ նուիրումը: Ան կարծես ներշնչման աղբիւր էր իր ամուսնոյն համար, շարունակ անոր ուշադրութիւնը սեւեռելով այս կամ այն ծրագիրին կամ նախաձեռնութեան վրայ, զորս կարեւոր կը սեպէր արժանացնելու ընտանիքի բարոյական կամ նիւթական աջակցութեան»։
Ան յայտնապէս իր բարի օրինակով, իր ազգին եւ համայնքին ծառայելու գոհունակութեան ոգին փոխանցած էր իր զաւակներուն՝ Լեւոնին եւ Սեդային, ինչպէս նաեւ իր հինգ թոռներուն՝ Ուիլիըմի, որ ներկայիս ատենապետն է Նիւ Եորքի Երիտասարդ արհեստավարժներու խումբին եւ անոր եղբօր՝ Նիքըլըս Ալպրախթի, ինչպէս նաեւ Մեթիու, Կրէկըրի եւ Տանիելա Նազարեաններուն: Տքթ. Լեւոն Նազարեան մաս կը կազմէ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովի ծրագիրներու մշակման յանձնախումբին, իսկ անոր կինը՝ Քլոտիա Նազարեան, անդամ է եւ գլխաւորած է միութեան մէկէ աւելի յանձնախումբեր:
Նկատի ունենալով, որ ներկայի արտակարգ իրադրութեան մէջ, ընտանիքի անմիջական անդամներ պարտադրուած են առանձինն սգալու իրենց կորուստը, զրկուած իրենց ազգականներու եւ բարեկամներու սերտակցութեան ընձեռած սփոփանքէն, ՀԲԸՄ-ը ստեղծած է յատուկ կայք մը, ուր համայնքի անդամներ կրնան իրենց վշտակցութիւնը յայտնել Նազարեան ընտանիքին. rememberingartemis.com
Պերճ Սեդրակեանի խօսքերով՝ «Մինչ յետագային աւանդական յուշագրութիւններ եւ գնահատանքի ձեռնարկներ վստահաբար արդար տուրք պիտի մատուցանեն Արտեմիսի բարերարութիւններուն եւ ազգասիրական ամբողջանուէր արարքներուն, իր կեանքի ապրող օրինակը, որպէս ներշնչման աղբիւր եւ խօսուն վկայութիւն պիտի շարունակէ մնալ ՀԲԸՄ-ի եւ հայոց ժամանակակից պատմութեան էջերուն վրայ»։
Ընտանիքին փափաքով, յարգելու համար իր խոր համակրանքը եւ աջակցութիւնը երիտասարդ տաղանդներու, կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել ՀԲԸՄ-ի Կատարողական արուեստներու «Արտեմիս Նազարեան» կրթաթոշակի ֆոնտի հետեւեալ հասցէին. agbu.org/artemisnazarian
ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Նիւ Ճըրզիի Էնկըլվուտ քաղաքի բնակիչ Արտեմիս Նազարեան, մահացաւ քորոնաժահրի վարակումի պատճառած առողջական բարդութիւններու հետեւանքով: Արտեմիս ծնած էր Հալէպ, Սուրիա, 31 յունուար 1932 թուականին: Ծնողներն էին Նիքըլըս եւ Մարի Թոփճեան (ծնեալ՝ Սիւլահեան): Անոնք ընտանեօք Միացեալ Նահանգներ գաղթած էին 1934-ին եւ հաստատուած Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեց: Արտեմիս մեծցած էր բազմանդամ ընտանիքի ջերմ շրջանակին մէջ, Տնտեսական մեծ տագնապի տարիներուն:
Ան եղած է յառաջադէմ աշակերտ Ուոթըրթաունի Երկրորդական վարժարանէն ներս, որմէ ետք, հակառակ որ Ռետքլիֆ գոլէճ ընդունուած էր, Արտեմիս յատուկ կրթաթոշակով իր ուսումը կը շարունակէ Պոսթընի համալսարանի Առեւտրական վարչագիտութեան գոլէճին մէջ, զոր կ՚աւարտէ իբր գերազանց աշակերտ, որպէս հաշուագիտութեան ճիւղի առաջին կին շրջանաւարտ: Որմէ ետք, ան կը պաշտօնավարէ «Հեսքինզ էնտ Սել» ընկերութեան մէջ: Այդ միջոցին, ան կը հանդիպի իր ամուսնոյն, Նազարին, որ Լիբանանէն էր եւ որուն հետ կ՚ամուսնանայ 1954-ին: Զոյգը կը հաստատուի Նիւ Եորքի շրջանը, ուր Նազար կը հաստատէ իր գործը, տիկինը ունենալով որպէս առտնին հաշուապահուհի:
1957-ին կը ծնի իրենց դուստրը՝ Սեդան, իսկ 1961-ին՝ իրենց որդին՝ Լեւոնը: Արտեմիս նուիրեալ մայր մըն էր: Ան իր զաւակները մեծցուցած է ազնուութեան, ուշիմութեան, համբերութեան եւ նպատակասեւեռութեան արժանիքներով: Ան սուր հիւմորով օժտուած անձ մըն էր եւ կը սիրէր կատակներ ու պատմութիւններ պատմել: Իր պատմութիւնները առասպելական էին իր բարեկամներուն եւ ընտանիքի անդամներուն համար: Ան ընտանիքի պատմաբանն էր: Ան երբ ոեւէ հայու հանդիպէր, անոր հետ 10 վայրկեան խօսելէ ետք կրնար որոշել, թէ ազգականական ինչ կապերով կապուած էին իրարու հետ: Սակաւապետ էր ու պարզ ճաշակի տէր: Կը սիրէր խաչբառ լուծել, կտրատուած նկարներ կազմել, նաեւ պէյզպոլ եւ հըրշի պար: Արտեմիս հիւսքի սիրահար էր: Իր հիւսած մանկական բուրդ բաճկոնները եւ անկողինի ծածկոցները տեղական ցուցահանդէսներու մէջ յաճախ մրցանակներու արժանացած էին: Ան նաեւ վարժ դաշնակահարուհի մըն էր եւ կը նուագակցէր եղբօր՝ Ճոյի ջութակի կատարումներուն: Երկու տարբեր առիթներով անոնց ելոյթը սփռուած էր Պոսթընի ձայնասփիւռէն:
Նազար եւ Արտեմիս աւելի քան 60 տարիներէ ի վեր կ՚ապրէին Էնկըլվուտի մէջ: Նազարի գործի ընդարձակումին առընթեր, ծաւալ ստացաւ նաեւ իրենց բարեսիրական գործունէութիւնը: Արտեմիս ցուցադրական երեւոյթներէ հեռու, գործօն մասնակից մըն էր իր ամուսնոյն բարեսիրական ծրագիրներուն, որոնց շարքին իրագործելով նաեւ իր նախասիրած արուեստի եւ կրթութեան մարզերու անձնական նախաձեռնութիւններ: Որպէս արուեստներու հովանաւորող, ան կ՚օժանդակէր ՀԲԸՄ-ի միջոցաւ հաստատուած շարք մը կրթաթոշակներու, աշխարհի տարածքին: Ջերմ հաւատացող մըն էր կրթութեան կենսական դերին: Մանուկներու հանդէպ իր անսահման սիրոյն դրսեւորումը հանդիսացաւ Լոս Անճելըսի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի «Արտեմիս Նազարեան» նախամանկապարտէզի արդիական կառոյցը: Իր նախաձեռնութեամբ ան Պոսթընի համալսարանի Առեւտրագիտական բաժնին մէջ յատուկ կրթաթոշակ մը հաստատած էր, նախապատուութիւն տալով հայ ծագումով ուսանողներու:
Հայ Եկեղեցին նոյնպէս իր կեանքին բաղկացուցիչ մէկ մասը կը կազմէր: Իր նուիրումը եւ անխախտ հաւատարմութիւնը Էջմիածինի Կաթողիկոսութեան, ինք կը վերագրէր իր Սիւլահեան մօրենական ճիւղին, որմէ բազմաթիւ կրօնաւորներ սերած էին, կը հաստատէր ան հպարտութեամբ: Նիւ Եորքէն Էջմիածին, Պէյրութէն Լոս Անճելըս, Պուէնոս Այրէսէն Հալէպ, անպայման կարելի է գտնել յուշատախտակ մը, անուանակոչուած շէնք մը կամ յուշանկար մը, որ կը ներկայացնէ Արտեմիսի մասնակցութիւնը կեդրոնի մը, դպրոցի մը կամ առողջապահական ծառայութեան կեդրոնի մը բացման արարողութեան, կամ զինք գնահատելու համար կազմակերպուած ձեռնարկի մը լուսանկարը, ուր ան կը տեսնուի շրջապատուած հայկական տարբեր կառոյցներու հոգեւոր կամ քաղաքական առաջնորդներով ու պաշտօնական անձնաւորութիւններով:
Արտեմիսի սրտբաց առատաձեռնութիւնը գլխաւորաբար անհատական բնոյթ ունէր: Անհաշիւ կարիքաւոր անձեր վայելած են իր ջերմ բարեսրտութիւնը, նիւթական աջակցութիւններով: Տնազուրկ ընտանիքներու եւ կարիքաւոր կանանց աջակցութեան նուիրուած կազմակերպութեան (FISH) որպէս անդամ, ան անձամբ իր անձնական ինքնաշարժով բժշկական օգնութեան կարիք ունեցող բազմահարիւր անձեր հասցուցած է դարմանատուն: Ան նաեւ երկար տարիներ վարած է Էնկըլվուտի Կանանց ակումբի գանձապահի պաշտօնը:
Անկախ իր բազմաթիւ իրագործումներէն, Արտեմիսի կեանքը կեդրոնացած էր իր ընտանիքին վրայ, որուն հանդէպ ունեցած է անսահման նուրիուածութիւն, յատկապէս իր թոռներուն նկատմամբ, Սեդային զաւակներուն՝ Ուիլիըմի եւ Նիքըլըսի եւ Լեւոնի ու իր տիկնոջ Քլոտիայի զաւակներուն՝ Մեթիուի, Տանիելայի եւ Կրէկըրիի, որոնց սրտերուն մէջ ան կը շարունակէ ապրիլ իր դրական տրամադրութեամբ, իմաստութեամբ, սրամտութեամբ եւ անսահման սիրով: Իրենց մանկութեան օրերուն, Արտեմիս անհաշիւ ժամեր անցուցած էր անոնց համար երգելով եւ արտասանելով: Անոնք մեծցած էին իր շուրթերէն կախուած, ներծծելով իր գործնական իմաստութիւնը եւ սառնասրտութիւնը, որու օրինակներէն մին կը հանդիսանայ այն դէպքը, երբ Արտեմիս իր մանկութեան տան խոհանոցին մէջ, առանց թմրեցուցիչի օգնութեան, նշագեղձերու հատումի ենթարկուած էր:
Իր սիրելի ամուսնոյն Նազարի, զաւակներուն եւ թոռներուն առընթեր, Արտեմիսի կորուստը կը սգան իր եղբայրը եւ տալը՝ Հրանդ Ժոզէֆ եւ Քերըն Թոփճեան, իր զարմիկները, զարմուհիները, եղբօրորդիները եւ քեռորդիները: 2008-ին մահացած էր իր քոյրը՝ Լէոնա Պուտաքեան:
Բոլոր անոնց համար, որոնք կը ճանչնային զինք, Արտեմիսի հոգին պիտի շարունակէ ապրիլ որպէս բարեսրտութեամբ, ջերմ հոգածութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ փայլող ազնուականութեան տիպար: