ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՀՌՈՄ ՍԵՐՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Լուիճի տի Մայոյի հետ։ Յանուն հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի կառավարութեան, Զօհրապ Մնացականեան զօրակցութիւն յայտնեց իտալացի բարեկամ ժողովուրդին՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մարտահրաւէրները արդիւնաւէտօրէն դիմագրաւելու եւ շուտափոյթ յաղթահարելու համար։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան իտալացի պաշտօնակցին ներկայացուց համաճարակի կանխարգիլման եւ անով պայմանաւորուած ընկերատնտեսական հետեւանքներու մեղմացման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած քայլերը եւ մշակուած ծրագրերը։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին համաճարակի դէմ պայքարի եւ անոր հետեւանքներու յաղթահարման համատեսքին մէջ միջազգային համագործակցութեան նոր նախաձեռնութիւններուն շուրջ։

Անդրադառնալով երկկողմանի օրակարգի հարցերուն, Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց, որ Երեւան առանձնայատուկ նշանակութիւն կու տայ Հռոմի հետ յարաբերութիւններու զարգացման՝ հայ-իտալական քաղաքակրթական ընդհանուր արժէքներու վրայ։ Նախարարները այս առումով դրական գնահատեցին Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ քաղաքական երկխօսութեան ներկայ բարձր մակարդակը։ Ուղենշուեցան երկկողմանի հետաքրքրութեան առարկայ ոլորտներէն ներս համագործակցութեան առաւել ամրապնդման եւ ընդլայնման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը։

Զօհրապ Մնացականեան եւ Լուիճի տի Մայօ անդրադարձան նաեւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցերու լայն շրջանակի։

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2020