Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
Համավարակի ներկայ նեղութեան օրերուն կը մտաբերենք եւ կը յիշենք յիշատակը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Քրիստոսատիպ չարչարանքներուն, որոնք Աստուծոյ անիմանալի ծրագրին մէջ սքանչելի լրումը եղան մեր Տիրոջ բժշկարար չարչարանքներուն, եւ հակադեղը մեր աշխարհի հոգեւոր բժշկութեան։
Ուրեմն հետեւինք Սուրբ Գրային Աստուածաշունչ հատուածներուն եւ աղօթենք միասիրտ եւ միախորհուրդ։
Իմաստութեան Գիրքէն.
«Արդարներու հոգիները Աստուծոյ ձեռքին մէջ են. ա՛լ տառապանքը չի կրնար մօտենալ անոնց։ Անմիտները կարծեցին թէ անոնք մեռան, այս աշխարհէն անոնց մեկնումը դժբախտութիւն համարեցին, մեզմէ բաժանումը՝ կորուստ. բայց անոնք խաղաղութեան մէջ կը բնակին։ Մարդոց թուեցաւ թէ Աստուած պատժեց զանոնք, մինչդեռ անոնք անմահութեան հաստատ յոյսը ունին։ Որոշ տանջանք յանձն առին, բայց մեծ բարիք պիտի գտնեն, որովհետեւ Աստուած փորձեց զիրենք եւ իրեն արժանի գտաւ։ Զանոնք փորձեց այնպէս՝ ինչպէս ոսկին բովէն կ՚անցընեն, եւ զանոնք ընդունեց որպէս ողջակիզուած զոհ։
«Երբ Տէրը գայ հատուցանելու, անոնք պիտի փայլին, եղէգնուտին մէջ ինկած կայծերու պէս պիտի սուրան։ Անոնք ազգերը պիտի դատեն եւ ժողովուրդներու պիտի տիրեն, եւ Աստուած յաւիտեան պիտի թագաւորէ անոնց վրայ» (ԻՄԱՍՏ. Գ 1-8)։
Պօղոս առաքեալի կողմէ Կորնթացիներուն գրուած երկրորդ նամակէն.
«Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հայրը՝ որ հայրաբար կը գթայ եւ որպէս Աստուած կը մխիթարէ ու կը զօրացնէ մեզ՝ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէսզի մենք կարենանք Աստուծմէ մեր վայելած օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը տալ անոնց՝ որոնք ամէն տեսակի նեղութեանց մէջ են։ Որովհետեւ, որքան շատ բաժնեկից կ՚ըլլանք Քրիստոսի չարչարանքներուն, այնքան աւելի մեծ կ՚ըլլայ իր օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը մեզի։ Մենք նեղութեանց կ՚ենթարկուինք՝ ձեզի օգնելու եւ Աստուծոյ փրկութիւնը ձեզի բերելու համար. եւ եթէ Աստուած կ՚օգնէ մեզի՝ կրկին ձեզի օգնելու համար է, որպէսզի մեր օրինակով սորվիք, թէ Աստուած ձեզ ալ պիտի զօրացնէ, որ համբերութեամբ կարենաք տանիլ այն չարչարանքները որ մենք հիմա կը կրենք։ Ուստի ձեր վրայ հաստատուն յոյս ունինք, գիտնալով որ՝ քանի մեր չարչարանքներուն մասնակից էք՝ մեր ունեցած մխիթարութեան ալ մասնակից պիտի ըլլաք» (Բ ԿՈՐՆԹ. Ա 3-7)։
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանէն Յովհաննէսի համաձայն.
«Վստահ գիտցէք, որ եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ չիյնայ եւ չմեռնի, ինք որպէս առանձին հատիկ կը մնայ. իսկ եթէ մեռնի՝ բազմաթիւ հատիկներ կու տայ։ Ով որ իր անձը կը սիրէ՝ կը կորսնցնէ զայն, իսկ ով որ իր անձը կ՚անտեսէ այս աշխարհի վրայ՝ զայն յաւիտենական կեանքին համար պահած կ՚ըլլայ։ Ով որ ուզէ ինծի ծառայել՝ պէտք է ինծի հետեւի, եւ ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն՝ ուր ես կը գտնուիմ։ Եւ Հայրս պիտի պատուէ ինծի ծառայողը» (ՅՈՎՀՆ. ԺԲ 24-26)։
«Կը հաւատա՞ք հիմա։ Ահա ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ պիտի ցրուիք, իւրաքանչիւրը իր տունը, եւ զիս մինակ պիտի ձգէք։ Բայց ես մինակ չեմ, որովհետեւ Հայրս ինծի հետ է։ Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք։ Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀՆ. ԺԶ 31-33)։
«Ինչպէս որ Հայրս զիս սիրեց, նոյն ձեւով ալ ես ձեզ սիրեցի։ Մնացէ՛ք իմ սիրոյս մէջ։ Եթէ գործադրէք իմ պատուիրաններս, իմ սիրոյս մէջ մնացած պիտի ըլլաք, ինչպէս որ ես Հօրս պատուիրանները գործադրելով անոր սիրոյն մէջ կը մնամ։ Ասոնք ըսի ձեզի, որպէսզի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ ըլլայ եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։ Իմ պատուէրս է՝ որ սիրէք իրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար» (ՅՈՎՀՆ. ԺԵ 9-13)։
Ահաւասիկ, ժամանա՛կն է զիրար աւելի շատ, աւելի անկեղծ, աւելի սրտանց սիրելո՛ւ… ահաւասիկ առի՛թն է իրարու ցոյց տալու մեր սէրը՝ գործադրելու մեր սէրը, եւ ժամանա՛կն է իրար հոգալու, խնամելու, իրար օգնելու եւ մեր սէրը գործնականի վերածելու… ժամանա՛կն է իրարու զօրակցելու, մխիթարելու, ձեռք երկարելու եւ զգալու, թէ համայն մարդկութիւնը եղբա՛յր է՝ հակառակ համավարակին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 7, 2020, Իսթանպուլ