ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ԼՈՒՐԵՐ
Քորոնաժահրի համաճարակը կը շարունակէ մնալ աշխարհի առաջնահերթ մարտահրաւէրը։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, երկրագունդի վրայ քորոնաժահրով վարակուածներու թիւը արդէն հասած է մօտաւորապէս 3.5 միլիոնի սահմանին։ Առողջացածներու թիւն ալ գերազանցած է 1 միլիոն 150 հազարը։ Այս մթնոլորտին մէջ, մարդկութիւնը մէկ կողմէ համատարած պայքար կը մղէ համաճարակի դէմ, իսկ միւս կողմէ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան պատուաստանիւթի մը գիւտը կատարելու ուղղեալ աշխատանքները։
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, քորոնաժահրի պատուաստներու եւ դարմանումի ճակատէն կը հասնին որոշ չափով յուսադրիչ լուրեր։ Այսպէս, քորոնաժահրի դէմ պատուաստ մը գտնելու համար՝ ներկայիս աշխարհի տարածքին զանազան փորձարկումներ կը կատարուին եւ վերջին օրերուն դրական լուրեր հաղորդուեցան Օքսֆորտէն եւ Ուաշինկթընէն։ Օքսֆորտի համալսարանէն հաղորդուեցաւ, որ պատուաստ մը արտադրութեան պատրաստ կրնայ ըլլալ մինչեւ տարեվերջ։ Իսկ ամերիկացի պաշտօնատարներ յոյս յայտնեցին, թէ յառաջիկայ տարեմուտին պատուաստ մը արտադրուած կրնայ ըլլալ։
Դարման մը գտնելու ճակատէն հաղոդուեցաւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ասիոյ եւ Եւրոպայի տարածքին «Ռեմտեսիվիր» հակաժահրային դեղին փորձարկումները հաստատած են, որ անիկա որոշ չափով արդիւնաւէտ է քորոնաժահրի դէմ պայքարի մէջ։ Սպիտակ տան՝ համաճարակի դէմ պայքարի յատուկ յանձնախումբի անդամ Էնթընի Ֆաուչի յայտնեց, որ նշեալ դեղը կ՚արագացնէ ապաքինումը։ Շնորհիւ անոր միջին հաշուով երկու շաբթուան փոխարէն դարմանումը կ՚իջնէ տասնմէկ օրի։ Երկու ամիս առաջ սկսած փորձարկումները կը շարունակուին։
Ցարդ հարիւր հազարաւոր մարդոց կեանքը խլած ժահրին դէմ յատուկ դեղ մը չկայ։ Անցեալ ամիս «Ռեմտեսիվիր» դեղը արտադրող Gilead ընկերութիւնը տեղեկացուցած էր, որ պատրաստ է ամերիկեան հիւանդանոցներուն տրամադրելու շուրջ 140 հազար հիւանդներու համար բաւարար դեղ՝ մինչ արտադրութիւնը բազմացնելու ջանքեր կը գործադրուին։