ՃԻՊՐԱԼԹԱՐԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Ճիպրալթարի եւրոպական հատուածի արքեպիսկոպոս Ռապըրթ Իննէս երէկ այցելեց Պատրիարքարան, ընկերակցութեամբ իր վիճակի դիւանապետ Հայր Մեուրիկ Ուիլիըմսի։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բարձրաստիճան հոգեւորականը, իր կողքին ունենալով Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանը, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանը եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը։
Ռապըրթ Իննէս Արքեպիսկոպոսը, որ առաջին անգամ կ՚այցելէ Իսթանպուլ, փափաքած էր հաղորդ դառնալ նաեւ հայոց Պատրիարքարանի մթնոլորտին։ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան ողջունեց հիւր հոգեւորականին ներկայութիւնը եւ ամփոփ գիծերու մէջ անոր տեղեկութիւններ փոխանցեց թրքահայ համայնքին եւ Պատրիարքական Աթոռին մասին։ Իր կարգին, Ռապըրթ Իննէս Արքեպիսկոպոսն ալ տեղեկութիւններ փոխանցեց Ճիպրալթարի Արքեպիսկոպոսութեան իշխանութեան սահմաններէն ներս հոգեւոր կեանքի կացութեան շուրջ։ Ի յիշատակ սոյն այցելութեան Նորին Սրբազնութիւնը իրեն նուիրեց գիրք մը։
Զրոյցի աւարտին Ճիպրալթարի Արքեպիսկոպոս Ռապըրթ Իննէս ստորագրեց Պատրիարքարանի պատուոյ տոմարը եւ առաջնորդուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ մայր եկեղեցի, ուր կատարեց իր ուխտի աղօթքը։
Գումգաբուէն հրաժեշտ առնելէ առաջ ան խորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած անկեղծ հիւրընկալութեան համար։
ՊԱՐԻԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ
Միւս կողմէ, անցեալ շաբաթավերջին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան մասնակցեցաւ Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ կազմակերպուած միջեկեղեցական հաւաքի մը։ Սուրբ Էճիտիօ միաբանութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպը-ւած էր այս հաւաքը, որու ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն առկայ վիճակն ու ապագայ հեռանկարները։ Մասնակիցներու շարքին էին Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, որոնք սուրիահայութեան դիմագրաւած հարցերը բացատրեցին հանգամանօրէն։ Իր կարգին, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ ներկայացուց «Արեւելքի մէջ նեղ ճանապարհ» խորագրեալ զեկուցում մը։
Հաւաքի մասնակիցները կատարեցին նաեւ միջեկեղեցական աղօթք մը վասն խաղաղութեան։