ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է խօսակցութիւնը։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցերու շուրջ եւ անդրադարձան քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մարտահրաւէրներու դէմ ձեռնարկուած միջոցառումներուն։ Մնացականեան եւ Լաւրով անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, որ յառաջ կը տարուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։
Այս հեռախօսազրոյցը կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ՝ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ վերջին շրջանին ստեղծուած կացութեան տեսակէտէ։ Սերկէյ Լաւրով միջոց մը առաջ յայտարարած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս կը քննարկուի փուլային լուծման տարբերակը։ Երեւանի ղեկավարութիւնը հերքած էր ռուս նախարարի խօսքերը։ Բաց աստի, Հայաստան վերջին շրջանին բարձրաձայնած է Ռուսաստանի հասցէագրուած ակնկալութիւն մը, որպէսզի իր ներածած բնական կազի սակագինը զեղչուի։ Ռուսական կողմը պատրաստակամ չէր գտնուած հայկական կողմի այդ պահանջին ընթացք տալու։ Ի լրումն այս բոլորին, Հայաստանէ ներս ռուսական դրամագլուխով գործող շարք մը ընկերութիւններ վերջին շրջանին դատաիրաւական մարմիններու կողմէ հարցաքննութեան կ՚ենթարկուին՝ ապօրինութիւններու պնդումով։ Ուստի, այս բոլորով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ երէկ Մնացականեանի եւ Լաւրովի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցը ունեցաւ կարեւոր նշանակութիւն։
«ՊԻՏԻ ԱՇԽԱՏԻՆՔ»
Զօհրապ Մնացականեան վերջերս Հայաստանի խորհրդարանին մէջ ալ երեսփոխանի մը հարցման պատասխանելով անդրադարձաւ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու մէջ ստեղծուած կացութեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս կապակցութեամբ ան ըսաւ.
«Մենք ունինք հայ-ռուսական յարաբերութիւններ, որոնք բաւական յագեցած են իրենց օրակարգով, ունինք պատմութիւն, այս բոլորը կը հիմնուին հիմնարար դաշնակցային յարաբերութիւններու, բոլոր սկզբունքներու վրայ, որոնք արտայայտուած են մեր բազմաթիւ իրաւական փաստաթուղթերուն մէջ, ունին շատ յստակ կիրառական արտայայտութիւն։ Այդ յարաբերութիւնները կը վերաբերին բազմաթիւ բնագաւառներու՝ անվտանգութենէն սկսեալ։ Մեր կառավարութիւնը բազմիցս յայտարարած է, որ այդ յարաբերութիւնները եղած են ու կը մնան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մին։ Եւ այդ ոգիով մենք կը շարունակենք աշխատիլ Ռուսաստանի մեր գործընկերներուն հետ։ Բնականաբար, կան հարցեր՝ Հայաստանի կողմէ, Ռուսաստանի կողմէ այնպէս, ինչպէս կան հարցեր մնացեալ բոլոր գործընկերներուն հետ։ Բայց կարիք չկայ զանոնք ողբերգութեան վերածելու։ Ասոնք յարաբերութիւններ են, որոնք ոչ անպայման պէտք է սկսին ու վերջանան կենացներով։ Իւրաքանչիւրը ունի իր շահերը, իր գերակայութիւնները։ Սակայն ասոնք համագործակցային, դաշնակցային յարաբերութիւններ են։ Եւ այսպէս ալ կը շարունակենք եւ պիտի շարունակենք աշխատիլ՝ որպէս երկու հաւասարազօր գործընկեր, բարեկամ, դաշնակից պետութիւններ»։