ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՐԻ՛ Է
Բնութիւնը՝ Աստուծոյ ձեռագործն է եւ ուստի «բարի» է ե՛ւ «գեղեցիկ»։ Արդարեւ, գեղեցկութիւնը՝ «անկեղծութիւն» է եւ փոխադարձաբար, անկեղծութիւնը՝ գեղեցկութի՛ւն։ Այս իմաստով Բնութիւնը անխարդախ եւ անկեղծ գեղեցկութի՛ւն է։ Բնութեան գեղեցկութիւնը անկեղծ գեղեցկութիւն է, քանի որ մարդկային ձեռագործ չէ ան, այլ՝ աստուածայի՛ն ձեռագործ։
Ոչ մէկ մարդկային ձեռագործ՝ գեղեցիկ է որ «անկեղծ» չէ։ Եւ որքա՜ն կեղծիք կայ ար-ւեստականին մէջ։
Մարդկային նկարագիրն ալ՝ Բնութեան նման՝ այն ատեն գեղեցիկ է, երբ անկե՛ղծ է։
Համայն Բնութիւնը՝ որ Աստուծոյ ձեռագործն է՝ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը, կը կրէ անկեղծութեան յատկանշական դրոշմը։ Մարդիկ, շատ շատ կ՚օրինակեն Բնութիւնը արուեստականօրէն. եւ օրինակութիւնը նախատիպարին կեղծո՛ւմն է։ Եւ այս կեղծումը, կամ եղծումը, խոստովանութիւնն է մարդկային կարողութեան սահմանաւորութեան։
Մարդ իր արուեստով երբեք չի կրնար մրցիլ Աստուծոյ հետ։ Ուստի մարդկային պարծանքը, մարդկային հպարտութիւնը իր հանճարին մասին ունայն է։
Մարդ, անտեղի եւ անիմաստ միջամտութիւններով Բնութեան սկզբնական անկեղծ գեղեցկութիւնը եւ բարութիւնը կը վերածէ տգեղութեան եւ պատճառ կ՚ըլլայ, որ ան կորսնցնէ իր անկեղծութիւնը։ Ահաւասիկ, հո՛ս է «բնական»ին եւ «արուեստական»ին տարբերութիւնը։ Եւ հոս է որ կը յայտնուի պարզութեան գեղեցկութիւնը եւ օրինակուածին կամ արուեստականին կեղծ-գեղեցկութիւնը, եւ զգալի կը դառնայ անոնց տարբերութիւնը։ Անշուշտ որ ամէն արուեստական գործ բոլորովին կեղծ գեղեցկութիւն մը չի ներկայացներ, բայց պէտք է ընդունիլ, որ բնականին չափ գեղեցիկ չի կրնար ըլլալ, քանի որ բնականը աստուածային է եւ արուեստականը՝ մարդկայի՛ն։ Եւ մարդկայինը միշտ ունի թերի կողմ մը, քանի որ մարդ կատարեալ չէ եւ ունի միշտ թերութիւն մը։
Երբ կ՚ըսենք, թէ արուեստականը, այսինքն մարդկային ձեռագործը կեղծ-գեղեցկութիւն է, պիտի ըլլան առարկողներ, ըսելով թէ՝ ինչե՜ր հնարած, շինած, ինչե՜ր ստեղծագործած է մարդ, եւ տակաւին կը շարունակէ շինել, իր զարմանալի հնարագիտութեամբը։ Անտարակո՜յս։ Մարդ իրապէ՛ս, դարերու ընթացքին որքա՜ն յառաջդիմած, որքա՜ն զարգացած է գիտութեան շնորհիւ. զոր օրինակ՝ վերջին շրջաններու արձանագրած գիտական եւ ճարտարարուեստական յառաջդիմութիւնները, հնարքները հրաշալիքներ չե՞ն։ Միայն սա վերջին տարիներուն մարդկային կեանքը հիմնովին փոխող նորութիւններ մարդկային մտքին արդիւնքը չե՞ն միթէ։
Բայց ո՞ր մարդկային հնարամտութիւնը, ո՞ր մարդկային սերունդը, ո՞ր մարդկային հնարագիտութիւնը կրցաւ, զոր օրինակ, ծով մը ստեղծել, ծով մը ջուրով լեցնել եւ ստեղծել անոր խորութիւններուն մէջ անհաշուելի թուով եւ զանազանութեամբ «կենդանական կեանք» մը։ Ո՞ր մարդկային միտքը կրցաւ Բնութեան հրաշալի՜ ներդաշնակութիւնը, հաւասարակշռութիւնը նոյնութեամբ օրինակել…։ Այո՛, մարդ շա՜տ յառաջդիմութիւն արձանագրեց, կասկած չկա՛յ, բայց միշտ ունեցաւ թերութիւն մը, միշտ տկարութիւն մը, միշտ անկատարութիւն մը…։
Աշտարակներ, բազմայարկանի շէնքեր կրնայ կանգնեցնել մարդ, կրնայ մարդամեքենաներ, արուեստական միտքեր հնարել. բայց միա՛յն Աստուած կրնայ ստեղծել լեռներ, միա՛յն Աստուած կրնայ ճշմարիտ մարդը ստեղծել՝ անկեղծ եւ գեղեցիկ Բնութեան հարազատ մէկ մասը…։ Մարդ կրնայ շինել պալատներ, աշխարհի վրայ, բայց միա՛յն Աստուած կրնայ շինել բնական քարայրներ, որոնց քով խաղալիկ կը մնան պալատներ…։ Եւ այսպէս՝ ամէն ձեռագործ որ արտադրութիւնն է մարդկային ճարտարագիտութեան, երբեք չի կրնար հաւասարիլ աստուածային որեւէ ստեղծագործութեան։
Բնութիւնը՝ որ աստուածային ստեղծագործութիւն մըն է, պարզ է բայց գեղեցիկ եւ անկեղծ։ Բնութիւնը երբ տրուած է մարդուն՝ զայն չափաւոր կերպով վայելելու համար, օգտագործելու համար, երբ անտեղի միջամտութիւններով խանգարուի անոր ներդաշնակութիւնը, պարզութիւնը եւ անկեղծութիւնը, ան կը սկսի հետզհետէ տգեղնալ՝ կորսնցնել իր պարզ եւ անկեղծ գեղեցկութիւնը։
Մարդկային հպարտութիւնը ի վերջոյ կը քանդէ եւ կը կործանէ Բնութիւնը, եւ Բնութիւնը կ՚այլասերի, կը վատասերի եւ կատարեալ «վտանգ» մը կ՚ըլլայ մարդուն համար, մարդկութեան համար…։
Անշուշտ որ մարդ պիտի յառաջդիմէ, անշուշտ որ իր միտքը պիտի գործածէ, գիտութեան մէջ պիտի զարգանայ, քանի որ մարդ կոչուած է մշակելու Բնութիւնը, բայց ո՛չ երբեք վատասերելու, կործանելու զայն իր անտեղի միջամտութիւններով։
Վերջապէս, մարդկային հպարտութիւնը, ինքզինք ամենաբաւ, կատարեալ կարծելը բանաւոր հիմ չունի, երբ յիշէ թէ՝ թէեւ կարողանայ մինչեւ լուսինը՝ եւ անկէ անդին՝ մոլորակներէն մէկուն հասնիլ թռչնաթեւ նաւով մը որ, ձայնի արագութենէն քանի մը պատիկ արագութեամբ կրնայ սուրալ, բայց անկարող է կազմել ճանճ մը՝ որ իր բնազդովը իր ուղղութիւնը կը գտնէ եւ առանց արտաքին միջամտութեան կրնայ ուզած ատենը կենալ, կանգ առնել եւ կամ ուզած ատենը թռչիլ։
Մարդ կրնայ շա՜տ բան շինել, բայց անկարող է ճանճ մը իսկ ստեղծել…։
Դարերու ընթացքին, բնական երեւոյթներու հանդէպ մարդուն անկարողութիւնը, անճարակութիւնը կը վկայեն անոր անկատարութեան։ Մարդ թէեւ աւելի վերջ, իր բանականութեամբ ճար մը կը գտնէ յաղթահարելու կարգ մը դժուարութիւնները, անակնկալներու պատճառած վտանգները, բայց առաջին ակնարկով ան ցոյց կու տայ իր թերութիւնը եւ անկատարութիւնը։ Ուստի մարդ չի կրնար մրցիլ Աստուծոյ հետ եւ չի կրնար Աստուծոյ ձեռակերտ Բնութիւնը փոխել, իսկ եթէ փորձէ, կը տուժէ՛։ Մարդ պէտք է վայելէ եւ օգտագործէ Բնութիւնը որոշ սահմաններու մէջ, յարգէ իրեն տրուած սահմանը եւ պէտք է ընդունի, որ ինք «արարած» է եւ ո՛չ թէ «արարիչ», որ է միայն իսկական Արարիչը եւ Նախախնամը՝ Աստուա՛ծ։
Մարդ, ընդհանրապէս, իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ իր եւ իր գործերուն վրայ, իր եւ իր գործերուն մեծութեան վրայ եւ ինքզինք «մեծ» կը համարէ։
Մե՜ծ է մարդ իր «մեծութեան սահմանին մէջ», բայց որքա՜ն պզտիկ երբ իր մեծութիւնը համեմատութեան մէջ դնէ Աստուծոյ մեծութեան հետ։
Ո՞ւր է թէ մենք, մարդիկս ալ ըլլայինք Աստուծոյ ստեղծած Բնութեան նման օծուն շնորհքներով պարզ, գեղեցիկ եւ անկեղծ…։
Ուստի, մարդ պէ՛տք է ընդունի իր թերութիւնները եւ անկատարութիւնը եւ ընդունի, որ տակաւին շա՜տ երկար ճամբայ կայ կատարելութեան հասնելու համար՝ որուն համար պէտք է շա՜տ աշխատի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 30, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024