ՔՈՉԱՐԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան այս առաւօտ վիրահատութեան ենթարկուեցաւ Երեւանի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հիւանդանոցի տնօրէն Արմէն Չարչեան յայտնեց, որ գործողութիւնը անցած է ծրագրուած ձեւով, Քոչարեանի ինքնազգացողութիւնը բաւարար է ու կը գտնուի բժիշկներու մշտական հսկողութեան ներքեւ։

Ապրիլի 28-ին Ռոպերթ Քոչարեան հիւանդանոց փոխադրուած էր։ Բժիշկները նախապէս յայտնած էին, որ այս օրուան գործողութիւնը ունի ախտաճանաչման բնոյթ եւ արդիւնքի հիման վրայ պիտի որոշուի, թէ Ռոպերթ Քոչարեան ինչպիսի վիրահատութենէ մը պիտի անցնի։

25 յունիս 2019 թուականէն ի վեր Ռոպերթ Քոչարեան բանտարկուած է։ Ան կը դատուի 1 մարտ 2008 թուականին տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն բերումով։ Երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ է իր խափանման միջոցի փոփոխման եւ բանտէ ազատման պահանջը։ Անցեալ շաբթուան մէջ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանէն ներս տեղի ունեցած է դատավարութիւն մը, որու ընթացքին քննարկուած էր այդ պահանջը։ Դատակազմը արդէն այս օրերուն կ՚արձակէ իր վճիռը։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020