«ՔՈՆՎԵՆՑԻԱ»ՆԵՐՈՒ ՊԱՅՔԱՐԸ … ԵՒ ՄՆԱՅՈՒՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ

Այն օրէն ի վեր, երբ Հայաստանի մէջ քաղաքական փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, ճիշդ այդ ժամանակէն քիչ անց զանազան շրջանակներու կողմէ քննարկման դրուեցաւ «Քոնվենցիա»ներու (պայմանագիր) հարցը, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ իր կարեւոր տեղը ունենալ Հայաստանի զանազան խնդիրներ դիմագրաւող հասարակութեան մէջ։

«Քոնվենցիա»ն կամ «պայմանադրութիւն»ը, որուն կ՚ակնարկեմ, ունի տարբեր շերտեր եւ որ կը միտի կարգի բերել որեւէ հասարակութեան խորշելի եւ յոռի երեւոյթները։

Այս խնդիրը այսօր դարձեալ լոյսի տակ է, որովհետեւ Հայաստանի Ազգային ժողովը, իր ժամ առաջ գումարած նիստի ընթացքին վաւերացուց՝ «Լանզարոտ» անունը կրող կանոնադրութիւնը, որուն հիմնական առաջադրանքն է սեռային դաստիարակութիւն տալ Հայաստանի պատանիներու այն խաւին, որ կը պատրաստուի երիտասարդութեան շեմը մտնել։

Եթէ հարցերը դուրսէն դիտենք ու շատ չխորանանք ընդունուած օրէնքը բաղկացնող զանազան շերտերուն մէջ, ապա մենք ալ հակուած պիտի ըլլանք եզրակացնելու, թէ այս օրէնքն ալ շատ լաւ է ու կու գայ աւելնալ այն հարիւրաւոր օրէնքներուն վրայ, որոնք մինչեւ հիմա կան, կը գործեն, սակայն ոչ միայն արդիւնաւէտ չեն, այլ նաեւ ու, ամենակարեւորը, չունին մեր հասարակութիւնը քայլով մը առաջ տանելու, դաստիարակելու կամ դրական շունչ մը բերելու ունակութիւնը։

Անշուշտ միայն մեր մօտ չէ, որ այսպէս է, սակայն մեր պարագային այս օրէնքներուն վրայ կու գայ աւելնալ որոշ մտավախութիւն մը, որ Հայաստանի հասարկութեան կարեւորագոյն շերտին համար անընդունելի է։

Խօսքը ընտանեկան արժէքները, մեր հասարակութեան աւանդական մօտեցումները խնդրականացնելու մասին է, որուն պատճառով ալ հայաստանցիք անընդունելի եւ «սադրիչ» կը համարեն նմանօրինակ օրէնքներու որդեգրումը։

Շատեր կ՚ըսեն, թէ ինչպէս «Իսթանպուլի քոնվենցիա»ն կամ «Պոլսոյ պայմանադրութիւն»ը, այս օրէնսդրութիւնը, որ ինչպէս վերը նշեցի, կը կրէ «Լանզարոտ» անունը, կը միտի պաշտպանութեան տակ առնել եւ ապաւէնի խաւով մը պատել Հայաստանի այն փոքրիկները, այն պատանիները, որոնք ինչ-ինչ պատճառներու կամ հանգամանքներու բերումով խոցելի են։

Իսկ բոլոր անոնք, որոնք նման օրէնքներու որդեգրման կտրականապէս դէմ են, անոնք ալ կը հաւատան, թէ այդ օրէնքները ոչ միայն կը միտին խաթարել հայկական-աւանդական արժէքները, այլեւ՝ արեւուն հանել շատ մը խոցելի երեսակներ, բարքեր, սովորոյթներ եւ նոյնիսկ հիւանդագին մօտեցումներ, որոնք պահուած են հայկական օճախներու կարպետներուն տակ։

Կայ նաեւ իրականութիւն մը, որ նոյն այս «Քոնվէնցիա»ներու մեծ պայքարը, որ յաճախ կը հասնի իր գագաթնակէտին, կ՚օգտագործուի որպէս «քաղաքական զէնք» եւ կը դառնայ առիթ, որպէսզի ներկայ իշխանութիւններուն դէմ երեւելի պայքար մղող կողմերը միաւոր մը եւս կուտակեն ու յաչս Հայաստանի հանրութեան ըսեն. «Տեսա՞ք այս իշխանաւորները, անոնք եւրոպական արժէքներ կը ներմուծեն եւ այդպէսով կ՚ուզեն քանդել մեր աւանդական արժէքներու հիմքը հանդիսացող հայկական-աւանդական ընտանիքը»։

Բաւական բարդ է իրավիճակը այն իմաստով, որ խորքին մէջ այս իշխանութիւնները իրենք եւս մինչեւ հիմա չեն կրցած կողմնորոշուիլ, որ այսպիսի օրէնքներ «ներմուծել»ով՝ Հայաստանի համար բարի՞ք մը կ՚ընեն, թէ՞ իրենց ընդդիմախօսներուն ջրաղացին ջուր կ՚աւելցնեն։

Ու ասկէ անդին ալ ամենակարեւորը այն է, որ նման օրէնքները երբեք պիտի չկարողանան դրական արձագանգ մը ունենալ՝ այն իմաստով, որ վիրաւոր, անկեալ, աղքատութեան հետեւանքով ընկերային խոցելի կարգավիճակով ապրող եւ վիրաւորեալ մեր ընտանիքները բուժուին։

Բուժելը ի վերջոյ պալար պարունակող վէրքին վրայ քսուկ մը աւելցնելով չ՚ըլլար։ Բուժուիլը անպայման վէրքը իր հիմքէն մաքրելով, այդ վէրքին մէջ ապրեցնող հեղուկներ, մաքրող հեղուկներ աւելցնելով կ՚ըլլայ։ Իսկ ամենակարեւորը առկայ վէրքը եւ հանրութեան մեծ ու փոքր վէրքերը՝ մեր ժողովուրդի աւանդական արժէքներուն համապատասխան եւ զանոնք ապրեցնելով կը բուժուի։

Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները այլ ճանապարհ չունին, որովհետեւ այն ինչ որ դարի՜ւ-դարի՜ւ պահուած ու ամրացած է մեր մէջ, դարձեալ պիտի յորդի եւ ծովերու ալիքներուն պէս իր հետ առնէ տանի այն բոլոր օտարամուտ օրէնքները, որոնք նախ եւ առաջ կ՚ուզեն հարուածել մեր իրական արժէքները։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020