«ԼՈՂԱՑՈՂ ՈՒՀԱՆԸ»

Ո՞ր երկիրը առաջին անգամ պիտի նկարահանէ «Ադամանդեայ արքայադուստր» («Diamond Princess») անունով նաւուն մասին առաջին շարժապատկերը: Մինչ բեմադրիչները կը քննարկեն քորոնա վարակի թիրախ դարձած նշանաւոր ճամբորդանաւուն մասին ժապաւէն մը ստեղծելու գաղափարը եւ բեմագրութիւններ կը գրուին, անդին «Ադամանդեայ արքայադուստր» նաւը գործածութեան յանձնած ծովային ճամբորդական ընկերութիւնը կը հաշուէ իր վնասները, զորս կրած է քորոնաժահրի ընթացքին: Զբօսանաւը, որ 2004 թուականէն սկսեալ սովորաբար ամրան կը նաւարկէ Ալասքայի եւ ձմրան Ասիոյ մէջ, այս տարի նաւ թափանցած վարակին պատճառով դադրեցաւ նաւարկութիւնը եւ տակաւին երկար ժամանակ պիտի չնաւարկէ՝ մինչեւ վերջանան քորոնայի մասին տխուր յիշողութիւնները: Այդ յիշողութիւններէն մաս մը բաժին հասած է նաւուն, որուն վրայ ուղեւորներ մահացած են եւ վարակը արագօրէն տարածուած է զբօսանաւուն մէջ, ինչպէս նաեւ վարակած շուրջ 700 հոգի:

«Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը նաւը կոչած է «Լողացող փոքր Ուհան»: Գրողները ապագայ շարժանկարի համար լաւագոյն խորագիր նկատած են այս մէկը, բայց շատեր համոզուած են, որ նկարահանուելիք շարժանկարին մէջ գլխաւոր դերը պիտի յատկացուի իտալացի նաւապետին եւ թերեւս գիրք մըն ալ գրուի՝ «Քաջարի նաւապետը» խորագրով: Ան վարակուած նաւը վերջին լքողը եղած է՝ մինչ այդ փութաջան կերպով քաջալերելով ուղեւորները:

Այս տարուան փետրուար 5-ին, երբ դեռ աշխարհի տարածքին չէր յայտարարուած համավարակին մասին, «Ադամանդեայ արքայադուստր» նաւը արգելանոց մտաւ, երբ անոր վրայ ճամբորդող հոնկքոնկցի ուղեւորին մօտ ատկէ օրեր առաջ յայտնաբերուեցաւ քորոնաժահրը: Ոչ միայն նաւուն անձնակազմը, այլ նաեւ աշխարհը այդ օրերուն տակաւին չէր պատկերացներ քորոնային վտանգները ամբողջութեամբ, ուստի նաւը մտաւ արգելոցի շրջան, բայց ուղեւորները մեկուսացուեցան խառն կարգով՝ բոլորը մէկ վայրի մէջ, սկիզբը դժուար եղաւ գտնել եւ զատել հիւանդները: Ահա թէ ինչո՞ւ վարակուածներուն թիւը մեծ էր՝ մօտաւորապէս 700 հոգի:

Իր հերթական շրջագայութեան համար նաւը դուրս ելաւ յունուար 20-ին՝ Ճաբոնի նաւահանգստային քաղաք Եոքոհամայէն: Շրջագայութիւնը երկու շաբաթ տեւեց, նաւը պտտեցաւ Հարաւչինական ծովու զանազան երկիրներու ափերը եւ վերադարձաւ: Անոր վրայ 50 երկիրներէ ուղեւորներ կային՝ 3800 հոգի, որոնցմէ 2700-ը ճամբորդներ էին, 1100-ը՝ անձնակազմի անդամներ: Փետրուար 3-ին նաւը հասաւ Եոքոհամա, իսկ յունուար 25-ին՝ Հոնկ Քոնկ, ուր իջաւ նաւուն հոնկքոնկցի մէկ ուղեւորը, որուն մօտ քորոնաժահր յայտնաբերուած էր: Այդ դէպքը առիթ դարձաւ, որ փետրուար 3-ին ճաբոնական իշխանութիւններուն ներկայացուցիչները նաւ բարձրանան եւ նաւուն վրայ յայտարարեն արտակարգ դրութիւն: Ճաբոնի Առողջապահութեան նախարարութեան որոշումը սկսաւ կիրարկուիլ փետրուար 5-ին: Ուղեւորները փորձանակներով ստուգելէ ետք վարակուածներուն թիւը հասաւ 10-ի, ապա աւելցաւ կրկին 10-ով. բոլորը հիւանդանոցներ փոխադրուեցան: Առաջին 10 վարակեալները Ճաբոնի, Չինաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ եւ Փիլպպեաններու քաղաքացիներ էին։

6 փետրուար 2020 թուականին նաւը կանգնեցաւ նաւահանգիստի խարսխակայանին մէջ եւ այդ ժամանակ նաւուն վրայ 3600 մարդ կար. միւս բոլորը վարակի նշաններով լքեցին նաւը եւ մեկուսարաններ փոխադրուեցան: Վարակակիրներուն թիւը աւելցաւ արգելոց-մաքրանոցի շրջանին: Փետրուար 10-ին յայտնաբերուեցաւ 130 վարակակիր, փետրուար 12-ին՝ 175, որոնցմէ երկուքը վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ էին, իսկ երկուքը՝ արհեստական ճանապարհով թթուածին կը ստանային:

Փետրուար 16-ին վարակակիրներուն թիւը հասաւ 355-ի։ Փետրուար 17-ին վարակակիրներուն ընդհանուր թիւը հասաւ  454-ի, որոնցմէ 14-ը ղրկուեցան Միացեալ Նահանգներ: Ասոնք կը գտնուէին այն 328 մարդոց շարքին, զորս Միացեալ Նահանգներ տարհանեց եւ ղրկեց Գալիֆորնիոյ եւ Թեքսասի մաքրանոցի վայրեր:

Փետրուար 18-ին վարակակիրներուն ընդհանուր թիւը կազմեց 542, նմուշառումներու ենթարկուեցաւ 2404 հոգի։ Գանատան, Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլը եւ այլ երկիրներ նաւապտոյտի մասնակից իրենց քաղաքացիները, յատուկ չուերթներով, անմիջապէս տարհանեցին: Ամէն ինչ այնպէս կ՚ընէին, որ խուճապ չյառաջանայ, բայց եւ այնպէս անմիջապէս աշխարհի տարածքին համաճարակ յայտարարուած էր եւ քորոնաժահրով բռնկուած նաւէն տարհանուած մարդիկ բոլորին ուշադրութեան կեդրոնին էին:

Փետրուար 20-ին հիւանդանոցին մէջ մահացան նաւէն դուրս եկած 84 եւ 87 տարեկան ճաբոնցի երկու քաղաքացի՝ ամուսիններ: Այդ մասին նաւուն վրայ բարձրախօսով յայտարարուեցաւ: Երեք օր ետք մահացաւ Ճաբոնի քաղաքացիութիւն ունեցող երրորդ ուղեւորը, քանի մը օր ետք չորրորդ ուղեւորը՝ տարեց ճաբոնցի մը:

Փետրուար 28-ին քորոնաժահրի հետեւանքով մահկանացուն կնքեց հինգերորդ անձը, որ Մեծն Բրիտանիոյ 70 տարեկան     քաղաքացի մըն էր եւ ան ալ նաւով կը ճամբորդէր:

Մարտ 1-ին Աւստրալիոյ մէջ մահացաւ 78-ամեայ քաղաքացի մը, որ նախապէս տարհանուած էր նաւէն։

Մարտ 6-ին մահացաւ եօթներորդ ուղեւորը, որ Հոնկ Քոնկի բնակիչ էր։

Փետրուար 26-ին հաստատուեցաւ 705 ուղեւորներու վարակակիր ըլլալը՝ նմուշառումներու հիման վրայ:

1 մարտ 2020 թուականին աւարտեցաւ նաւուն վրայ սահմանուած արտակարգ դրութիւնը, Եոքոհամայի մէջ ափ իջան վերջին 130 ուղեւորները, որոնք երկու շաբթուայ մաքրանոցային շրջանէ անցած էին: Նաւը երկարատեւ ախտահանուեցաւ եւ սարքաշինական զննումներէ անցաւ:

…Այս չոր ու պարզ թիւերուն տակ, սակայն, ծովային երազային ճամբորդութեան ելած հազարաւոր մարդոց երազները, վախերը, յուզմունքը, տագնապը եւ ցնցումները կան: Վերջին անձը, որ նաւը լքեց, նաւապետն էր: Իտալացի Ճենարօ Արման՝ 25 տարուայ փորձառութեամբ նաւապետը, իր հայրենիքը վերադառնալուն պէս պարգեւատրուեցաւ նախագահին կողմէ։ Ան արժանացաւ Իտալիոյ Հանրապետութեան Պատուաւոր հրամանատարի կոչման: Ան հարկաւ չէր սպասեր նման կոչումի, քանի որ իր աշխատանքը կը կատարէր եւ հազարաւոր մարդոց կեանքին պատասխանատուն էր: Արման նաւագնացութեան 25 տարուան յարատեւ աշխատանքին 22 տարին անցուցած է միայն «Արքայական ճամբորդութիւն» նաւագնացութեան ընկերութեան մէջ եւ երբեք նման արտակարգ իրավիճակի չէ հանդիպած: Եղած են փոթորիկներ, ալեկոծումներ, խութեր եւ այլ խոչընդոտներ, որոնց հանդիպած է ան, բայց անոնք յաղթահարուած են: Նաւուն վրայ վարակին տարածումը աննախադէպ իրականութիւն մըն էր, որուն բախած է փորձառու նաւապետը: Ան բազմաթիւ յուզիչ տեսարաններու ականատես եղած է, բայց կրցած է քաջալերել նաւուն վրայ գտնուողները: «Սենթ Վալընթայն»ի օրը Արման ուղեւորներուն շաքարեղէն եւ քաջալերող բացիկներ ղրկած է: Ան նաեւ սիրոյ եւ համբերութեան մասին հատուածներ ընթերցած է Աստուածաշունչէն: Մանաւանդ երեկոները, ան առանձնացած է իր սենեակը եւ երկար աղօթած: Աղօթքին մէջ խորասուզուիլը միակ հոգեկան մխիթարութիւնը դարձած է կաթոլիկ իտալացիին համար: Յետոյ, իր հայրենիքին մէջ, ականատես ըլլալով համաճարակի սարսափազդու տեսարաններուն, Արման չէ մոռցած աղօթել եւ բոլորին խորհուրդ տալ՝ ըլլալ միասնական ու պայքարիլ:

Յետագային նաւուն ուղեւորներէն մէկը ըսած է, որ հակառակ իրենց խցակիցներու մահուան մասին լուրերուն, նաւապետին շնորհիւ նաւուն վրայ կը պահպանուէր հանդարտութիւն: Նաւուն անձնակազմը ստիպուած է փոխել սնունդի մատակարարման կարգը եւ ուտելիքը ղրկել նաւախուցեր եւ դռներու առջեւ դնել: Կար հազարէ աւելի նաւախուց, որոնք կը հսկէին նաւու անձնակազմէն վերահսկող խումբեր: Անոնք միջանցքներուն մէջ հսկողութիւն սահմանած էին: Իւրաքանչիւր ուղեւոր ունէր զբօսանքի ժամ՝ մաքուր օդ շնչելու համար զբօսակամրջակ դուրս գալու: Իսկ անոնք, որոնք իրենց սենեակին մէջ պատուհան ունէին, պատուհանէն կ՚օգտուէին, դուրս չէին ելլեր՝ կամրջակը զիջելով փոքր ու անարեւ սենեակով ուղեւորներուն:

Հակառակ այս հսկողութեան, յետագային մասնագէտները քննադատած են նաւուն անձնակազմը, որ թէ՛ վարակուածները, թէ՛ առողջները պահած են մէկ վայրի մէջ: Բայց նաւուն անձնակազմին համար դժուար եղած է հիւանդները առողջներէն զատել, քանի որ COVİD-19-ը երկար ժամանակ ախտանիշներ ցոյց չի տար եւ թաքնուած վարակ ունեցողները կրնան գտնուած ըլլալ առողջներուն հետ նոյն սենեակին կամ նոյն տարածքին մէջ: Նաւուն անձնակազմը եւ ամբողջ աշխարհը քորոնա համաճարակի փորձ չունէր, իբր այդ ալ թերացումները սպասելի էին: Նաւապետը կողմնորոշուած է իր բնազդով եւ գիտելիքներով, ի հարկէ՝ ենթարկուելով նաեւ նաւուն բուժական անձնակազմին եւ Ճաբոնի Առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն: Ուրիշ ուղեւոր մը պատմած է, որ նաւապետ Արմանը ինք նմանցուցած է Չեսլի Սալենպերկերին, որ Նիւ Եորքի Հատսըն գետին մէջ օդանաւի վայրէջքը կատարած օդաչուն է: 2009 թուականի այդ դէպքը աշխարհի մէջ ծանօթ է «Հրաշք Հատսընի վրայ» անունով: Այդ խորագրով ալ նկարահանուած է գետին մէջ վայրէջք կատարած օդանաւին մասին շարժանկարը՝ Թոմ Հենքսի գլխաւոր դերակատարութեամբ: Թռչուններուն հետ բախումէն ետք օդաչուն ստիպուած էր օդանաւը իջեցնել Հատսըն գետի սառցակալած ջուրերուն վրայ եւ օդանաւին մէջ գտնուող 155 մարդիկը փրկուած էին:

«Ադամանդեայ արքայադուստր» երեք հազարէ աւելի ուղեւորներով նաւուն մէջ ալ եօթ հոգիի մահը՝ չարեաց փոքրագոյնն էր: Բոլորը կ՚ողջունէին նաւապետ Արմայի թափանցիկ գործելակերպը: Ան կը նախընտրէր ոչինչ թաքցնել նաւուն վրայ գտնուողներէն եւ պարբերաբար տեղեկութիւններ կը հաղորդէր վարակակիներուն մասին եւ որքան ալ որ դժուար ըլլար իրեն համար՝ կը յայտարարէր մահացածներու անունները, որոնց հետ ուրախ նաւ նստած էին: Ոչ մէկ վարակակիրի մասին տեղեկութիւն թաքցուած է, հակառակ որ ատիկա սարսափ կը տարածէր նաւուն մէջ: Ամէն մարդ կը կասկածէր, որ ինքն ալ վարակակիր է եւ շուտով կը յայտնեն նաեւ իր անունը եւ կ՚իջեցնեն նաւէն: Ուղեւորները նամակներ, բացիկներ եւ յուշանուէրներ կը ձգէին նաւապետի սենեակին առջեւ: Զանազան կրօնքներու պատկանող ճամբորդներ միասնաբար կ՚աղօթէին, մանաւանդ՝ նաւապետին եւ անձնակազմին առողջութեան համար: Արման նոյնպէս ստուգուած էր քանիցս, բայց անոր փորձանակը միշտ բացասական արդիւնք տուած էր: Ուղեւորները շնորհակալական նամակներ կ՚ուղղէին նաեւ խոհանոցի աշխատողներուն, միւս անձնակազմերուն, որոնք չլքեցին իրենց դիրքերը: Յետոյ այդ յուզիչ պատմութիւնները անոնք շարունակեցին իրենց երկիրներուն մէջ՝ երկշաբաթեայ սարսափի մասին պատմելով պատմութիւններ, որոնք դարձան հաղորդումներ, նիւթեր, տեսաժապաւէններ: Բոլորը վստահ էին, թէ իրենց կեանքը այլեւս ուրիշ արժէք մը ստացած է եւ գոհունակութիւն պիտի ունենան իւրաքանչիւր օրուան համար: Երկու շաբթուայ ընթացքին նաւը յայտնուած էր նշանաւոր լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին: Նկարահանողներ գիշեր ու զօր հեռուէն կը նկարէին նաւը, որ դարձած է այս տարուայ գլխաւոր նաւը:

Իտալացի նաւապետը յայտարարած է, որ առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային ինք անպայման կը նստի նաւուն ղեկին եւ կրկին բաց ծով դուրս կու գայ: Ան հետաքրքիր է տեսնելու բոլոր այն ուղեւորները, որոնց համար հարազատ են տախտակամածին վրայ կառուցուած կեանքը՝ սրճարաններով, պատկերասրահներով, ճաշասենեակներով, խաղասրահներով, լողաւազաններով, գիշերային ակումբներով եւ բոլոր այն զուարճանքներով, զորս արքայական նաւերը կ՚առաջարկեն ծովային ճամբորդութեան սիրահարներուն: Բայց արդեօք արքայական ճամբորդութիւնները այլեւս նոյնը պիտի ըլլա՞ն, ինչ որ էին քորոնայի ժամանակներէն առաջ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020