ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Հայաստան կը շարունակէ իր միջազգային գործընկերներու զօրակցութեան առարկայ դառնալ։ Այս ամբողջին մէջ, Հնդկաստանի կառավարութիւնը վերջին շրջանին հետեւողական ձեւով օժանդակութիւն կը կատարէ Հայաստանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Հնդկաստանի կառավարութեան կողմէ տրամադրուած դեղամիջոցներու խմբաքանակը հասաւ Հայաստան։

Մինչ այդ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս նոյն կապակցութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որու ընթացքին խորհրդանշական յանձնման-ընդունման կարգ մըն ալ իրականացուեցաւ։ Այսպէս, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աւետ Ադոնց ընդունեց Երեւանի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Քիշան Տան Տէուալը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին կապակցութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս կարեւորուեցաւ համաճարակի շրջանին ծաւալուած սերտ համագործակցութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այն քայլերուն, որոնք կ՚առնուին՝ երկու երկիրներու քաղաքացիներու իրենց հայրենիքը վերադարձը կազմակերպելու նպատակով։

Դեսպան Տէուալ փոխանցեց Հնդկաստանի կառավարութեան կողմէ Հայաստանին տրամադրուած եւ համաճարակի առկայ պայմաններուն ներքեւ ներկայիս աշխարհի վրայ մեծ պահանջարկ ունեցող հիտրոքսիքոլորիքի դեղամիջոցի խմբաքանակը՝ նախատեսուած շուրջ 5 հազար վարակեալներու բուժման համար։

Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան հեռանկարները։ Կողմերը անդրադարձան նաեւ տարածքաշրջանային խնդիրներու՝ ընդգծելով իրարու տեսակէտէ կարեւոր հարցերու մէջ ներկայ փոխադարձ ըմբռնումն ու աջակցութիւնը։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2020