ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԷՆ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԼՈՒՐԵՐ

Հայաստանի Ազգային գրադարանը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութիւնը կը ցոլացնէ վերջին շրջանին յառաջացած շարք մը խնդիրներ՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած առկայ իրավիճակին մէջ։ Ըստ այս յայտարարութեան, Հայաստանի Ազգային գրադարանը արտակարգ դրութեան պայմաններուն ներքեւ աշխատած է միայն առցանց, իսկ իր համակարգիչներու գլխաւոր սերվերները կարգաւորուած են հեռավար կերպով։ Մայիսի 10-ին պատահած է համացանցային կապի խափանում մը։ Գրադարանի ելեկտրոնիկի շտեմարաններու առցանց անհասանելիութեան պատճառները պարզելու նպատակով աշխատակիցները շէնքի պահպանութիւնը իրականացնող ոստիկաններէն մէկուն ուղեկցութեամբ որոշ ելեկտրական սարքեր յայտնաբերած են ծխեցուած (այրած) վիճակի մէջ։ Այնուհետեւ ժամանած է նաեւ շէնքէն ներս ծառայութիւն իրականացնող Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակիցը։ Ազգային գրադարանի տնօրէնութիւնը պատահածի բնոյթը եւ հանգամանքները պարզելու նպատակով անմիջապէս դիմած է Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարին, սակայն համապատասխան մասնագէտներ տակաւին չեն գացած գրադարան՝ դէպքի հանգամանքները պարզելու համար։ Շէնքի պահպանութիւնը իրականացնող ոստիկաններն ու Ազգային գրադարանի անվտանգութեան աշխատակիցը նշած են, որ ելեկտրական հոսանքի տատանումներ եւ խզում տեղի ունեցած է։ Այս վկայութեան լոյսին տակ տնօրէնութիւնը դիմում մը ուղարկած է նաեւ Հայկական ելեկտրացանցերու տնօրէնին՝ խնդրելով, որ ծրագրուած եւ կանխարգելիչ անջատումներու եւ հոսանքի տատանումներու վերաբերեալ տեղեկութիւն տրամադրուի։ Այդ դիմումն ալ մնացած է անպատասխան։

Ինչ կը վերաբերի սերվերներու սարքերուն եւ անոնց մէջ պահպանուած նիւթերուն, ապա երկար տարիներէ ի վեր թուայնացուած եւ արխիւացուած նիւթերը պահպանուած են նաեւ այլընտրանքային սարքաւորումներու մէջ, հետեւաբար այդ առումով արխիւացած նիւթերու կորուստ մը տեղի չէ ունեցած։ Իսկ սերվերային սարքերու թեքնիկ վիճակը, գրադարանի մասնագէտի կողմէ անոնց արտաքին տեսքէն դատելով տրուած գնահատականով՝ ըստ երեւոյթին, յուսադրիչ է։ Բայց եւ այնպէս, լիարժէք գնահատական մը տալ հնարաւոր կ՚ըլլայ միայն անոնց ստուգումէն յետոյ։ Այդ ստուգման կատարուիլն ալ կարելի պիտի ըլլայ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան կողմէ դէպքի քննութեան եւ անոր վերաբերեալ արձանագրութեան տրամադրումէն վերջ։ Ազգային գրադարանէ ներս այժմ նախաձեռնութիւններ կը կատարուին՝ ամբողջ աշխատանքային խարիսխը, թուայնացեալ ամբողջ նիւթերը ամպային համակարգ փոխադրելու նպատակով։ Այդ քայլերուն շնորհիւ Ազգային գրադարանի բոլոր նիւթերը կրկին հասանելի պիտի դառնան ընթերցողներու համար։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2020