Ո՞Վ Է ԼՐԱԳՐՈՂԸ
Օրեր առաջ պատահեցաւ շատ մասնագիտական դէպք մը, որուն հետեւանքները տակաւին երկար կրնան տեւել։
Խօսքը հարցազրոյցի մը ընթացքին ինծի հիւր եկած մասնագէտի մը կողմէ հնչած դիտարկումին մասին է, որ տակնուվրայ ըրաւ ամէն ինչ։
Մինչեւ այդ օրը իմ հատիկ-հատիկ տաշած, իրենց տեղերը լաւ մը ամրացուցած քարերս, ապա ամէն անձրեւէ ու տապ ամառէ ետք զանոնք մաքրած, չորցուցած ու կոշկոռներէն ազատած քարերս «շաղ տրուեցան» ու իմ անցնող տարիներու վրայ պատրաստած մեծ «փազըլ»ս գետին ինկաւ։
Խառն վիճակ կար իմ մօտ, որուն պատասխանէի ի վերջոյ կամ որուն բացատրէի այն բարդ կացութիւնը, որուն մէջ ինկած եմ ու անսպառ ճիգեր գործադրած, որպէսզի այդպիսի իրադրութեան առջեւ չգտնուիմ։
Այս մեծ ու ցաւոտ թոհուբոհին մէջ մեծ հարցում մըն էր, որ կը հալածէր զիս. ո՞վ է լրագրողը։ Ես օրէն գիրի մարդ եղած եմ. երիտասարդութեանս վաղ տարիներուն մարդոց կարծիք հարցնել, մարդոց հետ խորհրդակցիլ ու մանաւանդ մարդոց խօսքը, տեսակէտը կամ միտքը տեղ հասցնելը երբեք ալ չեմ համարած իմ առաքելութիւնս։ Տարբեր առիթներով ալ նոյնիսկ յանդգնած եմ հարց տալ՝ «ո՞վ է որ ատի» կամ «լրագրող, կա՞յ այդպիսի մասնագիտութիւն»։ Չմոռնանք, որ ես կու գամ Պէյրութէն ու ինչպէս իմ, ինձմէ առաջ ալ եղած սերունդներուն համար լրագրութիւնը մասնագիտութիւն մը չէր։ Վաղ 60-ականներուն ու գուցէ աւելի առաջ ալ մեր հայագաղութներուն մէջ, մէկ հոգի ամբողջ թերթի մը գործը կ՚ընէր։
Լուրը կը շարէր, կը սրբագրէր, նորէն կը կարդար, լուրին մասին ակնարկ մը կը գրէր, եթէ հարկ ըլլար, նոյնիսկ խմբագրական մը կը նուիրէր եւ այսպէս երկար տարիներ սփիւռքի հայկական թերթերը իրենց օրը կ՚անցընէին...
Մենք այդպէս գիտէինք, գիտէինք նաեւ, որ լրագրութիւնը նուիրում է, «գործ» մը չէ, ասպարէզ մը չէ, աւելի՛ն. մեզմէ շատեր համոզուած էին, որ պէտք չկայ լրագրութեան «Գաղտնի պարտէզ»ը մտնել (այսպիսի խորագրով բանաստեղծութիւն մըն ալ ունի մեծն Վահան Թէքէեանը), որովհետեւ հոն բոլոր մտնողները կա՛մ սոված պիտի մնային, կամ ալ սովէն պիտի մեռնէին...։
Այս բոլորը լռութեամբ կը պահուէր մեր մէջ, նման բնաբաններու «ներքին խօսակցութիւններու» նիւթ դառնալը կը ստեղծէր որոշակի խորհրդաւորութիւն մը, որուն հետեւանքով ալ սփիւռքի մէջ ցայսօր անգամ լրագրութիւնը չէ ընկալուած իբրեւ «լուրջ գործ», այլ մնացած է լուսանցքին վրայ եղող «յանձնառութիւն», առանց որուն գաղութը կամ համայնքը կրնան տուժել, հոգ չէ, որ նոյն այդ «պարապ գործ»ին հերոսները սովահար ու տնանկ իրենց «կարապի երգերը» գրէին։
Ուրախ էր աշխարհը հայոց, տարին հեղ մը պարահանդէս, բացառիկ թիւ, երկար-բարակ խմբագրական ու կաթիլ-կաթիլի վրայ հաւաքուած ղրուշներու մնացորդացով ապրող լրագրողական փոքրիկ համայնք մը, որուն հերոսները միշտ չէ, որ վարդերով կ՚ընդունուէին «մեծ դրան» կամ համայնքի առաջնորդարաններուն, որոշումի տեղերուն եւ պարզ հասարակութեան կողմէ։
Այս բոլորը դիտարկելէ ետք հիմա նորէն նոյն հարցն է, որ կը ծագի։ Ո՞վ է լրագրողը, որ իր սրածայր գրիչով պիտի կարողանայ գրել հայութիւնը եւ հայկական օրակարգը յուզող ամէն ինչի մասին, կամ ո՞վ է ան, որ գիտէ իր սահմանները յարգել, գիտէ մանաւանդ չքծնիլ, գիտէ խորասոյզ ըլլալ, բառերը ճիշդ տեղը դնել, ու գիտէ մանաւանդ, որ գլխաւոր ընելիքը, եթէ կ՚ուզէք առաքելութիւնը, մարդոց մտքերը բանալն է, անոնց մէջ մտածելու, վերլուծելու, սուտը իրականէն զատորոշել սորվեցնելու հմտութիւնն է, որ ան ձեռք պէտք է բերած ըլլայ երկար ճամբայ անցնելէ ետք միայն։
Լրագրողը շեփորահար չէ, ինչպէս կ՚ըլլան, կամ ստիպուած կ՚ըլլան ըլլալ թերթերը յաճախ։ Լրագրողը մունետիկ չէ, ինչպէս էին Պոլսոյ հայոց թաղերուն մէջ թերթ ու գրչութիւն, աւանդութիւն եւ արժէք հասցնող նուիրեալները։
Լրագրողը, սիրելիներ, ի վերջոյ պարզ բառերով բայց ոչ պարզունակ մօտեցումով, իր մտքերը անկեղծօրէն սեղանին փռող մարդ է, որուն համար բոլոր-բոլորը նոյնն են, որուն միտքն ու հոգին շաղախուած են մեր մեծ ու անկորնչելի արժէքներով։
Լրագրողը, բարեկամներս, «աթոռի մարդ»ը չէ, ոչ ալ ասոր-անոր ըրած գործերը գովերգողն է. պարզ նկարիչ է ան, որ երէկ կեցած էր Պէյրութի ափին, իսկ հիմա կը նայի մինչեւ Պոլսոյ հորիզոնը, իր բառերը ընտրելու ու իր մեծերուն աղօթքները սեղանին վրայ հատիկ-հատիկ դնելու համար։
Ու կայ նաեւ հաւատքը. լրագրողը հաւատացողն է մարդուն, մարդու արժէքներուն, որպէսզի երբ օրուայ աւարտին՝ իր վերջին ստորակէտին առջեւ եւ վերջակէտէն առաջ ու յետոյ մտածէ ու ըսէ՝ «Ես այսօր լաւ բան մը տուի աշխարհին»։
Լրագրողը մեծ հայրս է, որ տուն մտնելէ յետոյ՝ իր բոլոր քէները, բոլոր նեղութիւնները դուրս կը ձգէ եւ խոնարհ ծառայի պէս կը նստի սեղանին՝ աշխարհին սէր ու տնեցիքին բարի լուրեր հաղորդելու։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան