ԵՐԱԶԻ ՈՒՂԻՆ

Երազները հակուած են իրականանալու։ Սակայն երազ մը իրականացնելու համար անհրաժեշտ է հաւատք. հաւատք դէպի երազանք։

Բոլորը կրնան երազել, սակայն ոչ բոլորը կը հաւատան իրենց երազի իրականացումին։ Բայց ի զուր… Եթէ ունիս երազ, ունիս նաեւ ուժ, հնարաւորութիւն զայն իրագործելու։ Հակառակ պարագային ինչո՞ւ կ՚երազես մինչ այդ։ Չէ՞, որ երազիդ մասին խորհած ատեն ներքուստ փայլատակող լոյս մը զգացած էիր։ Այո՛, այո, այն ատեն քու մէջ ապրող Աստուած ժպտացած էր քեզի ու ըսած, որ դուն կրնաս։

Իսկ Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալէ վերջ, դուն պարտաւոր ես գործի լծուելու, առաջին իսկ վայրկեանէն բռնելու երազիդ իրականացման ուղին։

Մի՛ կարծեր, թէ այդ ճամբան պէտք է ըլլայ հարթ։ Երազներու իրականացման ուղիները խորտուբորտ են, լի բազում փորձութիւններով։ Փորձութիւններն ալ իրենց հերթին կը պահանջեն ժամանակ, համբերութիւն, վստահութիւն, նպատակասլացութիւն ու ջանասիրութիւն։ Գլխաւոր դերակատարներէն է նաեւ յամառութիւնը։ Ի սպառ պէտք է հրաժեշտ տաս յուսահատութեան ու յոռետեսութեան, քանզի ճաճանչափայլ երազները բնաւ չեն սիրեր գորշ ու մռայլ երանգներ։

Երազներուն բնորոշ է նաեւ խաբուսիկ հարթութիւնը։ Երբեմն քեզի կը թուի, թէ դէպի քու երազ տանող բոլոր ճանապարհները հարթ են եւ առանց աւելորդ ջանք թափելու ան ինքնին կ՚իրականանայ։ Սա խաբկանք մըն է, որուն կը յաջորդէ յուսահատութիւնը։ Անկարելի է, երազի մը իրականացման ճանապարհին չտարուիլ այս ապրումներէն ու զգացումներէն։ Կու գայ պահ մը, երբ այլեւս կը դադրիս պայքարելէ. «Բոլոր ջանքերս ապարդիւն եղան, աւելի լաւ է հրաժարիմ երազէս։ Առհասարակ երազելը ինծի համար չէ», սա յոռետես մտածումները որոշ ժամանակ կը դառնան մտքիդ մէջ։ Ի վերջոյ, կը յանգիս այն եզրակացութեան, թէ պէտք է հրաժարիս երազէդ, քու մեծ նպատակէդ։ Բայց… կ՚աղաչեմ, կանգ ա՛ռ։ Պահ մը խորհէ, միթէ յանձնուելէ վերջ ամէն բան առաւել դիւրին պիտի ըլլա՞յ, միթէ այդժամ արդէն ափսոսանքի միտքերը քեզ պիտի չտանջե՞ն…

Երազը կը նմանի հաւատքին, պէտք է հաւատաս, որպէսզի իրականանայ։

Կան մարդիկ, որոնք կը սիրեն երազել, ոմանք ալ կ՚ապրին երազի մէջ՝ ինչպէս ես, իսկ երրորդները՝ թերեւս իրատեսները հազարաւոր քիլօմեթրերով հեռու կը կենան անկէ։

Իւրաքանչիւր երազ ունի իր ուրոյն ուղին։ Եթէ կ՚ուզէք ձեր երազը դառնայ իրականութիւն, ապա, նախ եւ առաջ հաւատացէք անոր իրականացման։

Ի՞նչ է երազը։

Մեծ փափաք, ցանկութիւն, որ կը վերածուի նպատակի։ Կ՚ըսեն, թէ եթէ որեւէ բանի շատ կը փափաքիս, ամենէն առաջ պէտք է մտովի կարենաս տեսնել անոր իրականացման ուղին։ Զոր օրինակ, ես կ՚ուզեմ շքեղ առանձնատուն մը։ Մտովի պէտք է պատկերացնեմ տարածքը, ճարտարապետական տեսքը, մեծութիւնը, կահաւորումը, ննջասենեակներու եւ տան ամէն մէկ անկիւնի ձեւը։ Այսինքն, պէտք է մտքիդ մէջ յստակ պատկերացնելով կառուցես զայն։ Նոյնը կը վերաբերի աշխատանքին եւ մեր միւս փափաքներուն…

Կան մարդիկ, որոնք կը խուսափին երազելէ՝ պատճառաբանելով, թէ միեւնոյնն է չի կատարուի։ Վայրկեան մը, կեցի՛ր, խնդրեմ։ Առանց փորձելու ինչպէս կրնաս արդիւնքը որոշել։ Փորձը փորձանք չէ, իսկ ժամանակ՝ ծով ժամանակ ունիս։ Ամբողջ կեանք մը տակաւին քու առջեւդ է։ Օրերդ միապաղաղ ու տաղտկալի անցընելու փոխարէն՝ համեմէ նոր յոյզերով, սպասումներով։

Երազելը այնքա՜ն գեղեցիկ ու հաճելի զբաղում է։ Մի՛ վախնար անոր չափերէն։ Աստուած մեծ է, կ՚իրագործէ։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2020