ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ԴԷՊՔԵՐԸ ՀԱԶԱՐԻ ՇԵՄԷՆ ՎԱՐ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ վիճակագրական վերջին տուեալները կը շարունակեն յուսադրիչ ու դրական պատկեր մը ցոլացնել Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 33 հազար 633 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 961 նոր վարակեալ։ Հաստատուած նոր դէպքերու հազարի շեմէն վար ըլլալը կը համարուի կարեւոր ձեռքբերում մը։ Երէկուան դրութեամբ 27 հոգի մահացած է եւ այսպէսով Թուրքիոյ մէջ համաճարակի հետեւանքով զոհուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 4 հազար 249-ի։ Երէկուան դրութեամբ 1003 հիւանդ բուժուած է եւ ցայսօր առողջացածներու ընդհանուր թիւը բարձրացած է՝ 114 հազար 990-ի։

Ըստ վերջին տուեալներուն, ներկայիս 820 հիւանդ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ։ Արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ է 424 վարակեալ։

Մեծ հաշուով, ցայսօր Թուրքիոյ մէջ 1 միլիոն 729 հազար 988 քննութիւն կատարուած է եւ հաստատուած դէպքերու թիւն է՝ 153 հազար 548։

Միւս կողմէ, լրատուամիջոցները լայն տեղ կը յատկացնեն ժողովուրդին ուղղեալ գիտնականներու խորհուրդներուն։ Այս ամբողջին մէջ բոլորը կարեւորութեամբ կը զգուշացնեն, որ մօտալուտ Ռամազանի տօնի օրերուն պէտք է խուսափիլ այցելութիւններէ եւ հաւաքական պաշտամունքէ։

Ինչպէս ծանօթ է, այս շաբաթավերջէն սկսեալ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ փողոց դուրս գալու չորս օրուան նոր սահմանափակում մը պիտի գործադրուի։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020