ՊԱՇԱՔՇԵՀԻՐԻ ՄԷՋ ՔԱՂԱՔ-ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ Իսթանպուլի մէջ երէկ հսկայական նոր հիւանդանոց մը բացուեցաւ։ Թուրքիոյ եւ Ճաբոնի համագործակցութեամբ կառուցուած այս հիւանդանոցը կը գտնուի Պաշաքշեհիրի մէջ։ Քաղաք-հիւանդանոց մըն է այս մէկը, որու բացման արարողութեան ընթացքին Էրտողան ունեցաւ ելոյթ մը։ Հեռավար դրութեամբ Ճաբոնի վարչապետ Շինծօ Ապէ եւս մասնակցեցաւ արարողութեան ու փոխանցեց իր պատգամը։

Նախագահ Էրտողան ելոյթին մէջ շեշտեց, որ Իսթանպուլ դարձած է առողջապահութեան ծառայութիւններու միջազգային կեդրոն մը։ Իր խօսքով՝ երբ աշխարհի վրայ առողջապահական համակարգերը կը կքին եւ հանրային կարգը կը խախտի, այսպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ Թուրքիա եւ Ճաբոն օրինակելի յաջողութիւն մը արձանագրած են։ Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ քորոնաժահրի համաճարակին եւ յայտնեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ իր հնարաւորութիւնները ի սպաս դնել համայն մարդկութեան համար։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020