ԵՐԿՐՈՐԴ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
«Ճշմարտութեան սէրը կ՚որոշէ սուրբ ժամանցը, իսկ սիրոյ անհրաժեշտութիւնը կ՚ընդունի արդար աշխատանքը», կ՚ըսէ Եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրերէն Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։
Ինչո՞ւ յիշեցինք Եկեղեցւոյ մեծագոյն հա՛յրերէն Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի այս խօսքը. որովհետեւ սէրը ամէն էութեան սկզբնապատճա՛ռն է, Աւետարանի հիմնական սկզբունքը եւ Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքի առաջնակարգ գաղափարը։ Ուստի Քրիստոսի վարդապետութիւնը հիմնուած է սիրոյ ազնիւ եւ աստուածային զգացումին վրայ եւ Ի՛նքն ալ իր իսկ կեանքով ապացուցած է սիրոյ կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը մարդկութեան համար։
ՄԱՅԻՍ 24, ԿԻՐԱԿԻն «Երկրորդ Ծաղկազարդ» կը կոչուի։ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան իր «Ծիսական բառարան»ին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Երկրորդ Ծաղկազարդ կը կոչուի Համբարձման յաջորդող կիրակին, որ յատուկ տօն մը չունի, այլ ըստ կարգի աւուրց՝ Յինանց 43-րդ ու Համբարձման 4-րդ օրն է։ Երկրորդ Ծաղկազարդ անունն ալ առած է պարզապէս օրուան աւետարաններէն։ Հայ Եկեղեցին Նոր-Կիրակիէն սկսեալ՝ չորս աւետարանները կը կարդայ ամէն օր կարգաւ, եւ այդ կարգին շարունակութեամբ չորս աւետարաններէն Քրիստոսի Երուսաղէմ Գալստեան կտորները Յինանց Է. Կիրակիին ինկած են՝ որով Ծաղկազարդի յիշատակութեան կրկնութիւնը տեղի կ՚ունենայ։ Տոհմային յիշատակ մըն ալ աւելցուած է նոյն օրուան վրայ. իբր զի աւանդութեամբ հասած է մեզի թէ հրեշտակ մը ամէն օր կ՚այցելէր Լուսաւորչին Խորվիրապին մէջ, այլ Համբարձման Դ. օրը եկած չըլլալով՝ Լուսաւորչին բացատրած է թէ Քրիստոսի Համբարձումը տօնելու համար՝ հրեշտակներու դասերէն իւրաքանչիւրն օր մը հանդէս կը կատարէ եւ ինքն Դ. դասէն ըլլալով՝ Դ. օրը չէր ուզած իր դասին հանդէսներէն բացակայել։ Վկայասէր այս յիշատակը խառնած է օրուան շարականին։ Երկրորդ Ծաղկազարդին օրն ալ 35 օրերու շարժականութեամբ մայիս 3-էն մինչեւ յունիս 6 կրնայ հանդիպիլ»։ (Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան, «Ծիսական բառարան», 1957, էջ 26-27)։
«Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք եւ վերցուցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ, որպէսզի փառաց Թագաւորը մտնէ։ Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը, կարող եւ հզօր Տէրը, պատերազմի մէջ հզօր Տէրը» (ՍԱՂՄ. ԻԴ 7-8)։
Հրեշտակներու այս երկխօսութիւնը կը բացատրէ այն իրադարձութիւնը՝ երբ Համբարձումէն երեք օր յետոյ Քրիստոս բարձրացաւ Վերին Երուսաղէմ։ Այդ օրը հրեշտակներու ուրախութեան տօնն էր՝ որ կը կոչուի «Երկրորդ Ծաղկազարդ»։
Եթէ Առաջին Ծաղկազարդի ժամանակ կը յիշատակուի Տիրոջ գալուստը երկրային Երուսաղէմ, ապա Երկրորդ Ծաղկազարդի ժամանակ կը յիշատակուի Տիրոջ մուտքը Վերին Երուսաղէմ։ Առաջին Ծաղկազարդին Տէրը կը փառաբանուէր որպէս Դաւթի Որդի, իսկ Երկրորդ Ծաղկազարդին՝ որպէս Աստուծոյ Որդի։
Հայ Առաքելական Ուղղափառ Եկեղեցին Քրիստոսի Համբարձման տօնին յաջորդող ԿԻՐԱԿԻ օրը՝ որ այս տարի կը հանդիպի 24 ՄԱՅԻՍի, կը նշէ «Երկրորդ Ծաղկազարդ»ը։
«Երկրորդ Ծաղկազարդ» անուանումը յառաջացած է Զատիկի, այսինքն Սուրբ Յարութեան նախորդող Ծաղկազարդի տօնի անուանումէն։ Արդարեւ, ինչպէս առաջին Ծաղկազարդը Մեծ Պահքի եօթներորդ կիրակի օրն է, այնպէս ալ երկրորդ Ծաղկազարդը Յինանց եօթներորդ կիրակի օրն է։
Արդարեւ, «Երկրորդ Ծաղկազարդ»ը Յիսուս Քրիստոսի յաղթանակի տօնն է։
«Երկրորդ Ծաղկազարդ»ը այն օրն է, երբ իւրաքանչիւր հաւատացեալ մասնակից է՝ մասնակից կը դառնայ հրեշտակներու ուրախութեան, ցնծութեան, կը վերապրի Քրիստոսի առաջին յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ կը հաւատայ, որ եթէ թոյլ տայ, որ Աստուած բնակի իր մէջ՝ ի՛նքն ալ կ՚ապրի յաղթանակի այն մեծ ուրախութիւնը՝ որ ապրեցան հրեշտակները…։
Այս առթիւ Գրիգոր Վկայասէր Կաթողիկոսի (Գրիգոր Բ. Վկայասէր. 1066-1105) գրած «Մեծահրաշ այս խորհուրդ» շարականի մէջ հանգամանօրէն պատմուած է ամբողջ աւանդութիւնը։
Ինչպէս Յարութենէն յետոյ Քրիստոս մնաց երկրի վրայ քառասուն օր, որպէսզի մարդոց մէջ հաստատէ Իր յարութեան հաւատքը, այնպէս ալ համբարձումէն յետոյ ինը օր մնաց հրեշտակներու դասերուն մէջ, որպէսզի անոնց յայտնէ մարդոց փրկութեան խորհուրդը։
Ուրեմն, առաջին Ծաղկազարդի խորհուրդը երկրի վրայ՝ մարդոց համար էր, իսկ երկրորդ Ծաղկազարդը՝ երկինքը, հրեշտակներու համար։
Այսպէս ուրեմն, եթէ առաջին-բուն Ծաղկազարդը կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի արքայական մուտքը Երուսաղէմ, ապա երկրորդ Ծաղկազարդը կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի փառաւոր մուտքը Վերին՝ Երկնային Երուսաղէմ, հրեշտակներու ուղեկցութեամբ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 15, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024