ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 168 ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՆ ԻՐԵՆՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Թուրքիայէն երկրորդ անգամ խումբ մը հայեր վերադարձան Հայաստան։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան 168 քաղաքացի երէկ վերադարձաւ իր հայրենիքը։ Անոնք Թուրքիայէն դէպի Հայաստան ճանապարհ դուրս եկած էին չորս օթօպիւսով։ Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս գալէ վերջ Հայաստանի քաղաքացիները նախ մուտք գործեցին Վրաստան։ Թիֆլիզի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչները սահմանի վրայ դիմաւորեցին հայ քաղաքացիները։ Առողջապահական ստուգումներէ վերջ 168 քաղաքացիները առաջնորդուեցան դէպի Վրաստան-Հայաստան սահմանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Բագրատաշէնի անցակէտէն Թուրքիայէն դուրս եկած Հայաստանի 168 քաղաքացիները մուտք գործեցին իրենց հայրենիքը։ Հայաստան մուտք գործելու ժամանակ եւս վերադարձողները երկրորդ առողջապահական քննութենէ մը անցան։