ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՑ ԶԱՆՑԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԷՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երկիրը պիտի շարունակէ փուշի վրայ ըլլալ, ամենափոքր զանցառութիւնը կրնայ վերստին թափ տալ համաճարակին։

Կուսակցականներու հետ կազմակերպուած առցանց լայնածաւալ խորհրդակցութեան մը ընթացքին նախագահ Էրտողան դիտել տուաւ, որ համաճարակի սահմանափակման զուգահեռ Թուրքիոյ մէջ կը բանի աստիճանական բնականոնացման օրացոյցը։ Վիճակագրական տուեալները որքան որ դրական ըլլան, այնքան նոր քայլեր պիտի առնուին։ Առայժմ գործունէութիւնը չվերակենդանացած բնագաւառներու գործատեղիներու վերաբերեալ որոշումները պիտի կայացուին յառաջիկայ տօնական շրջանէն վերջ։

Նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ համաճարակի գործընթացէն ներս Թուրքիա ամբողջ աշխարհի կողմէ գնահատանքի արժանացած է՝ որպէս ամենայառաջացած երկիրներէն մին առողջապահութեան բնագաւառի պարագային։ Ընդհանուր առողջապահական ապահովագրական համակարգի համընդգրկուն բնոյթին շնորհիւ, համավարակի գործընթացէն ներս երկրի ոեւէ քաղաքացին չէ տուժած։ Թուրքիոյ մէջ բացառուած են այն ցաւալի երեւոյթները, որոնք այս գործընթացէն ներս յառաջացան աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ։

Յառաջիկայ նոր շրջանի ստորոգելիներուն անդրադառնալով՝ նախագահ Էրտողան առանձնացուց դիմակը, ֆիզիքական հեռաւորութեան պահպանումը եւ մաքրութեան նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2020