ԶԱՀՐԱՏԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԹՐՔԵՐԷՆ ԺՈՂՈՎԱԾՈՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչատունը պատրաստած է անմահ բանաստեղծ Զահրատի գործերէն բաղկացեալ թրքերէն ժողովածոյ մը։ Այս գիրքը, որ ձօնուած է Զահրատի ծննդեան 91-րդ տարեդարձին, կ՚ընդգրկէ անոր առաջին անգամ թրքերէնի թարգմանուած շարք մը ստեղծագործութիւնները։ «Ferah Tut Yüreğini» խորագրեալ այս ժողովածոյի ծանօթացման համար այս շաբաթավերջին նախատեսուած է շնորհանդէս մը։ Թէեւ «Արաս» հրատարակչատունը ընդհանրապէս իր հրատարակած գիրքերուն համար շնորհանդէսներ կազմակերպելու աւանդոյթ մը չունի, սակայն, ըստ երեւոյթին, այս պարագային յարմար դատուած է բացառութիւն մը ընելը։ Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ նախատեսուած ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Զահրատի կողակիցը՝ Անայիս Եալտըզճեան։ Շաբաթավերջին կայանալիք ձեռնարկը յատկանշական է նաեւ այն առումով, որ կը զուգադիպի Զահրատի տարեդարձին՝ Մայիսի 10-ին։
Ներկայ գիրքին մէջ ընդգրկուած գործերը թարգմանած է Յովհաննէս Շաշքալ, որ նախապէս ալ երեք անգամ թրքերէնի թարգմանած էր Զահրատի գործերը։
Ծանօթ է, որ Զահրատի գործերը թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու եւ միշտ արժանացած՝ ու-շադրութեան։