ԵՄԻԱ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԷՄ ՎՃԻՌ ԱՐՁԱԿԵՑ ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ԳՈՐԾՈՎ

Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանը (ԵՄԻԱ) վճիռ արձակեց, թէ Ատրպէյճան խախտած է կեանքի իրաւունքը։ Երէկ, Եւրոպական դատարանը հրապարակեց իր որոշումը հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան դէպքին շուրջ։ Հոգելոյս Գուրգէն Մարգարեանի ընկերոջ՝ Հայկ Մակուչեանի եւ հարազատներու ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ դիմումներուն առընչութեամբ ԵՄԻԱ արձակեց իր վճիռը։

2004  թուականին Գուրգէն Մարգարեան Հունգարիոյ մայրաքաղաքը՝ Պուտափեշտի մէջ կը մասնակցէր ուսումնական ծրագրի մը, որ կազմակերպուած էր ՆԱԹՕ-ի «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» նախաձեռնութեան շրջագծով։ Նոյն դասընթացքին կը մասնակցէր նաեւ Ատրպէյճանէն Ռամիլ Սաֆարով, որ քունի մէջ կացինահարելով սպաննած էր Գուրգէն Մարգարեանը։ Դատական գործընթացի ժամանակ Սաֆարով նշած էր, որ այդ յանցագործութիւնը կատարած է՝ դրդուելով Հայաստանի եւ հայերու դէմ ատելութենէ։ Հունգարական դատական իշխանութիւնները զինքը ցմահ ազատազրկման դատապարտած էին։ Այդուհանդերձ, 2012 թուականին Ռամիլ Սաֆարով արտայանձնուած էր Ատրպէյճանին, ուր նախագահ Իլհամ Ալիեւ իրեն ներում շնորհած էր եւ ան հռչակուած՝ ազգային հերոս։

Այս գործը վերջին տարիներուն քննարկուեցաւ ԵՄԻԱ-ի կողմէ։ Ըստ երէկ արձակուած վճռին, Ատրպէյճան տապալած է ազգային ատելութեան հիմքի վրայ կատարուած սպանութեան համար պատիժի գործադրութեան ապահովումը՝ ներում շնորհելով ոճրագործին, խրախուսելով զինքը։ Շեշտուած է, որ ոճրագործը չէ ունեցած որեւէ հոգեկան հիւանդութիւն։ Այսպէսով Ատրպէյճան խախտած է կեանքի իրաւունքի դէմ ոտնձգութեան համար պատիժի լիակատար ապահովումը՝ հիմք ստեղծելով անպատժելիութեան համար։ Մարդու իրաւանց եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան մասին պայմանագրի երկրորդ յօդուածը (կեանքի իրաւունք) խախտուած է այս ձեւով։ Ատրպէյճան խախտած է նաեւ նոյն պայմանագրի 14-րդ յօդուածը (խտրականութեան արգելում)։ ԵՄԻԱ այս հարցին շուրջ արդարացուցած է Հունգարիան։ Ըստ դատավճռին, չկայ որեւէ հաստատող փաստ, թէ Հունգարիոյ իշխանութիւնները կրնային տեղեակ ըլլալ Սաֆարովի ապագայ արդարացման մասին։ Սթրազպուրկի դատարանը որոշած է, որ այս դատավճռին զուգահեռ Ատրպէյճան շուրջ 18 հազար ամերիկեան տոլար պէտք է վճարէ դատական ծախսերու համար։

Միւս կողմէ, «Մակուչեան եւ Մինասեանը ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ» գործին շուրջ ԵՄԻԱ-ի կողմէ արձակուած վճռին կապակցութեամբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ ընդգծուած է, որ ԵՄԻԱ-ի որոշումը Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան դէմ արձակուած դատավճիռ մըն է։ Այս վճիռով ո՛չ միայն կը ճանչցուի, այլ նաեւ՝ անընդունելի կ՚որակուի Ատրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով հայոց դէմ ատելութեան հողի վրայ գործուած յանցագործութիւններու խրախուսումը։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ԵՄԻԱ-ի այս վճիռը կը դիտարկէ՝ որպէս պահանջ Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն, որպէսզի վերականգնուի արդարութիւնը Գուրգէն Մարգարեանի ահասարսուռ սպանութեան գործին մէջ եւ դադրեցուի հայոց դէմ ցեղապաշտական քաղաքականութիւնը։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս ուղղութեամբ հետեւողական պիտի ըլլայ համապատասխան միջազգային ատեաններու մօտ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2020