ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՅԱՐԳԱ՛ՆՔ

Անտարակոյս, արուեստ մըն է իմաստութեա՛մբ ապրիլ եւ ծերութեան մէջ իսկ երիտասարդական ցոլք, խանդ, եռանդ եւ աւիւն ունենալ։ Արդարեւ, ընդհանրապէս կ՚ընդունուի, թէ կարեւորը երկար ապրիլը չէ՛, այլ՝ լա՛ւ ապրիլ, օգտակար ապրիլ եւ ի վերջոյ իր նպաստը բերել մարդկութեան, գոնէ իր անմիջական շրջանակին։ Ուստի կ՚արժէ, որ ամէն մարդ սորվի եւ գործադրէ այս «արուեստ»ը։

Երբ ամէն անձ սորվի եւ գործադրէ լաւ ապրելու, երիտասարդի պէս ապրելու «արուեստ»ը, մարդկութիւնը պիտի հասնի իր նպատակին, որ է երջանկութի՛ւն։ Ուստի «ծեր»եր, կամ ըսենք՝ տարեցներ պէ՛տք է բաժնեն իրենց կեանքի փորձառութիւնները, որպէսզի երիտասարդները առիթ ունենան օգտուելու անոնցմէ։ Բայց ասիկա փոխադարձ հասկացողութեան հարց մըն է՝ երբ տարեցներ կը բաժնեն իրենց կեանքի փորձառութիւնները երիտասարդներու հետ, երիտասարդներն ալ պէտք է պատրաստակամութիւն ցոյց տան այդ փորձառութիւններէն օգտուելու, պէտք է յարգանք ունենան տարեցներու անձին եւ անոնց փորձառութիւններուն։

Արդարեւ, երիտասարդներ կրնան նոր եւ արդի գիտութիւններով, մտային կարողութիւններով «զօրաւոր» զգան իրենք զիրենք։ Բայց գիտութիւնը իր նպատակին հասնելու, օգտակար կարենալ ըլլալու համար պէտք է գործակցի, պէտք է համընթաց ըլլայ փորձառութեա՛մբ. ի՛նչ որ ունին տարեցները։

Մարդկութիւնը երջանկութեան տանող ապահով միջոցներէն մին եւ կարեւորագոյնն է՝ տարեցներու եւ երիտասարդներու համագործակցութի՛ւնը, այլ խօսքով՝ գիտութեան եւ փորձառութեան միատեղ օգտագործումը։ Ահաւասիկ, ճիշդ այս պատճառով է որ տարեցներ արժանի են յարգանքի։ Արդարեւ ասիկա փոխադարձ հասկացողութեան հարց մըն է, ուստի տարեցներ ալ պէտք է յարգանք ցոյց տան երիտասարդներու նոր գիտութիւններու՝ որոնք արդիւնք են մարդկային յառաջդիմութեան։

Երիտասարդներ եւ տարեցներ համակրական հասկացողութեամբ մօտենալու են իրարու՝ իրերօգնութեան անկեղծ զգացումներով։ Արդէն մարդիկ չե՞ն կոչուած իրերօգնութեան՝ առանց խտրութեան տարիքի կամ ուրիշ արժէքներու։

Արդարեւ, հին քաղաքակրթութիւններու շրջանին, ինչպէս կը վկայէ պատմութիւնը, տարեցները ընդհանրապէս յարգանքի արժանի կ՚ըլլային։ Զոր օրինակ, Աթէնքի մէջ տարեցները, չըսելու համար «ծերերը», կը նկատուէին իմաստութեան խորհրդատու, եւ երիտասարդներու կողքին կը կառավարէին երկիրը որպէս «ծերակուտական»։ Հռոմի մէջ էր պարագան՝ նոյն կերպով տարեցներ կը մասնակցէին երկրին կառավարութեան՝ երիտասարդներու կողքին։

Լատիներէնի մէջ «senex» կը նշանակէ «ծեր» եւ «senatar» կը նշանակէ «ծերակուտական»։ Ուրիշ լեզուներու մէջ ալ, զոր օրինակ՝ անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի մէջ ալ նոյն բառը փոխ առնուած է տառապէս։

Երբ պատմութեան մէջ տարեցներ կը վայելէին ընդհանուր յարգանք մը, մեր օրերուն, դժբախտաբար, եթէ յարգելի բացառութիւնները նկատի չունենանք, կորսնցուցած են իրենց վայելած յարգանքը ընդհանրապէս։ Պէտք է խոստովանիլ, թէ այսօր երիտասարդներ, մեծ մասամբ, ժամանակավրէպ, այսինքն ժամանակի բարքերուն եւ սովորութիւններուն չհամապատասխանող կը նկատեն տարեցներու գաղափարները, փորձառութիւնները։

Արդի խորհելակերպով ծերերը կորսնցուցած են իրենց արժէքը ընդհանրապէս։ Երբոր մէկը վաթսունհինգ տարիքը թեւակոխէ, արդէն իր պաշտօնը կը ձգէ կամաւ կամ ակամայ, իբրեւ թէ այլեւս բոլորովին կորսնցուցած է իր երբեմնի ուժը եւ կարողութիւնները՝ առանց նկատի ունենալու իր տարիներո՜ւ փորձառութիւնը։ Կարգ մը ընկերութիւններ եւ հաստատութիւններ, ընդհանրապէս սովորութիւն ըրած են պաշտօնի չկանչել ոեւէ անձ, որ քառասունհինգ տարիքը անցած է. փոյթ չէ թէ ո՜րքան գերազանց կարողութիւններով օժտուած ըլլայ…։

Մինչ կացութիւնը եւ «ծերութեան» հանդէպ տիրող բացասական մտայնութիւնը այսպէս են, անդին ծերերու թիւը օրէ օր կ՚աճի եւ կը բազմանայ։

Շնորհիւ բժշկութեան կատարած նուաճումներուն, առողջապահական գիտելիքներու ընդհանրացումին եւ տիրող հանգստաւէտ պայմաններուն, այսօր շատ մարդիկ կ՚ապրին խոր ծերութեան մէջ, ողջ առողջ՝ որոնք նաեւ մտային կարողութիւններու տէր են տակաւին։

Այս իմաստով, Հին Յունաստանի եւ Հռոմի մէջ միջին տարիքը 25 էր։ Անկէ անդին ապրողներ բացառութիւն կը կազմէին։ Տասնութերորդ դարու վերջաւորութեան, Անգլիոյ մէջ միջին տարիքը 35 էր։ Երկու դար առաջ Ամերիկայի մէջ միջին տարիքը 40-ի բարձրացած էր եւ 1900-ին՝ 48-ի։ Իսկ այժմ բովանդակ աշխարհի մէջ մարդիկ աւելի երկար կ՚ապրին ընդհանրապէս, եթէ նկատի չառնուի հիւանդութիւններ, արկածներ, եւ այլն։ Եւ կը տեսնուի, որ մարդիկ այլեւս հետզհետէ երկար կ՚ապրին եւ ապրելու միջին տարիքը տակաւ կը բարձրանայ։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ մարդկային ընդհանուր պատմութեան մէջ կարգ մը մարդիկ կը մեռնին 30-ին, 40-ին, 50-ին, եւ այլն, բայց շատեր ալ կ՚ապրին 60, 70, 80, 90 եւ աւելի տարիներ։

Հոգեբանական եւ կենսաբանական իրողութիւն մըն է, որ ամէն մարդ նոյն աստիճանով եւ համեմատութեամբ չի ծերանար։ Կան մարդիկ, որոնք «ծեր» են 45, 50, կամ 60 տարիքի մէջ։ Անդին կան ուրիշներ՝ որոնք 70, 80, 90 եւ նոյնիսկ աւելի տարեկան հասակին մէջ պահած են իրենց մտքի առուգութիւնը եւ ֆիզիքական առողջութիւնը եւ կորովը։

Տարիքի այս յարաբերականութիւնը, որ իրողութիւն մըն է անվիճելի, անտեսուած էր նախապէս։ Բայց հիմա այս իրողութիւնը տեսնուած է եւ այս իրողութեան լոյսին տակ է, որ տարեցներուն պատեհութիւն կը տրուի արժեցնելու իրենց յղկուած տաղանդը, ամրացած հմտութիւնը եւ տարինե՜րու թանկագին փորձառութիւնը։

Այո՛, արուեստ մըն է իմաստութեամբ ապրիլ եւ նոյն իմաստութիւնը պահել ծերութեան մէջ իսկ։

Ծերերու եւ երիտասարդներու համագործակցութեամբ, փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ յարգալիր վերաբերմունքով կեանքը կը դառնայ աւելի՛ անուշ, աւելի՛ տանելի եւ աւելի՛ արդիւնաբեր։

Յարգա՜նք տարեցներուն, յարգա՜նք երիտասա՛րդ «ծեր»երուն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 22, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2020