ԻՏԼԻՊԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Իտլիպի մէջ երէկ նահատակուեցաւ թուրք զինուոր մը։ Այսպէս, Ճանպերթ Թաթար, որ ծնած էր Էլազըղի մէջ, զոհ գնաց պայթումի մը։ Յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի կ՚ունենայ իր ծննդավայրին մէջ։

Երէկ, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զօրքերը Սուրիոյ հիւսիսին կատարեցին համատեղ հերթապահութիւն։ Հերթական քայլ մըն էր այս մէկը։ M-4 մայրուղին դիտարկելու նպատակով կազմակերպուած այս հերթապահութեան ընթացքին զինուորական շարասիւնը յարձակումի մը ենթարկուեցաւ։ Պայթումի հետեւանքով վիրաւորուեցաւ Ճանպերթ Թաթար, որ անմիջապէս փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, սակայն կարելի չեղաւ իր կեանքը փրկել։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2020