ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԱՅԻՆ ԶՈՒԱՐՃԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ի տարբերութիւն համայն աշխարհի, քորոնաժահրը Արցախ հասաւ բաւական ուշ։

Քիչ մը ժպիտ.

Գիտէք ինչո՞ւ մինչեւ հիմա Արցախի մէջ թագաժահր չկայ։

Որովհետեւ տատն ի սկզբանէ դիմակով էր։

Սոյն թուականի ապրիլի 7-ին Արցախի մէջ արձանագրուեցաւ թագաժահրով վարակի առաջին դէպքը։ Ակնյայտ է, որ ան մեր անառիկ սահմանը հատած է Հայաստանէն։

Յարմարաւէտ պահուըտելով մարմնի մը մէջ, ան սահմանին ջերմաչափումի ընթացքին վարակի որեւէ նշան ցոյց չէ տուած ու միայն օրեր անց գլուխ բարձրացուցած է։

Երբ 2020 թուականի սկիզբները յայտնի դարձաւ, թէ նորամուտ տարին ինչպիսի «անակնկալ» ունի պատրաստած մեզի համար։ Զուարճասէր արցախցիները գրեթէ վստահ էին, թէ անկարելի է՝ վարակը հասնի Արցախ։

Բաց աստի, անոնք ձախորդ օրեր տեսած ժողովուրդ են, վարակն ինչ է, որ խղճանային։ «Խղճանալ չէ, սակայն զգուշանալ պէտք է», լրջախոհ դէմքով կը պնդէ արցախցին։ Վարակը տակաւին երկիր չխուժած, իշխանութիւնները կը ձեռնարկէին  անոր դէմ պայքարի համապատասխան միջոցներ։ Եւ զինուած կը սպասէին մահացու չարաճճիին՝ սահմանէն դուրս քշելու։ Աւա՜ղ ձախողեցան։

Այսօր վարակեալներու ընդհանուր թիւը Արցախի մէջ աւելի քան երեսուն է։ Է՜հ, թագաժահրի դէմ պայքարի մէջ ո՞ր երկիրը կրցաւ յաջողիլ…

Հայաստանի մէջ տարածում գտնելէ վերջ ալ իմ հայրենակիցները կը շարունակէին ժպիտով խօսիլ անզէն, փխրուն մարդասպանի մասին։ Քանզի արցախցիները իրենց բոլոր հիւանդութիւնները կը բուժեն տնական թութի օղիի միջոցաւ, նոյնիսկ երկարակեցութեան գաղտնիքը կը կապեն սա հրաշք ոգելից խմիչքի հետ, ուստի թագաժահրը որո՞ւ ինչն է…

Վարակը տակաւին Արցախ չհասած արցախցիները այլեւս կը կատակէին.

*

Կ՚ըսեն թագաժահրը կու գայ Պարսկաստան, կը ջանայ Արաքսը անցնիլ ու բարձրանալ Արցախ։ Մէկ ալ ինչ տեսնէ։ Երկու պապի նստած, առանց ուտելիքի կը խմեն 95 աստիճաննոց թութի օղի, ան կը փոխէ իր ուղղութիւնը։

*

Քանի որ դեղարաններու մէջ դիմակ չկայ, սիրահարները սա տեսքով կը ժամադրուին։

*

Մէկ ուրիշ զուարճախօսութեան համաձայն կ՚ըսեն.

Միացեալ Նահանգներու մէջ՝  Alcogel

Ռուսաստանի մէջ՝ Алкогель

Արցախի մէջ՝ սա մի կողմ նետէ, գնայ մեր օղին բեր։

Կատակասէր արցախցիի զէնքը՝ ժպիտն է եւ բարձր տրամադրութիւնը։ Դուք մի՛ նայիք, որ շատերու երէսը չի խնդար։ Անժպիտները լիաթոք կրնան խնդացնել դիմացինը։ Սա անելանելի իրավիճակին մէջ ալ իրենց օրը կը սկսին կատակներով եւ կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին, քորոնաժահրի հետ կապուած, զանազան զուարճախօսութիւններ հիւսած են։

*

Քանզի աշխարհի մէջ վարակը տարածում գտած է Չինաստանէն, այնուհետեւ անգութօրէն խուժած՝ Իտալիա, ուստի արցախցի զուարճասէրները ի սկզբանէ չանտեսեցին սա փաստը.

Թագաժահրը նախապէս, ամենաշատ տարածում գտած էր Իտալիոյ եւ Չինաստանի մէջ։ Հիմա, երբ խանութներէն դդմաճն ու բրիձը կրելով տուն կը տանիք, բնաւ չէք խորհի՞ր, որ դդմաճի հայրենիքը Իտալիան է, իսկ բրինձինը՝ Չինաստանը։

*

Երբ կ՚ըսեն, թէ ղարաբաղցիները ինչո՞ւ դիմակ չեն կրեր։ Ինչո՞ւ չէք ըսեր, որ արցախցիները նոյնիսկ պատերազմի ժամանակ առանց սաղաւարտի կռուած են, ո՛ւր մնաց հիմա դիմակ կրեն։

*

Այսօր կիրակի է։

Բոլոր արցախցիները քաղաքէ դուրս են, իսկ քորոնան՝ ներս։

*

-Կը տեսնես, թագաժահրը որքան ուշ հասաւ Արցախ։

-Իսկ ընդհանրապէս ի՞նչ բան շուտով կը հասնի Ղարաբաղ։

*

Կը զրուցեն Արցախի խորհրդանիշ դարձած տատիկ-պապիկը.

Այ մարդ, կ՚ըսեն, թէ Կորոնայենց ցեղի անպիտան Վարակը եկած է եւ այս կողմերը կը պտտի։ Կ՚ըսեն, թէ շատ անառակ է, քիթն ալ ամէն տեղ կը խոթէ։ Հիմա եթէ գայ այստեղ, ի՞նչ պիտի ընես։

-Այն, ինչ որ կ՚ընեմ այն ժամանակ, երբ դուն կ՚անառականաս։

-Ի՞նչ։

-Գլուխին կու տամ, կը ղրկեմ հօր տուն։

*

Արցախցին կ՚ըսէ.

-Եթէ նախապէս կը փախչէինք սխտոր կերած մարդոցմէ, ապա այժմ միայն անոնց քով պիտի կանգնինք։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2020