ՏԱԳՆԱՊԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Ծեր մամիկ մը առտու կանուխ գուճ եկած, ձեռնափայտը քարշ տալով քայլերը կ՚ուղղէ դէպի մօտակայ մթերային խանութը: Դէմքին կայ բժշկական դիմակ մը, որ անընդհատ վար կը սահի: Մամիկին սմքած այտերը անկարող են պահել դիմակը. ան կը կենայ, ձեռնափայտը եւ մթերքի համար նախատեսուած պայուսակը թեւին տակ կը սեղմէ եւ երկու ձեռքով ճիգ կ՚ընէ դիմակը շտկելու: Քանի մը վայրկեան դիմակը կը դիմանայ դէմքին վրայ, այս անգամ ակնոցը կը քրտնի. նորէն կը կենայ, ձեռնափայտն ու պայուսակը թեւին տակ կը պահէ ու ակնոցը կը մաքրէ… Դիմակը կը դժուարացնէ շնչառութիւնը…
Սրտաճմլիկ ու խեղճ տեսարան մը, որ ամէն օր կը կրկնուի տանս մօտակայքը՝ խանութ տանող ճանապարհին վրայ: Այս համաճարակի պայմաններուն պատճառով ամենաշատը ծերերուն՝ խոր ծերութեան դուռը հասած մարդոց մասին կը մտածեմ: Կարծես մինչ այս լաւ կ՚ապրէին, հիմա ալ քորոնայէն վարակուելուն վտանգը աւելցաւ: Միւս կողմէ ալ կառավարութեան թելադրած պարտադիր պայմանները շփոթի մատնած են զանոնք: Խանութի մուտքին հսկիչը կը պարտադրէ ձեռնոց հագուիլ, մամիկը գրպանէն դանդաղօրէն կը հանէ ճմռթկած ձեռնոց մը, դողդղալով կը հագուի, աջ ձեռքով բռնած կտորէ պայուսակը, ուր պիտի տեղաւորէ մթերքը, վար կ՚իյնայ, կը ծռի, կը վերցնէ՝ դժգոհելով, տնքալով.. Հսկիչը ներողութիւն կը խնդրէ, որ ինք չի կրնար վերցնել պայուսակը՝ արգիլուած է ուրիշին իրերուն դպնալ… «Վնաս չունի», կ՚ըսէ մամիկը եւ հսկիչին ցոյց կու տայ կտորէ պայուսակին մէջ պահուած անձնագիրն ու ձեռագիրով գրուած թուղթը, որ ատեն մը առաջ պարտադիր էր տունէն դուրս ելլողներուն համար:
-Մայրի՛կ, այս թուղթը այլեւս պարտադիր չէ, այլեւս մի՛ գրեր, անձնագիրդ ալ տունը ձգէ, մի՛ առներ հետդ,- կ՚ըսէ հսկիչը:
Մեծ մամիկը կը լսէ՞ կամ ոչ, չեմ գիտեր, բայց արդէն կը պատկերացնեմ տունէն ելած ատենը այս բոլոր տանջալի գործողութիւնները ընելը. առանձին ապրող, հազիւ ոտքի վրայ կանգնող տատիկը՝ անցաթուղթին վրայ անունը, ժամը, այցելութեան վայրը կը գրէ, անձնագիրը կ՚ապահովէ, ձեռնոցն ու դիմակը կը վերցնէ… Հազիւ քայլ մը առաջ կ՚երթայ դէպի խանութին ներսը, հոն ալ հսկիչ մը կը յորդորէ երկու վայրկեան սպասել, մինչեւ որ քիչ մը պարպուի խանութը՝ արգիլուած է մարդոց կուտակումները գոց վայրերու մէջ:
Ժամանակ մը առաջ խանութներուն մէջ առտուան ժամերը՝ 10-12, վերապահուած էին տարեցներուն եւ բոլորէն կը խնդրէին այդ ժամերուն չայցելել խանութներ, որպէսզի տարեցները վարակուելու վտանգէն զերծ մնան եւ իրենց առեւտուրը արագ ընեն ու դուրս ելլեն: Որոշ ժամանակ գործադրուեցաւ այս որոշումը, այսօր չկայ նման բան՝ ամէն մարդ ո՛ր ժամին որ ուզէ խանութ կ՚երթայ եւ տարեցները խանութներուն մէջ կը խառնուին մեծին ու փոքրին ու կարծես ոտքի տակ կ՚իյնան:
Խանութին աշխատողները մէկ կողմէ կը խղճան անոնց, կ՚ուզեն ժամ առաջ սպասարկել եւ տուն ղրկել, բայց միւս կողմէ կը հետեւին կանոններուն եւ չեն կրնար ծերերը անմիջապէս ներս մտցնել, քանի դեռ ներսը շատ մարդ կայ: Նոյնպէս ժամանակ մը առաջ, համավարակի առաջին օրերուն, թաղապետարանները եւ այլ կառոյցներ առանձին ապրող տարեցներուն հոգ կը տանէին, կ՚այցելէին անոնց, մթերք ու անհրաժեշտ իրեր կը տանէին, բայց վերջերս դադրած են այդ այցերը եւ տարեցները իրենք զիրենք կը հոգան, ինչպէս նաեւ քորոնայով վարակուելու վտանգէն հեռու մնալը կը հոգան, ինչքան որ իրենց ուժերը ներէ:
Հայաստանի մէջ բաւական մեծ թիւ կը կազմեն առանձին ապրող տարեցները, իսկ եթէ անոնք հարազատ ունին, ապա հարազատները կը խուսափին այցելելէ, որպէսզի չվարակեն զիրենք… Երբեմն ալ այս բոլոր կանոնները կը խախտուին, ահա ինչու վարակակիրներու թիւը օր ըստ օրէ կ՚աւելնայ…
Խանութ գացող այս մամիկէն զատ ամէն օր կը տեսնեմ նաեւ պապիկներ եւ ուրիշ մամիկներ, որոնք առօրեայ պէտքերը հոգալու համար դուրս կ՚ելլեն: Բոլորը շուարած կ՚երեւին, հանգիստ չեն. քորոնային վախը, շուրջը տիրող ընդհանուր լարուած մթնոլորտը կարծես աւելի ծերացուցած է զանոնք…
Օրեր առաջ լսեցինք Երեւանի Նոր Նորքի ծերանոցը թափանցած վարակին լուրը: Կը թուէր, թէ ծերանոցը փակ ու ապահով վայր մըն է, այդպէս կը ներկայացնէին, բայց վարակը նաեւ հոն ներխուժած է. շուրջ քառասուն ծերեր վարակուած են, ծանր վիճակի մէջ գտնուող եւ կան քորոնայով վարակուած տատիկ-պապիկներ, որոնցմէ երեքը մահացած են: Այս դէպքին պատասխանատուներուն մասին ոչ ոք կը խօսի… Ոչինչ յայտարարուեցաւ այն բացթողումին մասին, որուն պատճառով վտանգաւոր վարակը հասած է հոն, ուր յատկապէս պէտք չէր հասներ: Յայտնի է, որ վարակը ամենաշատը ծերերը եւ պարբերական հիւանդութիւններ ունեցողները կը վնասէ: Նորքի ծերանոցին մէջ դժուար թէ առողջ մարդ գտնուի եւ ընդհանրապէս, այս օրերուն դժուար է առողջ մարդ գտնել նաեւ ծերանոցէն դուրս ապրող ծերերուն մէջ: Ահա թէ ինչո՛ւ քորոնայէն մահացողներուն մասին անպայման կը նշուի, որ ունեցեր են ուղեկից հիւանդութիւններ:
Երբ Երեւանի մուտքերուն քով զինուորական ապահովական ինքնաշարժներ կը տեսնես՝ ապահով կը զգաս, որ իրավիճակը հսկողութեան տակ է, կը հսկուի տեղաշարժը, անվտանգութեան կանոնները կը պարտադրուին, բայց քաղաքին մէջ, ահա, վարակը հասած է ծերերուն խնամքի կեդրոնը եւ այդ մէկը, վստահաբար, հսկողութեան պակասէն է:
Նորէն կը յիշեմ մամիկը, զոր կը տեսնեմ երկու օրը մէյ մը. արդօեք տուն հասնելով կը յիշէ՞ ու կը լուացուի՞, կ՚ախտահանէ՞ խանութէն տուն տարած հացի, բրինձի տոպրակները, ունի՞ բաւարար ախտահանիչ միջոցներ, ծերութեան նպաստը ստացա՞ւ, ի՞նչ կը զգայ…
Մեր թաղի բոլոր մամիկները կը ճանչնամ: Համաճարակէն առաջ յաճախ բակին մէջ շատեր կ՚օգնէին անոնց՝ պայուսակները վեր կը հանէին: Հիմա ամէն մարդ գիտակցաբար հեռու կը մնայ անոնցմէ, որ յանկարծ վարակ չունենայ եւ չփոխանցէ: Մամիկները իրենք երբեմն չեն ալ հաւատար վարակին գոյութեան, կը գանգատին, որ աւելորդ գլխացաւանք է այս մէկը, որ իրենց ալ գլխացաւանքի տակ դրաւ:
Վերջին շրջանին քորոնա վարակին սուտ ըլլալուն մասին լուրերը արագ տարածուեցան: Մարդիկ կան, որ քմծիծաղով կը նային իրավիճակին եւ առանց հաւատալու կը լսեն լուրերը. անոնք իրենց այդ տրամադրութիւնները կը տարածեն, թէ այս ամէնը խաղ է, ոչ մէկ վարակ կայ կամ ըլլալու պարագային ալ իրենք պիտի չվարակուին: Տեղ մը հասաւ, որ կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ պատժամիջոցներ պիտի կիրառէ միտումնաւոր կերպով նման լուրեր տարածողներուն հանդէպ, մանաւանդ այն մարդոց, որոնք կը զրպարտեն բժիշկները, անոնց վերագրելով անտեղի մեղքեր: Կը խօսէին, թէ բժիշկները կը յորդորեն հիւանդ մարդոց հարազատներուն, որպէսզի գումարի դիմաց հիւանդին թուղթերուն մէջ նշուի, թէ քորոնա վարակ ունի: Թէ ո՞րն է նման անհեթեթութեան պատճառը, թէ ի՞նչ շահ ունին բժիշկները, այս լուրերը տարածողները չեն մեկնաբաներ: Առողջապահութեան նախարարութիւնը զայրացած էր մանաւանդ այս լուրերէն: Եթէ կան մարդիկ, որ շահագրգռուած են վարակակիրներուն թիւերը քիչ ըլլալուն՝ բժիշկներն են, որոնք օրն ի բուն կը պայքարին հիւանդներուն կեանքին համար, շաբաթներով տուն չեն երթար, իրենց հարազատները չեն տեսներ… Եւ ահաւասիկ, բժիշկներուն մասին նման սուտ լուրեր կը տարածուին…
Քորոնա վարակին կարգ մը հանգամանքներուն չհաւատալու, անտարբերութեամբ վերաբերելու եւ սուտ լուրեր տարածելու պատճառներէն մէկն ալ թերեւս այն է, որ չորս ամսուայ մէջ վարակին մասին հակասական տեղեկութիւններ շատ լսուեցան: Թէ՛ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը, թէ՛ երկիրներու կառավարութիւնները, թէ՛ անհատ բժիշկներն ու մասնագէտները ստիպուած եղան նոյն բանին մասին զանազան տեղեկութիւններ հաղորդել, ըսել բան մը, յետոյ ըսել հակառակը: Նախ ըսին, որ քորոնա վարակը օդային վարակ մըն է եւ մարդիկ կրնան վարակուիլ նաեւ օդէն, յետոյ հերքուեցաւ այդ պնդումը եւ ի յայտ եկաւ, որ ան օդակաթիլային է եւ միայն մարդոցմէ եւ մակերեսներէն կը փոխանցուի, այսօր կրկին օդային վարակ ըլլալուն հանգամանքը մէջտեղ եկած է եւ կրկին կը հաստատուի, թէ քորոնան կրնայ կախոյթի ձեւով օդին մէջ կախուած մնալ երեք ժամ: Այս յայտարարութիւնը հեղինակաւոր առողջապահական կառոյցներ ըրին: Անկախ բժիշկներ, համաճարակաբաններ կը ժխտեն այս մէկը՝ ըսելով, որ ծանր ժահր մըն է եւ արագ կ՚իջնէ գետին ու մակերեսներու վրայ, չի կրնար օդին մէջ երկար մնալ:
Երկար ու հակասական կերպով կը քննարկուի նաեւ բժշկական ձեռնոցներ կրելու հանգամանքը: Մաս մը բժիշկներ վստահ են, որ ձեռնոցները կանխարգելիչ միջոց են վարակին դէմ, մաս մըն ալ հակառակը կը յայտարարեն նշելով, որ ձեռնոցները նոյնպէս վարակ կը պահեն իրենց վրայ եւ գործողութիւն մը կատարելէ ետք անմիջապէս պէտք է նետուին: Իրարու հակասող այս տեղեկութիւններն են, որ բնակչութեան մէջ կասկածներ կը յառաջացնեն վարակին վերաբերեալ: Մէկ բան պարզ է՝ նոր քորոնա վարակը տակաւին նոր է նոյնիսկ բժշկութեան համար, ուսումնասիրութիւններու երկար շրջան անհրաժեշտ է՝ անոր փոխանցելու ընթացքին եւ այլնի մասին վերջնական ու հաստատուն տեղեկութիւններ յայտնելու: Հակասական տեղեկութիւններուն պատճառը վստահաբար վարակին նոր ու անսպասելի ըլլալն է:
Յստակ է նաեւ, որ վարակը երկրէ երկիր փոխած է իր ընթացքը: Եթէ երկրի մը մէջ կը լսես վարակուածներուն խիստ շնչարգելութեան երեւոյթին տարածման մասին, այլ երկրի մը մէջ անիկա աւելի շատ ոտքերն ու մկանները կը հարուածէ, միւս երկիրը կը յայտարարէ թոքաբորբի մեծ թիւերու մասին: Լիբանանի մէջ, օրինակ, կը լսենք, որ վարակակիրներուն մօտ մորթային խնդիրներ ի յայտ եկած են: Սլաւոնական կարգ մը երկիրներու մէջ քորոնայէն վարակուած անձինք այնքան ալ բարձր ջերմութիւն չեն ունենար եւ կան ախտանիշներ, որոնք կը բացակային. պարզապէս նմուշառումն է, որ դրականը ցոյց կու տայ:
Հայաստանի եւ այլ բազմաթիւ երկիրներու մէջ շատ կան առանց ախտանիշի վարակակիրներ: Վերջին որոշումով՝ Հայաստանի մէջ առանց ախտանիշի վարակակիրները այլեւս պիտի չպահեն հիւանդանոցներուն եւ հիւրանոցներուն մէջ, տուն պիտի ղրկեն, բայց անոնք բժիշկներու հեռակայ հսկողութեան տակ պիտի մնան, իսկ ամենամեծ հսկողութիւնը հիւանդները գիտակցաբար պէտք է տանին իրենք իրենց հանդէպ, մանաւանդ դուրս չելլելով: Այս մէկը խիստ կասկածելի է. անտարբերութեան, անփութութեան, անհատական գիտակցութեան ցած մակարդակի մեր պայմաններուն մէջ անհաւատալի է, որ բժշիկին անմիջական հսկողութենէն դուրս եկած մարդը, որ չունի ոչ մէկ գանգատ, բայց ունի «Քովիտ-19»ի դրական ախտորոշում, գոցուի չորս պատերուն մէջ եւ դուրս չելլէ: Եւ մենք երբեք չենք գիտնար, որ փողոցը մեր քովէն քալողը կամ խանութը մեր քով կեցողը վարակակի՞ր է, թէ ոչ:
Ռուսաստանի մէջ անախտանիշ վարակակիրները շատոնց չեն պահեր հիւանդանոցներուն մէջ եւ այս հանգամանքին պատճառով բողոքի ալիք բարձրացած է որոշ շրջանակներու մէջ: Ռուսաստանի մէջ եղան նաեւ բժիշկներ, որոնք բողոքեցին այս որոշումին դէմ, պնդելով, որ ոեւէ վարակակիր՝ ախտանիշով կամ առանց ախտանիշի, պէտք է պահուի անմիջական հսկողութեան տակ, անոնք վարակը տարածելու խիստ վտանգաւոր աղբիւրներ են: Եթէ Ռուսաստանի մէջ քորոնա վարակակիրներով լեցուն են հիւանդանոցները եւ խնամքի կեդրոնները, ապա Հայաստանի մէջ տակաւին կան անոնց համար նախատեսուած պահեստային տեղեր, որոնք, սակայն, վերջին օրերուն արագօրէն կը լեցուին: Անախտանիշ վարակակիրները դուրսը պահելու որոշումը նաեւ այլ պատճառ ունի՝ անոնք է, որ կ՚օգնեն ձեւաւորել հաւաքական ախտամերժութիւն: Այս մէկը առայժմ միակ այլընտանքն է՝ պատուաստումի բացակայութեան պայմաններուն մէջ:
Ամէն պարագայի բոլորը անհամբեր կը սպասեն քորոնա վարակին դէմ պատուաստանիւթի ստեղծուելուն: Առաջին դրական լուրերը կու գան Ռուսաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն: Ո՞ր երկիրը կը ստեղծէ պատուաստանիւթը, տակաւին կանուխ է որոշել: Չինաստանը նոյնպէս քայլեր ձեռնարկած է այս ուղղութեամբ եւ շատեր նոյնինքն Չինաստանէն կը սպասեն պատ-ւաստանիւթի, նկատի ունենալով, որ համավարակի առաջին օրերուն իրենց տարրալուծարաններուն մէջ շատ փորձարկումներ կատարուած են քորոնա վարակի ախտաճանաչումին, հիւանդներու տուեալներու վերլուծման ուղղութեամբ: Միացեալ Նահանգներէն բարձրաստիճան անձինք արդէն իսկ հեգնանքով խօսած են այն մասին, թէ «չինական թոքաբորբ» կոչուածին դէմ Չինաստան ինքն ալ թող բուժում գտնէ: Քորոնայի յարուցած թոքաբորբը կոպիտ կերպով կոչած են «չինական թոքաբորբ»:
Երբ 2019 թուականի դեկտեմբերին լուրեր կը կարդայինք այն մասին, թէ Չինաստանի Ուհան քաղաքին մէջ յայտնաբերուած է անյայտ ծագումի թոքաբորբի դէպքեր, այնքան անորոշ, մշուշոտ, հեռու կը թուէր այդ լուրը, այնքան անհաղորդ էինք այդ լուրին: Այսօր ահա, մեր կողքին օրական 300 մարդ կը վարակուի քորոնայով եւ անոնցմէ շատեր կ՚ունենան «անյայտ ծագումի» այդ թոքաբորբէն: Չինացի գիտնականներուն վերջին ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, մէկ բան արդէն պարզ ու յստակ դարձած է՝ թէ ո՞ր խումբի մարդիկն են, որ քորոնայով վարակուելէն եւ բուժուելէն ետք հակամարմիններ ձեռք կը ձգեն: Ինչպէս յայտնի է՝ մարդոց զանազան խումբեր քորոնաժահրին հանդէպ տարբեր ախտամերժողական պատասխաններ կ՚ունենան:
Ֆուտանի համալսարանի աշխատակիցները (Շանկհայ) ուսումնասիրութիւն ըրած եւ պարզած են, որ վարակուած 60 տարեկանէն բարձր հետազօտուողներուն 94 առ հարիւրին մօտ յայտնաբերուած են հակամարմիններ:
Երիտասարդները աւելի դիւրութեամբ կը յաղթահարեն քորոնա վարակը, ախտանիշներ գրեթէ չեն ունեար, բայց անոնց քով աւելի քիչ հակամարմիններ կ՚արտադրուին: 60 տարեկանէն վեր անձինքն են, որ վարակուելով հակամարմիններ կ՚ունենան: Ահա քորոնա վարակին մասին դրական լուր մը տարեց մարդոց համար. միշտ չէ, ուրեմն, որ քորոնայի բերած տագնապի մէջ անյուսալի է անոնց վիճակը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան