«ՄԻ՛ ՍՊԱՆՆԵՐ ՎԱՂՈՒԱՅ ԳԻՐՔԸ»

«Մի՛ սպաններ վաղուայ գիրքը». յառաջատար հրատարակչատուներու հետաքրքրական նախաձեռնութիւնը։ Հայաստանի մէջ շարք մը յառաջատար հրատարակչատուներ ընկերային ցանցերու մէջ հանդէս եկած են «Մի՛ սպաններ վաղուայ գիրքը» նախաձեռնութեամբ, որու նպատակն է համատեղ ուժերով պայքարիլ գիրքերու անօրինական տարածումներու դէմ՝ հանրութիւնը հեղինակային իրաւունքի մասին իրազեկելու արշաւի միջոցով։

Նախաձեռնութեան միացած են Հայաստանի «Էդիթ Պրինտ», «Անտարես», «Զանգակ», «Newmag», «Բուկինիստ», «Գրքամոլ», «Դարակ», «Էջ», «Կարապ», «ԳրաՏուն» հրատարակչութիւնները։

Ձեռնարկը աննախադէպ է, քանի որ առաջին անգամ հայաստանեան հրատարակչութիւնները կը միանան՝ համատեղ ջանքերով իրականացնելու կրթադաստիարակչական կարեւոր արշաւ մը։

Հրատարակչատուներու տարածած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ընդգծուած է, որ վերջին տարիներուն հայաստանեան հրատարակչութիւնները դէմ յանդիման կու գան բաւական լուրջ ու մտահոգիչ խնդիրներու։

«Հայաստանի մէջ ապրող բազմաթիւ անձեր, կազմակերպութիւններ, խախտելով «Հեղինակային իրաւունքի եւ յարակից իրաւունքներու մասին» Հայաստանի օրէնքը, կը տարածեն մեր հրատարակած գիրքերու պատճէնուած՝ սքենաւորուած եւ PDF դարձած, նոյնիսկ լուսանկարած էջերը՝ խախտելով հրատարակիչներու, ստեղծագործողներու, թարգմանիչներու, նկարազարդողներու եւ բազմաթիւ այլ մարդոց հեղինակային եւ յարակից իրաւունքները: Անօրինական այս տարբերակները կը տարածուին ընկերային ցանցերու խումբերով, անձնական նամակներով, ելեկտրոնային հասցէներով: Այս ընթացքին նոյնիսկ ստեղծուած են ելեկտրոնային գիրքերու տարածման կայքէջեր եւ Ֆէյսպուքի խումբեր»:

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020