ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՓԱԿԱՆԻՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Աշխարհահռչակ իտալացի գեղագէտ ջութակահար, կիթառահար եւ յօրինող Նիքոլօ Փականինի ծնած է 27 հոկտեմբեր 1782 թուականին, Իտալիոյ Ճենովա քաղաքին մէջ: Ան Անթոնիօ եւ Թերեզա Փականինիներու վեց երեխաններէն երրորդն է։ Վեց տարեկանին հայրը իրեն սորվեցուցած է նուագել ջութակ, եօթ տարեկանին հիանալի կը տիրապետէ գործիքին, իսկ ինն տարեկանին տեղի ունեցաւ անոր առաջին համերգը։ 1797 թուականին Փականինին առաջին անգամ հօրը հետ կը ճամբորդէ։ Երիտասարդ Փականինին ուսում առաւ տեղացի զանազան ջութակահարներէ, բայց անոր յառաջըթացը գերազանցեց իրեն կարողութիւնները։ Փականինին, երբեք չնշեց, որ ուսում առած է Սերվեթթոյի մօտ, բայց անոր կենսագրաբանները կը յիշատակեն այդ փաստը: Այնուհետեւ Փականինին իր հօրը հետ մեկնեցաւ Փարմա՝ ստանալու համար լրացուցիչ ուսում Ալեսանտրօ Ռոլլայէն։ Բայց Փականինին լսելէն յետոյ, Ռոլլա անմիջապէս զայն առաջնորդեց դէպի իր ուսուցիչը՝ Ֆերտինանտօ Փաէրի եւ յետոյ, Փաէրի ուսուցիչին՝ Կասփարօ Կիրեթթիին։ Թէեւ Փականինին երկար չմնաց Փաէրի եւ Կիրեթթիի հետ, երկուքն ալ զգալի ազդեցութիւն ունեցան անոր ստեղծագործական ոճին։

Երիտասարդ տարիքին ան արդէն կը գրէ շարք մը ստեղծագործութիւններ ջութակի համար, որոնք բաւականին բարդ էին, բայց Փականինին շատ լաւ կը կատարէր այդ ստեղծագործութիւնները։ Փականինիի առաջին համերգը տեղի ունեցաւ 31 յուլիս 1795-ին։

1797 թուականի սկիզբին Փականինին եւ հայրը սկսան երիտասարդ երաժիշտի առաջին համերգային շրջագայութեան, դէպի Միլանօ, Պոլոնիա, Ֆլորանսա, Փիզզա եւ Լիվոռնօ: Լիվոռնոյի մէջ Փականինի քանի մը համերգ սարքեց, իսկ մնացած ժամանակը յատկացուց իր արուեստը զարգացնելու՝ առանց դասախօսներու։ Շրջագայութիւնը ընդհատուեցաւ պատերազմի պատճառով, Փականինին վերադարձաւ Ճենովա։ Ապա անոնք շուտով ընտանեօք տեղափոխ-ւեցան Փոլչեւերա։ Այստեղ ան կը զբաղի իր կատարողական եւ յօրինողական հմտութիւններու զարգացմամբ։ Փականինին հնարեց եւ նուագեց դժուարագոյն վարժութիւններ, որոնք նման էին ԺԷ. դարու ջութակահար Վալթերի կատարած վարժութիւններուն։

Յաջորդող տարիներուն Փականինի շարունակեց շրջագայիլ Փարմայի եւ Ճենովայի շրջաններու մէջ։ Ան շատ յայտնի դարձաւ Իտալիոյ մէջ, սակայն Եւրոպայի մէջ տակաւին ծանօթ չէր իր անունը։ Փականինի 1813-ին բեմ բարձրացաւ Միլանոյի «Լա Սքալա» թատրոնին մէջ։ Համերգը մեծ յաջողութիւն բերաւ։ Արդիւնքին ան սկսաւ գրաւել ամբողջ Եւրոպայի պահպանողական երաժիշտները։ Իսկ յաջորդող տարիներուն անոր համերգները տեղի ունեցան Իտալիոյ մէջ։

Անոր համբաւը տարածուեցաւ ամբողջ Եւրոպայի մէջ, երբ 1828 թուականին Վիեննայէն սկսաւ իր համերգային շրջագայութիւնը, որ շարունակուեցաւ Գերմանիոյ, Լեհաստանի եւ Չեխիոյ խոշոր քաղաքներու մէջ։ Այս շրջագայութիւնը 1831 թուականին աւարտին հասաւ Սթրազպուրկի մէջ: Յետոյ յաջորդեց Փարիզի եւ Մեծն Բրիտանիոյ համերգները։

Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին Փականինին կը հետապնդեն մնայուն հիւանդութիւններ։ Որեւէ յստակ բժշկական ապացոյցի բացակայութեան՝ տարածուած կարծիք կայ, թէ ան կը տառապէր Մարֆանի կամ Էհլերս-Տանլոսի համախտանիշով։ Մինչ այդ, անոր չափազանցուած համերգները, ինչպէս նաեւ չափէն աւելի շռայլ ապրելակերպը իրենց հետքը թողեցին անոր առողջութեան վրայ։ Անոր արուեստը տուժեց իր յաճախակի հիւանդութիւններէն։ 1834 թուականի սեպտեմբերին Փականինի հրաժեշտ տուաւ իր բեմական արուեստին եւ վերադարձաւ Ճենովա:

1836 թուականին Փականինի կը վերադառնայ Փարիզ՝ 1838 թուականի Սուրբ Ծննդեան տօնին Փականինի Փարիզէն կը տեղափոխուի Մարսէյլ եւ կարճ ժամանակ վերջ կը ճանապարհորդէ դէպի Նիս, ուր իր վիճակը աւելի կը վատթարանայ։ 1840 թուականի մայիսին Նիսի եպիսկոպոսը Փականինիի մօտ կ՚ուղարկէ տեղւոյն քահանան, որպէսզի ան կատարէ վերջին ծիսակատարութիւնները։ Փականինի արարողութիւնը կը համարէ կանուխ ու կը մերժէ։

Մէկ շաբաթ վերջ՝ 1840 թուականի մայիսի 27-ին Փականինի կը մահանայ ներքին արիւնահոսութենէ։ Անոր աճիւնները 1876 թուականին փոխադրուեցաւ Փարմայի գերեզմանատունը։ Իսկ 1896 թուականին Փականինիի մարմինը վերջնական վերայուղարկաւորուեցաւ Փարմայի նոր գերեզմանատունը։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020