ՅՈՒՆԻՍԻ 1-Ը՝ ԼՈՒՍԻՆԷ ԶԱՔԱՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆՆ Է
Լուսինէ Զաքարեան ծնած է 1 յունիս 1937 թուականին, Ախալցխա, Ջաւախք, Վրաստան, իսկ 30 դեկտեմբեր 1992 թուականին մահացած է Երեւանի մէջ։ Ան 55 տարեկան էր, երբ մահացաւ անողոք հիւանդութենէ։ Լուսինէ Զաքարեան եղած է Կոմիտաս Վարդապետի, հայ հոգեւոր երգերու ու տաղերու մեկնաբան։ Ժողովուրդի կողմէ շատ սիրուած երգչուհիի աճիւնը կը գտնուի Էջմիածին քաղաքի Սուրբ Գայիանէ եկեղեցւոյ բակի գերեզմանատան մէջ։
Լուսինէ հասակ առած է Ջաւախքի մէջ։ 1952 թուականին իր ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Երեւան, ուսանած է Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանէն ներս։ 1957 թուականին ընդունուած է Երեւանի Պետական երաժշտանոցը։ Այդ տարիներուն անոր տաղանդը արդէն բացայայտ էր։ Լուսինէ Զաքարեան սերած է երաժիշտներու գերդաստանէ։ Մօր կողմէ մեծ մեծ հայրը՝ Իոսիֆ Տոմաշեւիչ ծագումով լեհահայ էր եւ եղած՝ Սեն Փեթերսպուրկի Կայսերական օփերային թատրոնի մեներգիչ, ձայնային հարուստ տուեալներով օժտուած պաս-փրոֆունտօ, որ իր ձայնը մշակած էր Իտալիոյ մէջ։ Մեծ մեծ մայրը՝ Ելենա Թոմաշեւսքայեա դաշնակահարուհի էր։ 1970-1983 թուականներուն եղած էր Հայաստանի Ազգային հեռուստաընկերութեան եւ ձայնասփիւռի սիմֆոնիկ նուագախումբի մեներգչուհի։ Այդ ընթացքին երգած էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի երգչախումբին մէջ։ Գերազանց կատարած էր ինչպէս արեւմտաեւրոպական ստեղծագործութիւններ, այնպէս ալ՝ հայկական ժողովրդական եւ հոգեւոր երաժշտութիւն։ Սովետական տարիներուն, երբ կ՚արգիլուէին բազմաթիւ երաժշտական ոճեր, ինչպէս նաեւ հոգեւոր երաժշտութիւնը, ան համարձակութիւն ունեցած է հայկական հոգեւոր երաժշտութիւնը բարձրացնել բեմ։
Լուսինէ Զաքարեան 1972 թուականին արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի կոչման։ Բազմիցս համերգներով ելոյթներ ունեցած է արտասահմանի զանազան երկիրներու մէջ, ուր փառքով ներկայացուցած է Կոմիտասին հայ ժողովրդական երգերը, տաղերն ու շարականները։ Պարբերաբար համերգներ տուած է հայազգի աշխարհահռչակ երգեհոնահար Պերճ Ժամկոչեանի հետ։ Լուսինէի համար երգահան Առնօ Բաբաջանեան գրած է իր «Վոկալիզը»։ Բանաստեղծութիւններ ձօնած են իրեն Սիլվա Կապուտիկեանը, Վահագն Դաւթեանը, Պարոյր Սեւակը եւ այլազգի բանաստեղծներ։ Շնորհիւ հոգեթով ձայնին, Լուսինէ Զաքարեանի ձայնագրութիւնները մտած են համաշխարհային երաժշտութեան ձայնադարան։
2019 թուականի յունիսի 1-ին Լուսինէ Զաքարեան պիտի դառնար 82 տարեկան: Նոյն այդ օրը Երեւանի Կողբացի փողոցին վրայ բացումը կատարուեցաւ հայ հոգեւոր երգերու անզուգական երգչուհիին տուն-թանգարանին:
Բնակարանը, ուր Լուսինէն եւ իր ամուսինը՝ Խորէն Պալեան ապրեր էին երկար տարիներ, կահաւորուեցաւ ճիշդ այնպէս, ինչպէս կահաւորուած էր երգչուհիին ապրած տարիներուն: Ցուցադրուած են անոր հագուստները, անձնական իրերն ու կահոյքը:
Երգչուհիին ամուսինը՝ Խորէն Պալեան ծնած է Թրիփոլի, Լիբանան: Ան հոգեւոր երգիչ, մանկավարժ, շարականագէտ, ծիսագէտ, բանասէր եւ գրաբարագէտ էր:
Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարան այցելողները ոչ միայն պիտի ծանօթանան երգչուհիին կեանքին ու գործունէութեան, այլ նաեւ հնարաւորութիւնը պիտի ունենան լսելու անոր ձայնը «օտիօ» տարբերակով:
Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը ըսած է. «Երբ Լուսինէն կ՚երգէ «Սուրբ, սուրբ»ը, հրեշտակները բազմութեամբ կ՚իջնեն Մայր Աթոռ ու կը փառաբանեն զԱստուած այդ երգեցողութեան ու անոր ի վերուստ տրուած շնորհքին համար»։
«Չի բաւեր Լուսինէն լսելը, զայն պէտք է տեսնել, որովհետեւ հազուադէպ պատահած է, որ երգը եւ կատարողը այնպէս լրացնեն մէկը միւսը, ըլլան այդքան միասնական ու անբաժան:
«Կը լռէ ան՝ կը թուի դեռ կը շարունակէ երգել, իսկ երբեմն ալ կ՚երգէ՝ կ՚ըսես կը լռէ Տիրամօր հրաշալի լռութեամբ: Եւ միշտ խաղաղ լոյս մը ու ջերմութիւն մը կը ճառագէ անոր հայեացքը, բնաւորութեան կարգ մը հոսանքներ լուսաւորուածութիւն կը հաղորդեն քեզի…», ահա այսպէս արտայայտուած է մեծ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեան Լուսինէ Զաքարեանի մասին:
Իսկ Պարոյր Սեւակի խօսքերով՝ «Լուսինէն հայ երգարուեստին մէջ նոյն դերն ունի, ինչ որ ճարտարապետութեան մէջ՝ Թորոս Թորամանեանը»:
Աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեան լսելով Լուսինէի համերգը՝ գրած է. «Սիրելի՛ Լուսինէ, Ձեր այս համերգէն ես ստացայ իսկական վիթխարի գեղար-ւեստական բաւականութիւն... Ձեր կատարման կարողութիւնը եւ կատարման անաղարտութիւնը կը հմայեն լսողը։ Թող Ձեր արուեստը պատռէ բոլոր սահմանները եւ նուաճէ տիեզերքը»։
2012 թուականին մեծանուն երգչուհիին ի պատիւ դրոշմաթուղթ տպուած է:
Տպուած են Լուսինէ Զաքարեանի կեանքը պատմող երեք գիրքեր, որոնցմէ վերջինը՝ «Լուսինէ Զաքարեանը ժամանակակիցներու յուշերու մէջ»ը:-ըգականն էր հանգուցեալը։ օղլու ընտանիքին ր այրիին՝ Շողակ Յովհաննէսեանին, զաւակներուն, թոռներուն, բոլոր հարազատներուն եւ սիրելինե