ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԵՐ

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 102-րդ տարեդարձին առթիւ երէկ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ։ Թէեւ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու բերումով զանգուածային մասնակցութիւն չէր նախատեսուած, սակայն, 28 Մայիսի Հանրապետութեան տօնը պատշաճ շուքով նշուեցաւ Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ հայաշխարհէ ներս։

Հայաստանի տօնակատարութիւններու հիմնական հասցէն էր Սարդարապատի յուշահամալիրը։ Այսպէս, առաւօտեան ժամերուն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան փութացին յարգանքի այցելութեան։ Յուշահամալիրի մօտ անոնք ծաղկեպսակներ զետեղեցին եւ իրենց խոնարհումը բերին բոլոր անոնց առջեւ, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերած կամ ներդրումը բերած էին Առաջին Հանրապետութեան կերտման ճանապարհին։ Վեհափառ Հայրապետն ալ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած անոնց հոգւոյ խաղաղութեան համար։

Մայիսի 28-ի առթիւ թէ՛ Հայաստանի պետական պաշտօնատարները եւ թէ Ամենայն Հայոց  Վեհափառ Հայրապետը հրապարակեցին պատգամներ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան այս առթիւ նշեց, որ Առաջին Հանրապետութեան փորձառութիւնը, ձեռքբերումներն ու ձախողումները դասեր կու տան այսօրուան համար։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020