ՅՈՒՆԻՍԻ 1-Ը ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ ՄԸ ՊԻՏԻ ԲՆՈՐՈՇԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՄԱՐ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ ձեռնարկուած պայքարէն վերջ, Թուրքիոյ մէջ աստիճանաբար կը խորանայ առօրեայի բնականոնացման գործընթացը։ Այս առումով ներկայ ամառնամուտը նոր սկիզբ մը պիտի բնորոշէ երկրին տեսակէտէ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան ժամերուն յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ ու տեղեկացուց, որ յունիսի 1-էն սկսեալ համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումները էապէս պիտի մեղմացուին։ Մինչ այդ, այս շաբաթավերջին դարձեալ փողոց դուրս գալու սահմանափակում մը պիտի գործադրուի երկրի մեծ քաղաքներէն ներս։
Նախագահ Էրտողան երէկ տեղեկացուց, որ նոր շաբաթէն սկսեալ միջքաղաքային ճամբորդութիւններու սահմանափակումները պիտի ջնջուին։ Պիտի բացուին լողափները, ճեմապարտէզները, ճաշարանները, սրճարանները, լողաւազանները, զբօսավայրերը։ Բացօթեայ համերգները պիտի ըլլան թոյլատրելի։ Հանրային հատուածի անձնակազմը պիտի վերադառնայ լիարժէք աշխատանքի։ Պիտի վերաբացուին մանկամսուրները, զանազան դասընթացքները, թանգարանները եւ այլն։ Այս բոլորը նոր կանոններու, նոր անհրաժեշտութիւններու համապատասխան պիտի գործեն։ Նախագահ Էրտողան երէկ յիշեցուց, որ նոր բնականոն կեանքը պիտի ունենայ անյետաձգելի երեք տարր. դիմակ, մաքրութիւն եւ ընկերային հեռաւորութիւն։ Այդ բոլորը անյետաձգելի պիտի ըլլան։
Այս ամսավերջի դրութեամբ պիտի վերսկսին նաեւ զօրացրումները։
Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 33 հազար 559 նոր քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 1182 նոր վարակեալ։ Երէկ համաճարակի զոհ գացած է եւս 30 հոգի եւ առողջացածներու թիւը եղած է 1576։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա նշեց, որ նոր վարակներու քանակութիւնը կանխատեսելի մակարդակի վրայ է։ Ան ընդգծեց նաեւ, որ քննութիւններու թիւը բարձրացած է 1.6 տոկոսի համեմատութեամբ։ Նախարարը կոչ ուղղեց հակակշռեալ ընկերային կեանքով ռիսքերէ խուսափելու համար։ Ան ապագայի տեսակէտէ կարեւոր համարեց դիմակի եւ ֆիզիքական հեռաւորութեան նկատմամբ նոյնաժամանակ հնազանդութիւնը։