ՑԱՆՑԱՅԻՆ ՊԱՅՔԱՐ

Քորոնաժահրի համաճարակը թէ՛ առողջապահական եւ թէ ընկերային տեսակէտէ մեծ մարտահրաւէրի մը վերածուած է երկրագունդի վրայ՝ մինչ աշխարհացրիւ հայութեան եւս լուրջ բաժին կը վիճակի ստեղծուած դժուարութիւններէն։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) այս ծանր իրավիճակին մէջ ձեռնարկած է ցանցային պայքար մը։ Ան համակարգուած ճիգեր կը գործադրէ համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու մթնոլորտին մէջ։ ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած մասնաճիւղերը կը դիմագրաւեն սննդամթերքի տագնապը՝ կանոնաւոր մատակարարումներով։

ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնի աղբիւրները վերջերս հրապարակեցին մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որ մանրամասն տեղեկութիւններ կը բովանդակէ համավարակի ներկայ ժամանակաշրջանին կատարուած նախաձեռնութիւններուն շուրջ։ Այսպէս, ՀԲԸՄ-ը, իր մարդասիրական ծառայութեան գործունէութիւններու ծիրէն ներս, լայնածաւալ աշխատանք յառաջ կը տանի այս օրերուն, սննդամթերքի մատակարարման միջոցաւ, օգնելու համար յատկապէս համավարակի պատճառով ստեղծուած տնտեսական տագնապին իբր արդիւնք, կենցաղային դժուարութիւններու մատնուած հայկական համայնքներու կարիքաւոր շրջանակներուն:

Միութիւնը խորապէս գիտակից եւ փորձառու է, պատերազմի կամ բնական աղէտներու ստեղծած մարդկային ֆիզիքական թէ հոգեբանական ճնշումներու ծանր հետեւանքները դարմանելու համար անհրաժեշտ աշխատանքի բարդութեան եւ տարողութեան:

Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի բնորոշումով՝ այս համավարակի հետեւանքները անհամեմատելի կերպով ծանր են թէ՛ մարդկային կեանքերու կորուստի եւ թէ համընդհանուր կեանքի բնականոն պայմաններու խախտումին առումով: «Հետեւաբար, օգնութեան մեր ճիգերը պէտք է ուղղուած ըլլան թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ նիւթական եւ թէ հոգեկան կարիքներու, սկսելով անշուշտ ամենակենսականէն, առօրեայ սննդանիւթերու ապահովումէն», ըսաւ ան։

ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՇՆՉՈՒՄ ԵՒ ԱՌՕՐԵԱՅ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՒՄ

Թէ՛ ընդհանուր ռազմավարութեան մշակման, թէ՛ տեղական համայնքային եւ մասնաճիւղերու մակարդակներուն վրայ, Միջին Արեւելքէն Հայաստան, Աւստրալիա, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ, ներկայիս միութիւնը իր ճիգերը կեդրոնացուցած է ուտեստեղէնի եւ կենցաղային անհրաժեշտ կարիքներու մատակարարումին վրայ, որպէսզի այս դժուար օրերուն, մասամբ գոնէ կարելի ըլլայ թեթեւցնել տիրող ընդհանուր ճնշուածութիւնը:

ՀԲԸՄ-ի ուտեստեղէնի ծրարներու բաշխումի նախաձեռնութիւնը սկսած էր Լիբանանի մէջ, աւելի կանուխ, համավարակին նախորդող տնտեսական տագնապին պատճառով, երբ հայ համայնքի որոշ շրջանակներ, դրամատուներու սահմանափակումներուն, գործազրկութեան կամ ընդհանուր եկամուտներու կրճատումին բերումով, սկսած էին կենցաղային լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւել: Միութեան Լիբանանի շրջանակը, անմիջապէս իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց ուտեստեղէնի խնդիրը արագ եւ առաւելագոյն արդիւնաւորութեամբ լուծելու միջոցառումներուն վրայ:

Լիբանանի Շրջանային յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեան նշեց. «Մենք նախաձեռնակ եղանք տիրող կացութեան մէջ, մարդոց դիմագրաւած դժուարութիւնները, իրենց նախապատուութեան կարգով ճշդելու աշխատանքին: Որոշուեցան ծրագիրը իրագործելու համար անհրաժեշտ բոլոր միջոցները, բաշխումի համար նախատեսուած ծրարներէն իւրաքանչիւրին մէջ սննդարար ուտելիքներու, առողջապահական եւ կենցաղային անհրաժեշտ նիւթերու մանրամասնութիւններով: Մեր աջակցութենէն օգտուողներէն շատեր, որոնք բնաւ չէին նախատեսած, թէ կրնային նման կացութեան մատնուիլ, մեծապէս գնահատեցին մեր աջակցութիւնը»։

ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Երբ համավարակը սկսաւ տարածուիլ բոլոր համայնքներէն ներս եւ նախազգուշական արգելափակումները սկսան գործադրուիլ, ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղերը, Լիբանանի հետեւողութեամբ սկսան իւրաքանչիւրը իր իւրայատուկ բնոյթով, ծրագրել եւ իրականացնել բաշխումի աշխատանքներ, նախապատուութիւն տալով ընկերային որոշ հատուածներու: Այսպէս, Մոնրէալ, իր ուշադրութիւնը ուղղեց տարեց խմբաւորումներու եւ յարաբերաբար նորահաստատ սուրիահայ շրջանակներու, Զատկուան առիթով պատրաստուած 200 ծրարներու բաշխումով: Վերջերս Թորոնթոյի մասնաճիւղը նոյնպէս հանդէս եկաւ նմանօրինակ նախաձեռնութեամբ, գործակցելով ծրարումի եւ բաշխումի արհեստավարժ ընկերութեան մը հետ, առաւելագոյն արդիւնաւորութեան համար:

«Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄ-ը կը հոգայ» ծրագիրը, ընդարձակելով իր ծիրը, կ՚աշխատի հասնիլ համայնքի բոլոր կարիքաւոր շրջանակներուն: Իր գործունէութեան սկիզբի առաջին իսկ ժամերուն, 100 ծրարներու համար խնդրանք ստացած էր արդէն, յանձնառութիւն ստանձնելով նուազագոյն 1000 ծրարներ պատրաստել: Ծրագրի նախաձեռնող՝ Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Երուանդ Տեմիրճեանի հաստատումով՝ «Մենք աւելի քան երբեք հոգածու ենք մեր ընտանեկան մեծ շրջանակին նկատմամբ, այս աննախադէպ պայմաններուն տակ, որպէս հայեր եւ անճելըսաբնակներ, աւելի եւս սերտացած կապերով»։

ՀԲԸՄ-ի Լաթաքիոյ եւ Գամիշլիի մասնաճիւղերուն պարագային, հականեխիչ նիւթերու շեշտուած կարիքին ընդառաջելով, կամաւոր անդամներու խումբեր, ապահովեցին մեծ քանակութեամբ այդ նիւթերու բաշխումը: Վերջերս, ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանակային յանձնաժողովը ծրագիր մշակեց, յուլիս ամիսէն սկսեալ մինչեւ 2020-ի աւարտը, ապահովել կարիքաւոր ընտանիքներու եւ անհատներու ուտելիքի եւ դեղօրայքի ծախսերը, երկրի գլխաւոր քաղաքներէն ներս: Աւստրալիոյ Սիտնիի մասնաճիւղը նախաձեռնեց համայնքի կարիքաւորները ցանկագրելու աշխատանքին: Մոնթէվիտէոյի մասնաճիւղը, Ուրուկուայ, միացաւ տեղական կազմակերպութիւններու համախմբումին կողմէ կազմակերպուած սննդամթերքի բաշխումի աշխատանքին, կամաւորներու կողմէ պատրաստուած տնային ուտելիքներով, իր յատուկ դրոշմը տալով այդ գործունէութեան:

Միութեան կեդրոնական գրասենեակի գործադիր տնօրէն Անիթա Անսըրեանի վկայութեամբ, որ կապի մէջ է տարբեր մասնաճիւղերու շրջանակներուն հետ, «Հպարտութեամբ պէտք է նշել բոլորին կողմէ ցուցաբերուած բարձր եւ անսակարկ պատրաստակամութիւնը, որով անոնք կ՚աշխատին օգնել կացութեան բերումով տուժած անհատներու եւ ընտանիքներու: Անոնցմէ շատերուն համար, բաշխուած այս ծրարները իրապէս կենսական անհրաժեշտութիւն դարձած են»։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ծանօթ է, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ առողջապահութեան նախարարութիւնը, շարք մը օրինագիծեր վաւերացուցած են հայրենի քաղաքացիներու կեանքի ապահովութեան եւ կենցաղային տարբեր մարզերու կարելի բնականոնութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ: ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեան կը լուսաբանէ, թէ ինչպէս միութեան շրջանակները իրենց աջակցութիւնը կը բերեն հոն, ուր կառավարական միջոցառումները երբեմն բաւարար չեն:

«Մենք մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած ենք տարիքաւորներու եւ ընկերային այն խմբաւորումներուն վրայ, որոնք ըլլալով աղքատութեան սեմին, առաւելագոյնս ազդուած են համավարակի ժխտական հետեւանքներէն, ուտեստեղէնի եւ կենցաղային կարիքներու ծրարներու մեր բաշխումներուն մէջ նախապատուութիւն տալով անոնց»։ Առաջին ամսուան ընթացքին, գործակցութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հետ, Հայաստանի ՀԲԸՄ-ը ուտելիքի ծրարներ բաշխեց շուրջ 900 տարեցներու, որոնք սովորաբար կը յաճախէին Երեւանի, Էջմիածինի եւ Վանաձորի «տարեցներու ճաշասրահ»ները, որոնք հովանաւորուած են եկեղեցիին կողմէ: Ծրարները ընդհանրապէս մէկ ամսուան համար բաւարար ուտեստեղէն եւ առողջապահական անհրաժեշտ նիւթեր կը պարունակեն: Օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի այնքան ատեն, որքան համավարակի ժխտական հետեւանքները կը շարունակուին:

84 տարեկան Ազատուհի Սիմոնեան, որ 2010-էն ի վեր կանոնաւորապէս յաճախած է տարեցներու ճաշասրահ, համավարակի պատճառով այդ գործունէութեան ընդհատումէն ետք, կը վկայէ՝ «ՀԲԸՄ-ի շնորհիւ ապահով կը զգամ, որ հակառակ ստեղծուած կացութեան, ես պիտի շարունակեմ ստանալ ինծի համար կենսական աջակցութիւնը, որ այժմ կը հասնի մինչեւ իմ տանս սեմը»։

Այլ ոչ-նուազ վտանգուած խմբաւորում մը, ինչպէս աշխարհի տարածքին, նոյնպէս եւ Հայաստանի պարագային, առողջապահական մարզի աշխատողներն են, որոնք իրենց կեանքերը կը վտանգեն, օգնելու համար վարակուածներու, որոնք բուժման կարօտ են: ՀԲԸՄ փութացած էր աջակցութիւն ցուցաբերելու անոնց, 50 հազար տոլար գումարով իր մասնակցութիւնը բերելով Սփիւռքի գլխաւոր գործակատարի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ հանգանակուած աւելի քան կէս միլիոն ամերիկեան տոլարի գումարին, որ պիտի յատկացուէր վարակումի դէմ անհրաժեշտ պաշտպանութեան միջոցներու ապահովումին: Ըստ Վազգէն Եագուպեանի, ՀԲԸՄ-ի Երեւանի գրասենեակը դիմած էր Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան, յայտնելով իր պատրաստակամութիւնը, աջակցելու վստահելի մատակարարողներու ապահովումին եւ որակաւոր արտադրութիւններու ձեռքբերումին ուղղութեամբ:

ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

Այնքան ատեն որ հանրային առողջապահութեան այս տագնապը կը շարունակէ իր ազդեցութեան տակ պահել աշխարհը, ՀԲԸՄ յանձնառու է իր կարելիութիւնները ի գործ դնելու, համավարակի ժխտական հետեւանքները մեղմելու, անոր տարածումին դէմ պայքարելու եւ գործնական լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ, դիմագրաւելու համար յետագայ նոր եւ անխուսափելի մարտահրաւէրները:

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020