ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ՄԻՆՉԵՒ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԱՒԱՐՏԸ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան մինչեւ քորոնաժահրի համաճարակի աւարտը պիտի մնայ Երեւանի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնին մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի Վարչական դատարանը երէկ ընթացք տուաւ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբաններէն Արամ Օրբէլեանի հարցադրման, որպէսզի մինչեւ համավարակի աւարտը Ռոպերթ Քոչարեան շարունակէ մնալ հիւանդանոցի մէջ, ուր կը դարմանուի ներկայիս։ Դատական նիստը ընթացաւ դռնփակ, որովհետեւ դատարանին ներկայացուած էին բժշկական տեղեկութիւններ։

Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանը վերջերս մերժած էր Ռոպերթ Քոչարեանի առողջական պատճառներով ազատ արձակման պահանջը։ Դատաւոր Աննա Դանիբէկեանի արձակած վճիռը հանրային կարծիքի մօտ լայն վէճ յառաջացուցած էր։ Այս մթնոլորտի մէջ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները պահանջած էին այդ դատավճռի վերատեսութեան ենթարկուիլը։ Այժմ, Ռոպերթ Քոչարեան մինչեւ համաճարակի վերջանալը պիտի մնայ «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնին մէջ, ուր վերջերս վիրահատուած էր եւ դարմանումը կը շարունակուի բժշկական հսկողութեան ներքեւ։

Ինչպէս ծանօթ է, Ռոպերթ Քոչարեան կը դատուի 1 մարտ 2008 թուականին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն բերումով։ Ան երկար ժամանակէ ի վեր բանտարկուած էր։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020