ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԸ ՁԳՏԻ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին փափաք յայտնեց, որպէսզի Սուրիոյ մէջ յաւելեալ տարածքներ տրամադրուին իր երկրին համար։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Վլատիմիր Փութին հրահանգ տուած է՝ Սուրիայէ ներս ռուսական բանակին համար յաւելեալ կալուածներու եւ ջրային տարածքի ապահովման ուղղութեամբ։ Փութին Ռուսաստանի պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն հրահանգ տուաւ, որպէսզի այս նիւթին շուրջ բանակցութիւններ վարեն Սուրիոյ իրաւասուներուն հետ։ Նոր խարիսխներու ապահովման նպատակով Ռուսաստան կը նախատեսէ Սուրիոյ կառավարութեան հետ բանակցութիւններ վարել՝ 2015 թուականին երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութեան շրջանակին մէջ։ Այդ համաձայնութեան հիման վրայ ռուսական ռազմաօդանաւերն ու զինուորները Սուրիայի Հըմէյմիմ խարիսխին մէջ տեղակայուած են անժամանակ ձեւով։ Այդ ռազմախարիսխին առընթեր, ռուսական բանակը կ՚օգտագործէ նաեւ Սուրիոյ Թարթուսի նաւահանգիստը՝ իր ռազմածովային զօրքերուն համար։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020