ՆԱՍԱ-ԷՆ ՄԵԾ ՈՍՏՈՒՄ

Մարդկութեան տեսակէտէ իսկապէս պատմական իրադարձութիւն մը շաբաթավերջին համայն աշխարհի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջին անգամ անջրպետ ուղարկուեցաւ տիեզերանաւ մը, որու մէջ կը գտնուէր երկու տիեզերագնաց։ Ամերիկեան SpaceX ընկերութեան Crew Dragon տիեզերանաւը երկու հոգինոց անձնակազմով արձակուեցաւ Falcon 9 հրթիռի միջոցաւ։ Այս տիեզերանաւը յաջողութեամբ աւարտեց իր ուղեւորութիւնը եւ հասաւ Միջազգային տիեզերակայան։

ՆԱՍԱ-ի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս պատմական գործը։ Տիեզերանաւու անձնակազմի անդամներն են՝ տիեզերագնացներ Պոպ Պենքէն եւ Տակ Հերլին։ Երէկուան դրութեամբ տիեզերանաւը արդէն միակցուեցաւ Միջազգային տիեզերակայանին։

2011 թուականէն ի վեր ամերիկեան կողմը տիեզերագնացութեան նման աշխատանքները կասեցուցած էր։ Երկար ժամանակ վերջ կատարուած առաջին թռիչքն է այս մէկը, որով միջազգային տիեզերակայան գործուղղուեցան տիեզերագնացներ։ Սա նաեւ առաջին դէպքն է, երբ մասնաւոր ընկերութիւն մը տիեզերագնացներ կ՚ուղարկէ Միջազգային տիեզերակայան։

Կը հաղորդուի, որ այս առաջին քայլով կը հետապնդուին շարք մը կարեւոր նպատակներ։ Անոնցմէ առաջինն է թափ տալ հրթիռներու արտադրութեան՝ աւելի շատ մարդ ուղարկելու համար դէպի տիեզերք։ Այս նախաձեռնութեան կարեւոր նպատակներէն մին է նաեւ աւելի ազդու ձեւով թիրախաւորել Մարս մոլորակը եւ խտացնել անոր վերաբերեալ աշխատանքները՝ մանաւանդ մետաղներու որոնման տեսակէտէ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020